Արամ Ա. Կաթողիկոսը ընդունեց Երուսաղէմի Ղպտի առաջնորդը Արամ Ա. Կաթողիկոսը ընդունեց Երուսաղէմի Ղպտի առաջնորդը 

Արամ Ա. Կաթողիկոսը ընդունեց Երուսաղէմի Ղպտի առաջնորդը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունած է Երուսաղէմի ղպտի առաջնորդ Անթոնիոս Արքեպիսկոպոսը, որ Նորին Սրբութեան փոխանցած է Թաուատրոս Բ. Պատրիարքին ողջոյնները եւ ներկայացուցած Սուրբ Երկրի եկեղեցիներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները։ Հանդիպման ընթացքին Հայրապետը շեշտած է հայ եւ ղպտի քոյր եկեղեցիներու պատմական մտերիմ կապերը՝ յայտնելով իր ամբողջական զօրակցութիւնն ու գնահատանքը անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ գործակցութեան համար։

Երեքշաբթի, 16 Յունիս 2026-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Երուսաղէմի ղպտի առաջնորդ Անթոնիոս Արքեպիսկոպոսը՝ ընկերակցութեամբ ղպտի համայնքի հոգեւորականներու։

Արքեպիսկոպոսը Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց Ղպտի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ՝ Թաուատրոս Բ. Պատրիարքին եղբայրական ողջոյնները։ Ապա, ան Նորին Սրբութիւնը տեղեակ պահեց Երուսաղէմի եկեղեցիներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ ներկայ մտահոգութիւններուն մասին։

Հայրապետը ողջունելով արքեպիսկոպոսին այցելութիւնը՝ շեշտեց Հայ եկեղեցւոյ եւ Ղպտի եկեղեցւոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող մտերիմ յարաբերութիւնը՝ իբրեւ դաւանակից եկեղեցիներ։ Ան իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց Երուսաղէմի եկեղեցիներուն, միաժամանակ իր գնահատանքը արտայայտելով Հայ Պատրիարքութեան եւ Ղպտի եկեղեցւոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ գործակցութեան համար։

Յայտնենք, որ հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատու Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան պատասխանատու Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

16/06/2026, 10:57