Իրանի կողմէ «Ափաչի» ուղղաթիռի մը վար առնուելէն ետք. Միացեալ Նահանգներ-Իրան փոխադարձ յարձակումներ
Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը յայտարարեց, որ շրջանին մէջ ամերիկեան օդուժի եւ ծովուժի ռազմակայաններուն վրայ հրթիռներով ու անօդաչու թռչող սարքերով լայնածաւալ յարձակում գործած է` հակադարձելով գիշերուան ուշ ժամերուն հարաւային Իրանի տարբեր շրջաններուն վրայ ամերիկեան յարձակումներուն:
Պահակագունդը յայտնեց, որ թիրախաւորած է ամերիկեան ռազմակայաններ, որոնց շարքին` Պահրէյնի մէջ ամերիկեան ծովուժի 5-րդ նաւատորմիղի կեդրոնատեղին, Քուէյթի մէջ «Ալի Սալեմ» ռազմակայանը եւ Յորդանանի մէջ «Ազրաք» ռազմակայանը` զգուշացնելով, որ ամերիկեան յարձակումին շարունակութիւնը «աւելի խիստ» հակադարձութեան պիտի արժանանայ:
Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը աւելցուց, որ շրջանին մէջ ամերիկեան օդուժի եւ ծովուժի ռազմակայաններու մէջ 21 թիրախներ ոչնչացուցած է: Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութեան համաձայն, Յորդանանի մէջ ամերիկեան «Ազրաք» ռազմակայանին վրայ յարձակումին պատճառով քանդուած են 4 թիրախներ, ներառեալ «Էֆ-35» օդանաւերու պատսպարաններ:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը երէկ առտու «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին յայտնեց, որ Յորդանանի մէջ ամերիկեան ռազմակայանը իրանեան յարձակումին պատճառով որեւէ վնաս չէ կրած:
Պաշտօնատարը աւելցուց, որ մինչեւ հիմա Իրանի իր յայտարարած թիրախները հարուածել յաջողելուն վերաբերեալ ցուցանիշեր չկան, եւ ամերիկացի զինուորներ չեն վնասուած:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ զինեալ ուժերը հարուածած են շրջանին մէջ ռազմակայաններ, «որոնք Իրանի վրայ կատարուած յարձակումներուն աղբիւրներն էին»:
Հաղորդագրութիւնը շրջանի բոլոր երկիրներուն կոչ ուղղեց արգիլելու, որ իրենց հողերը ամերիկեան բանակին կողմէ Իրանի դէմ օգտագործուին` շեշտելով, որ Թեհրան պիտի չտատամսի ինքզինք պաշտպանել եւ թիրախաւորել իր վրայ որեւէ յարձակումի համար օգտագործուող ռազմակայաններն ու կառոյցները:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը «ամերիկեան վարչակարգը» ամբաստանեց «Հորմուզի նեղուցին մէջ «Ափաչի» ուղղաթիռի վար առնուելուն պատրուակով Իրանի հարաւին մէջ շրջաններու վրայ յարձակումներ գործելու» յանցանքով:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի նշեց. «Հակառակ պատերազմի դաշտին վրայ իր կրած պարտութիւններուն, Միացեալ Նահանգներ ընտրեցին մեր տոկունութեան ու կամքին տարողութիւնը փորձել»:
«Մեր հզօր զինեալ ուժերը որեւէ յարձակում կամ սպառնալիք անպատասխան պիտի չձգեն», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Եթէ ապահովութիւն կ՛ուզէք, մեր շրջանէն հեռացէք»:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներ ուշ գիշերին նախագահ Տանըլտ Թրամփի ցուցմունքով «ինքնապաշտպանութեան համար» շարք մը հարուածներ հասցուցին իրանեան թիրախներու ուղղութեամբ:
Ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնը յայտնեց, որ այս յարձակումները հակադարձութիւն են ամերիկեան բանակին պատկանող «Ափաչի» ուղղաթիռի մը վար առնուելուն` աւելցնելով, որ «այս առաքելութիւնը պատշաճ պատասխան մըն է անարդարանալի իրանեան յարձակումի մը»:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Աքսիոս» կայքին յայտնեց, որ Իրանի վրայ յարձակումը երեք ալիքներով տեղի ունեցած է: Իրանի հարաւին մէջ պայթումի ձայներ լսուած են Պանտար Ապպասի, Քաշամի, Սիրիքի եւ Ժասեքի մէջ:
Ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնը աւելի ուշ յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներ աւարտած են «Ափաչի»-ի վրայ իրանեան յարձակումին իբրեւ պատասխան իրենց յարձակումները, որոնք թիրախաւորած են օդային պաշտպանութեան իրանեան համակարգեր, գետնի վրայ հեռակառավարման կեդրոններ եւ Հորմուզի նեղուցին մէջ ռատարներու վայրեր:
Նախքան այդ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Էյ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ «ներկայիս Իրանին կը հակադարձեն»` շեշտելով ամերիկեան հակադարձութեան կարեւորութիւնը»:
«Ուժեղ հակադարձութեան կը հաւատամ, գործելաոճս այս է», ըսաւ ան:
Սպիտակ տան ղեկավարը նշեց, որ իր երկիրը «Իրանի հետ շատ լաւ համաձայնութիւն» մը ունի, եւ իր կարծիքով` «համաձայնութիւնը կանգուն պիտի մնայ»:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեց, որ Իրանի ուղղութեամբ երէկուան հարուածները բանակցութիւնները պիտի չխոչընդոտեն»:
«Սի.Էն.Էն.» հաղորդեց, որ Թրամփ մարտին բանակցութիւններուն սկսելէն ի վեր 37 անգամ նշած է, որ Իրանի հետ համաձայնութեան կնքումը մօտալուտ է:
Վանս. «Միացեալ Նահանգներու Եւ Իրանի Միջեւ Գործարքի Համաձայնեցումը Կրնայ Ամիսներ Տեւել»
Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ հաւանական գործարքի համաձայնեցումը կրնայ ամիսներ տեւել, սակայն չի բացառուիր, որ կողմերը նաեւ մէկ շաբթուան ընթացքին համաձայնին: Այս մասին «Սի.Պի.Էս. Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի.Վանս:
«Կը կարծեմ, որ գործարքը կրնայ կնքուիլ մէկ շաբթուան ընթացքին, սակայն անիկա կրնայ նաեւ քանի մը ամիս ետք կնքուիլ», յայտարարած է ան` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք կողմերը կրնա՞ն համաձայնութիւններու հասնիլ մինչեւ 3 նոյեմբերին Միացեալ Նահանգներու մէջ նախատեսուած Քոնկրեսի միջանկեալ ընտրութիւնները:
«Կը կարծեմ, որ մենք այնպիսի դիրքի վրայ ենք, ուր կրնանք կնքել գործարք մը, որ շահաւէտ պիտի ըլլայ Ուաշինկթընի համար տնտեսական տեսանկիւնէն եւ որ իսկապէս պիտի անդրադառնայ իրանեան հիւլէական ծրագիրի հարցին», նշած է ան` աւելցնելով, որ Ուաշինկթըն յոյս ունի Թեհրանի հետ երկարաժամկէտ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերել:
«Կը կարծեմ, որ մենք մօտ ենք այդ նպատակին հասնելուն, սակայն մենք տակաւին պէտք է աշխատինք, եւ մենք պիտի շարունակենք ատիկա ընել», աւելցուցած է Վանս:
Թրամփ. «Իրանի Մէջ Ուժանիւթի Կայարաններու Եւ Կամուրջներու Վրայ Նոր Յարձակումներու Հրաման Տալու Եզրին Եմ»
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Ֆոքս Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Թեհրանը համաձայնութեան կնքման մէջ շատ կ՛ուշանայ»:
«Իրան շատ ժամանակ առաւ բանակցելու համաձայնութեան մը վրայ, որ իրեն համար հոյակապ պիտի ըլլայ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Այժմ պիտի ստիպուի գինը վճարել»:
«Իրանի մէջ ուժանիւթի կայաններու եւ կամուրջներու վրայ նոր յարձակումներու հրաման տալու եզրին եմ», աւելցուց Թրամփ:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.