Արամ Ա. Կաթողիկոս «Կիլիկեան Իշխան» շքանշանով պարգեւատրեց Կիպրոսի նախագահը
Չորեքշաբթի, 24 յունիս 2026-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Նիկոսիոյ նախագահական պալատին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան իշխան» շքանշանով պարգեւատրեց Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Խրիստոտուլիտիսը:
Պարգեւատրման հանդիսութեան Լիբանանէն ներկայ էին մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, կաթողիկոսութեան Կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի համաատենապետներ Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւ Գրիգոր Մահսերեճեան, կաթողիկոսարանի դիւանապետ Տաճատ եպս. Աշըգեան եւ գաւազանակիր Սարգիս վրդ. Աբրահամեան. իսկ Կիպրոսէն` թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Կոմիտաս արք. Օհանեան, կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Գազանճեան, Երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Վահան Այնէճեան, Լիմասոլի եւ Փաֆոսի հոգեւոր հովիւ Յովհաննէս ծ. վրդ. Սաղտըճեան եւ Նիկոսիոյ հոգեւոր հովիւ Մոմիկ ա. քհնյ. Հապէշեան:
Վեհափառ հայրապետը խօսք առնելով ըսաւ, որ պատերազմներով ու առճակատումներով լեցուն ներկայ աշխարհին մէջ ընդհանրապէս եւ Միջին Արեւելքի մէջ մասնաւորաբար, Կիպրոսի մօտեցումը միշտ եղած է հաւասարակշռուած եւ հակառակ կողմերու միջեւ կամուրջ հաստատող դերակատարութիւն: Այս ծիրին մէջ, վեհափառ հայրապետը յիշեց Իսրայէլի, Լիբանանի եւ Իրանի միջեւ տեղի ունեցող բախումներուն գծով Կիպրոսի ցուցաբերած խաղաղարար մօտեցումը: Վեհափառ հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ երկար դարերէ ի վեր հայ եւ կիպրացի ժողովուրդներուն ու եկեղեցիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող գործակցութեան` հիմնուած հասարակաց արժէքներու եւ արդարութեան ու մարդկային իրաւանց գծով յանձառու պայքարին վրայ: Վեհափառ հայրապետը յատուկ կերպով յիշեց Կիպրոսի հայ համայնքին նկատմամբ նախագահին, կառավարութեան եւ ընդհանրապէս կիպրացի ժողովուրդին եղբայրական ու օգտաշատ մօտեցումը: Իր խօսքի աւարտին, Արամ Ա. կաթողիկոս, իբրեւ սիրոյ ու գնահատանքի արտայայտութիւն, նախագահը պարգեւատրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան իշխան» շքանշանով:
Նախագահ Խրիստոտուլիտիս խօսք առնելով իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց վեհափառ հայրապետին` իրեն շնորհած այս մեծ պատիւին համար: Ան ըսաւ, թէ նոյնիսկ իր երիտասարդական տարիներէն սկսեալ, պետութեան մէջ ստանձնած զանազան պաշտօններու ճամբով, յատուկ սէր ու հոգածութիւն ցուցաբերած է Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին նկատմամբ: Նախագահը յիշեց պատմական յարաբերութիւնը Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան եւ Կիպրոսի միջեւ: Ան նաեւ անդրադարձաւ Լիբանանի նկատմամբ իր ունեցած յատուկ սիրոյն եւ իր կողմէ կատարուող աշխատանքներուն` Լիբանանի եւ տարածաշրջանին մէջ կատարուած, փոխադարձ հասկացողութիւն ու խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ:
Հանդիսութենէն անմիջապէս ետք, Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահը ի պատիւ վեհափառ հայրապետին ճաշկերոյթ սարքեց նախագահական պալատին մէջ: Ներկայ էին վեհափառ հայրապետին ընկերացող պատուիրակութեան անդամները, Կիպրոսի հայ համայնքի ներկայացուցիչները, Լիբանանի ու Հայաստանի դեսպանները, ինչպէս նաեւ կիպրական պետութեան ներկայացուցիչները:
Ճաշկերոյթի ընթացքին աւելի մտերմիկ զրոյց ծաւալեցաւ նախագահին հետ` Միջին Արեւելքի, Լիբանանի ու Հայաստանի առնչուած հարցերու շուրջ:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.