«Ազդակ»-ի խմբագրատան ընդունարանը կոչուեցաւ Մեթր Ժաք Չուխատարեանի «Ազդակ»-ի խմբագրատան ընդունարանը կոչուեցաւ Մեթր Ժաք Չուխատարեանի 

«Ազդակ»-ի խմբագրատան ընդունարանը կոչուեցաւ Մեթր Ժաք Չուխատարեանի

«Ազդակ»-ի խմբագրատան ընդունարանը անուանակոչուեցաւ լիբանանահայ պետական-հասարակական գործիչ մեթր Ժաք Չուխատարեանի անունով, որ եղած է կենսոլորտի հիմնադիր նախարար եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի երկարամեայ անդամ: Նաեւ, ան մեծապէս նուիրուած է Դաշնակցութեան ու անոր ուղեկից միութիւններու իրաւաբանական թղթածրարներու տնօրինման, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ հայ կաթողիկէ համայնքի աղքատախնամի աշխատանքներուն:

Ուրախ ենք յայտարարելու, որ «Ազդակ»-ի խմբագրատան ընդունարանը կոչուեցաւ մեթր Ժաք Չուխատարեանի անունով: Մեթր Չուխատարեան տարիներ շարունակ անդամակցած է Հայկական երեսփոխանական պլոքին, վարած է կենսոլորտի  նախարարի պաշտօնը (իր օրով ստեղծուած է կենսոլորտի նախարարութիւնը) եւ ստանձնած է Դաշնակցութեան եւ անոր ուղեկից միութիւններու կալուածներու իրաւաբանական եւ պետական թղթաբանութեան թղթածրարներու պատասխանատուութիւնը:

Մեթր Ժաք Չուխատարեան տարիներ շարունակ եղած է անդամ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ հայ կաթողիկէ համայնքի աղքատախնամի բաժինի նախագահ:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

12/06/2026, 08:20