Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ Դեսպանները Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ Դեսպանները 

Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի Եւ Գերմանիոյ Դեսպանները Ռուսիա – Ուքրանիա ուղղակի բանակցութիւններու կոչ կ՛ուղղեն

Մոսկուայի մէջ Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ դեսպանները Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարին հետ հանդիպում մը ունենալով փոխանցած են լոնտոնեան վեհաժողովի եզրակացութիւնները, որոնք կը զօրակցին Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ ուղղակի բանակցութիւններ սկսելու Քիեւի կոչին։ Պատերազմի սկիզբէն ի վեր եւրոպացի դեսպաններուն եւ ռուսական իշխանութիւններուն միջեւ այսպիսի ուղղակի երկխօսութեան կայացումը հազուադէպ երեւոյթ կը նկատուի, քանի որ Մոսկուա սովորաբար զանոնք նախարարութիւն կը կանչէ միայն բողոքագիրներ յանձնելու հ

Ռուսիոյ մէջ Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ դեսպանները Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինի հետ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած իրենց հանդիպումէն եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի ներկայութեամբ Լոնտոնի մէջ գումարուած վեհաժողովէն օրեր ետք հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին, որ ռուսերուն փոխանցած են լոնտոնեան վեհաժողովի գլխաւոր եզրակացութիւնները, ներառեալ «Զելենսքիի` Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ ուղղակի բանակցութիւններ կատարելու փափաքի աջակցութիւնը»:

Բրիտանիա այս շաբթուան ընթացքին հիւրընկալած էր Գերմանիոյ վարչապետն ու Ուքրանիոյ եւ Ֆրանսայի նախագահները` իբրեւ աջակցութիւն ընթացող պատերազմին վերջ տալու համար Ռուսիոյ հետ ուղղակի բանակցութիւններ կատարելու Քիեւի կոչին:

Եւրոպացի դեսպաններուն եւ ռուսական իշխանութիւններուն միջեւ ուղղակի բանակցութիւններու կայացումը չորս տարի առաջ սկսած պատերազմէն ի վեր հազուադէպ երեւոյթ կը նկատուի, որովհետեւ Մոսկուա յաճախ զիրենք արտաքին գործոց նախարարութիւն կը կանչէ բողոքագիր յանձնելու` անոնց հետ երկխօսութիւն կատարելու փոխարէն:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

13/06/2026, 09:49