Ուխտաւորներու սաղմոսներուն պատգամը այսօր Ուխտաւորներու սաղմոսներուն պատգամը այսօր 

Ուխտաւորներու սաղմոսներուն պատգամը այսօր

«Ուխտաւորներու երգ»-ը (120-134 սաղմոսները) մեր երկրաւոր կեանքի ընթացքին դէպի Աստուած տանող սրբազան ճամբորդութեան հոգեւոր ուղեցոյցն է: Անիկա մեզ կը հրաւիրէ անձնական թէ հաւաքական փորձութիւններու, մեղքերու եւ տագնապներու մէջէն անսասան վստահութեամբ ապաւինելու Աստուծոյ նախախնամութեան՝ ընտանեկան օրհնութեան, եղբայրական սիրոյ եւ աստուածաշնորհ խաղաղութեան հասնելու համար:

Հին ուխտի ժողովուրդը երբ Երուսաղէմ ուխտի երթար, 120-134 սաղմոսները կ՛երգէր ճանապարհորդութեան ընթացքին:

Այս տասնհինգ սաղմոսները «Ուխտաւորներու երգ» կը կոչուին: Սաղմոս 121-ը նաեւ որպէս «Ճամբորդներու սաղմոս» կը բնորոշուի:

«Սաղմոսներ»-ը Հին կտակարանի գիրքերէն մին է եւ հինգ ենթագիրքերու կը բաժնուի. Ա. Սղ. 1-41, Բ. Սղ. 42-72, Գ. Սղ. 73-89), Դ. Սղ. 90-106 եւ Ե. Սղ. 107-150: «Սաղմոսներ»-ը գրուած է ՆՔ 1500-ականներէն ՆՔ 5-րդ դարու ժամանակաշրջանին, եւ որպէս մէկ հատոր խմբագրուած` ՆՔ 5րդ-2րդ դարերու ընթացքին:

«Սաղմոսներ»-ը ունի հետեւեալ կառոյցը. Ա. գիրք. Տատանում: Վստահութիւն/անվստահութիւն Աստուծոյ հանդէպ: Բ. գիրք. Հաղորդակցութիւն: Հակառակ վստահութեան/անվստահութեան միջեւ տատանումի շարունակութեան` կամուրջ մը կը հաստատուի Աստուծոյ եւ իր ժողովուրդին միջեւ: Գ. գիրք. Քանդում: Երուսաղէմի գրաւումը Աստուծոյ հանդէպ վստահութիւնը կը խախտէ: Դ. գիրք. Հասունացում: Ժողովուրդի կեանքին մէջ Աստուծոյ ներգործութեան գիտակցութիւն: Ե. գիրք. Եզրափակում: Ամբողջական վստահութիւն եւ հնազանդութիւն Աստուծոյ:

«Ուխտաւորներու երգ»-ը այսօր մեզի ի՞նչ կը պատգամէ:

Նախ տեսնենք, թէ ի՞նչ է ուխտագնացութիւնը: Քրիստոնէութիւնը կ՛ուսուցանէ, որ ուխտագնացութիւնը սուրբ վայր մը երթալու սրբազան ճամբորդութիւն է, որուն նպատակն է` մեր հաւատքը խորացնել, հոգեւոր վերանորոգութիւն ապրիլ եւ բարեպաշտութիւնը ցոլացնել: Ան ֆիզիքական արտաքին երթ է` մեզ ներքնապէս Աստուած գտնելու եւ Քրիստոսի ու սուրբերուն քայլերով ընթանալու հրաւիրող: Աւելի՛ն. ուխտագնացութիւնը նոյնինքն քրիստոնէական կեանքի վախճանական նպատակը բարացուցող այն արարքն է, որ կը հաստատէ, թէ մեր բովանդակ կեանքը առ Աստուած ճամբորդութիւն է:

Պատկերացուցէք, թէ երկրաւոր կեանքին մէջ երկնաւոր ու յաւիտենական կեանք գացող ուխտաւորներ ենք եւ մեր ճամբուն ընթացքին գեղեցիկ ու տգեղ անակնկալներու պիտի հանդիպինք: Ասոնք փորձարկելու համար ընտրած եմ ներքոյ բանալի համարները եւ անոնց շուրջ` ամփոփ խորհրդածութիւն մը հիւսած.

Սղ. 120, Աղօթք` նենգաւոր լեզուներու դէմ: Կը բացուի «Նեղութեանս մէջ ՏԻՐՈՋ աղաղակեցի, եւ պատասխան տուաւ ինծի: Տէ՜ր, ազատէ՛ զիս ստախօս մարդոցմէ, նենգաւոր լեզուներէն» (Սղ. 120.1-2) խնդրանքով, որովհետեւ ժամանակին ամեն մարդ ճամբորդելու միջոց չունէր, եւ անոնք, որոնք չէին կրնար ճամբորդել, ճամբորդողներուն կը նախանձէին ու յաճախ կը չարախօսէին անոնց հասցէին:

Մայրս պատմած է, որ երբ կեսուրներ ու հարսեր քալելով Պուրճ Համուտի հոգեւոր կեդրոնը աղօթքի կ՛երթային եւ ապա տուն կը վերադառնային, կեսուրներ հարսերուն մասին կը բամբասէին ու հարսեր` կեսուրներուն: Սրբակենցաղ մեծ մայրս երկու խումբերը կը խրատէր` ըսելով. «Սիրելի՛ քոյրիկներ, դեռ հիմա աղօթքէն ելանք. մեզի չի՛ վայելեր այս վարմունքը: Պարապ տեղ իրար պիտի նեղացնենք: Եկէ՛ք, մեր լսած քարոզին մասին խօսելով տուն երթանք»:

«Երկար ատեն բնակեցայ խաղաղութիւն ատող մարդոց մէջ: Խաղաղասէր մարդ եմ ես. բայց մինչ ես խաղաղութիւն կը խօսիմ, անոնք կռիւ ընելու պատրաստ են» (Սղ. 120.6-7): Ուխտաւորը ներող պէտք է ըլլայ. նոյնիսկ եթէ իր շուրջը գտնուող նենգաւոր եւ ատող մարդիկ կռիւ փնտռեն, ի՛նք խաղաղասէր ու խաղաղագործ պէտք է ըլլայ: Ա՛յս կը խնդրէ ան, երբ ուխտը կատարելու համար իր տունէն ճամբայ կ՛ելլէ: Քրիստոս գովեց խաղաղասէրները եւ խոստացաւ ի՛ր խաղաղութիւնը տալ մեզի: Ուրեմն մենք Քրիստոսի խաղաղութիւնը տարածող ուխտաւորներ պարտինք դառնալ:

Սղ. 121, Աստուած մեր պահապանը: «ՏԷՐԸ քու պահապանդ է, քու հովանի պաշտպա՛նդ է, կողքիդ կանգնած» (Սղ. 121.5) համարը կը հրաւիրէ ուխտաւորը ո՛չ թէ իր արիութեան, այլ տիեզերքի Արարիչին պաշտպանութեան ապաւինելու: «Իր ժողովուրդին պահապանն է Ան» (Սղ. 121.4) համարին երկրորդ մասը ամբողջ սաղմոսը կ՛ագուցէ անհատէն հաւաքականութեան, ուխտաւորէն ուխտաւորներուն` Աստուծոյ ժողովուրդին:

Հայ եկեղեցիի երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին դպիրներ այս սաղմոսը եւս կը կարդան: Առաւել` Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետ (1102-1173) «Պահապան ամենայն»-ի աղօթքը գրած ատեն այս սաղմոսէն ներշնչուած կը թուի ըլլալ:

Սղ. 122, Գովք Երուսաղէմի: «Ուրախացայ, երբ ինծի ըսին. «ՏԻՐՈՋ տունը երթանք»» (Սղ. 122.1) համարը միշտ պէտք է յիշեցնէ մեզի, թէ Հայ եկեղեցին` Աստուծոյ տունը, նաեւ հայ ազգին տունն է: Յիսուսի նման նախանձախնդիր պէտք է ըլլանք մեր հաւաքական տան սրբութեան: Տօնական առիթներով կամ հոգեհանգիստի համար պարտականութիւն մը կատարելու եւ կամ գանգատելու (պատարագը երկար է, գրաբարէն բան չեմ հասկնար եւ այլն) համար պէտք չէ եկեղեցի գանք. այլ` հոգեկան յորդուն բաւարարութեամբ եւ ուրախութեամբ, որովհետեւ «ՏԻՐՈՋ անունը գոհութեամբ փառաբանելու» (Սղ. 122.4) հրաւիրուած ենք:

Սղ. 123, Ողորմէ՛ մեզի, Տէ՜ր: «Ողորմէ՛ մեզի, Տէ՜ր, ողորմէ՛ մեզի. շա՜տ եղաւ մեր կրած արհամարհանքը» (123.3): Աստուածային ողորմութիւնը արհամարհանքը փառքի կը բարեփոխէ, երբ մաքուր սրտով եւ հաստատ հաւատքով դիմենք Իրեն:

Սղ. 124, Աստուած` պաշտպանը իր ժողովուրդին: «Մեր օգնութիւնը կու գայ նոյնինքն ՏԻՐՈՋՄԷ, որ արարիչն է երկինքին ու երկիրին» (Սղ. 124.8): Մարդիկ այսօր կրնան մեզ պաշտպանել, իսկ վաղը հալածել. մինչ Աստուած միակ ամուր, ապահով եւ անսասան երդիքն է, որուն հովանիին ներքեւ պէտք է միշտ պատսպարուինք:

Սղ. 125, Աստուած կը պաշտպանէ իրենները: «Ինչպէս Երուսաղէմ շրջապատուած է լեռներով, այնպէս ՏԷՐԸ պարիսպի պէս իր ժողովուրդը կը շրջապատէ այժմէն մինչեւ յաւիտեան» (Սղ. 125.2): Քրիստոս աշխարհ եկաւ բոլոր մարդիկը իրենները դարձնելու` բոլորին երկինքի արքայութեան ձրի պարգեւը շնորհելով: Մենք ինչպէ՞ս կ՛ընդունինք աստուածային այս եզակի ընծան, ինչո՞վ պարսպած ենք մեր կեանքը մեղքին դէմ:

Սղ. 126, Ազատագրութեան աղօթք: «Թող արցունքով ցանողները ցնծութեամբ հնձեն» (Սղ. 126.5): Այս սաղմոսը Աստուծոյ ժողովուրդին նախ կը վերյիշեցնէ իր գերութեան դառն օրերը, որուն ահաւասիկ կը յաջորդէ ցանելու եւ հնձելու յորդուն երջանկութիւնը, որովհետեւ` «Լալով մեկնողները, որոնք սերմերը տարին իրենց հետ, ցնծութեամբ պիտի վերադառնան` ցորենի խուրձերով ծանրաբեռնուած» (Սղ. 126.6): Հոս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան եւ անոր յաջորդած հայութեան հաւաքական փորձառութեան արձագանգը չե՞նք գտներ…

Սղ. 127, Աստուծոյ նախախնամութեան վստահէ: «Եթէ ՏԷՐԸ ինք չշինէ տունը, զուր տեղ կը յոգնին զայն շինողները. եթէ ՏԷՐԸ ինք չպահպանէ քաղաքը, զուր տեղ կը հսկեն պահապանները» (Սղ. 127.1): Այս համարը ընտանեկան քաղցրութեան հրամայականը կ՛ընդգծէ, երբ «ՏԷՐԸ իբրեւ ժառանգութիւն` որդիներ կու տայ, իբրեւ վարձատրութիւն` զաւակներ կը պարգեւէ» (Սղ. 127.3): Եւ երբ առողջ է ընտանիքը,  արթուն պահապաններով հսկուած` քաղաքը, երկիրը եւ բոլոր ցամաքամասերը ապահով ու բարգաւաճ կ՛ըլլան:

Սղ. 128, Աստուածավախ մարդոց վարձատրութիւնը: «Երանի՜ աստուածավախ մարդոց, անոնց, որոնք ՏԻՐՈՋ կամքին համաձայն կ՛ապրին: Եթէ դուն այսպէս ապրիս, աշխատանքիդ արդիւնքը պիտի վայելես, երջանիկ պիտի ըլլաս եւ բարի օրեր տեսնես: Կինդ պտղալից որթատունկ մը պիտի ըլլայ տանդ մէջ, զաւակներդ` ձիթենիի նոր տունկերու պէս, սեղանիդ շուրջ» (Սղ. 128.1-3): Գրեթէ ամբողջ սաղմոսը մէջբերեցինք` որպէս շարունակութիւն նախկին սաղմոսին մէջ գովերգուած ընտանիքի եւ քաղաքի առնչութեան: Աշխատանքով լեցուած կեանքը ուրախութեան եւ օրհնութեան աղբիւր է, եւ այս թոռներով առաւել կը ծաղկի, երբ «ՏԷՐԸ Սիոնէն օրհնէ քեզ. Երուսաղէմին բարօրութիւնը տեսնես կեանքիդ բոլոր օրերուն, եւ տեսնես քու զաւակներուդ զաւակները: Խաղաղութի՜ւն Աստուծոյ ժողովուրդին» (Սղ. 128.5-6):

Սղ. 129, Սիոնի թշնամիներուն վախճանը: «ՏԷՐԸ արդար է. ամբարիշտներուն լուծը խորտակեց» (Սղ. 129.4): Այս սաղմոսը կը յիշեցնէ, թէ մեր կեանքը միշտ վարդագոյն չէ. թշնամիներ յաճախ կրնան մեզ շրջապատել, սակայն Աստուած մեր հայրն ու պաշտպանն է, եւ երբ մեր վահան-խնդրանքին ապաւինինք, անոնք չեն կրնար վնաս հասցնել մեզի, ու Աստուած կը վանէ զանոնք. «Թող Սիոնը ատողները ամօթով մնան ու հեռանա՛ն» (Սղ. 129.8): Չմոռնանք. Քրիստոսով մենք ենք նո՛ր Սիոնը, նո՛ր Երուսաղէմը, նո՛ր ժողովուրդը` Եկեղեցին:

Սղ. 130, Մեղաւորի մը օգնութեան կանչը: «Մեղքերուս խորը ընկղմած` Քե՛զ օգնութեան կը կանչեմ, Տէ՜ր. ո՜վ ՏԷՐ, լսէ՛ իմ ձայնս, պաղատանքի կանչիս դիմաց ականջներդ թող բա՛ց ըլլան» (Սղ. 130.1-2): Հայ եկեղեցիի ապաշխարութեան շարականներուն մէջ յաճախակիօրէն կը կրկնուի այս թեման: Ի վերջոյ, ան կը կապուի մարդոց մեղքերէ ազատագրութեան իրաւութեան, փրկութեան իրագործումին, երբ սաղմոսը կը յորդորէ մեզ. «Յոյսդ ՏԻՐՈՋ վրա՛յ դիր, ո՜վ ժողովուրդ Աստուծոյ, որովհետեւ ՏԷՐԸ սէր է եւ փրկելու հազարումէկ կերպ ունի» (Սղ. 130.7):

Սղ. 131, Ներքին խաղաղութեան գաղտնիքը: «Յոյսդ ՏԻՐՈՋ վրա՛յ դիր, ո՜վ ժողովուրդ Աստուծոյ, այժմէն մինչեւ յաւիտեան» (Սղ. 131.3): Սաղմոս 130.7-ը կը զուգորդուի Աստուծոյ յաւիտենականութեան, երբ «մօրը գիրկը հանգչող մանուկի մը պէս» (Սղ. 131.2) կը յուսանք Տիրոջ խաղաղութեան այցին մեր կեանքին մէջ: Սաղմոս 131.3-ը 120-134 սաղմոսներուն եւ այս խորհրդածութեան սիրտն է այս երկրէն մինչեւ երկինքի անսահմանութիւնը:

Սղ. 132, Ներբող` ՏԻՐՈՋ տաճարին: Դաւիթն ու Յակոբը կը վկայակոչենք եւ Աստուծոյ հրաւէր կ՛ուղղենք` ըսելով. «Ե՛լ, ո՜վ ՏԷՐ, քու հանգստարանդ եկուր, եւ թող քեզի հետ գայ Ուխտիդ տապանակը, զօրութեանդ նշանակը» (Սղ. 132.8), եւ` «Քահանաներդ թող արդարութիւն հագնին, եւ հաւատարիմներդ ցնծութեան երգ թող երգեն» (Սղ. 132.9), որովհետեւ նիւթական տաճարէն անդին` մեր անձերը Աստուծոյ կ՛ընծայենք որպէս կենդանի տաճար եւ եկեղեցի՛ կ՛ըլլանք: Հոս նաեւ կը ճշմարտուի այն իրողութիւնը, որ Հայ եկեղեցիի իրաւ ժողովրդավարութիւնը շօշափելի իրականութիւն կը դառնայ միայն այն ատեն, երբ հոգեւոր դաս եւ բարեպաշտ ժողովուրդ հաւատքո՛վ կը ծառայեն Աստուծմէ իրենց վստահած բանաւոր հօտին: Երբ այսպէս ապրինք, Աստուած մեզ Թագաւոր Քրիստոսի սերնդակից պիտի դարձնէ, որովհետեւ ան կը խոստանայ. «Այստեղ Դաւիթէն զօրաւոր թագաւոր մը պիտի հանեմ, սերունդ մը պիտի տամ իմ Օծեալիս» (Սղ. 132.17):

Սղ. 133, Փառաբանութիւն` եղբայրական սիրոյ: «Ի՜նչ գեղեցիկ է եւ ի՜նչ հաճելի, երբ եղբայրներ միասին կ՛ըլլան» (Սղ. 133.1): Ուխտի ճամբուն վրայ եւ ուխտագնացութեան վերջընթեր հանգրուանին ո՛չ միայն Աստուծոյ ժողովուրդը կ՛ըլլանք, այլ նաեւ` իրարու եղբայրներ եւ քոյրեր. առաւել, անանց կեանքի նախաճաշակը կը վայելենք. «Հոն` Սիոնի մէջ է, որ ՏԷՐԸ կը պարգեւէ իր օրհնութիւնը, որ յաւիտենական կեանք է» (Սղ. 133. 3):

Սղ. 134, Աստուած օրհնաբանելու կոչ: «ՏԷՐԸ Ինք, որ արարիչն է երկինքին ու երկիրին, թող ձեզ օրհնէ՜ Սիոնէն»  (Սղ. 134.3) համարը կը կրկներգէ` «Մեր օգնութիւնը կու գայ նոյնինքն ՏԻՐՈՋՄԷ, որ արարիչն է երկինքին ու երկիրին» (Սղ. 124.8) համարը կը պսակէ ու կ՛աւարտէ Աստուծոյ ժողովուրդին ուխտագնացութիւնը (Սղ. 124.8):

«Ուխտաւորներու երգ»-ը յաճախ խաղաղութեան խնդրանք կը ներկայացնէ Աստուծոյ: Այս օրերուն մանաւանդ, երբ անգամ մը եւս «տուր աշխարհիս խաղաղութիւն»-ը գոյութենական նշանակութիւն կը զգենու Լիբանանի ու Միջին Արեւելքի ողջ տարածքին, խորապէս կը գիտակցինք, որ առանց աստուածաշնորհ խաղաղութեան` պատերազմները չեն լռեր, եւ մարդը մարդուն մէջ Աստուծոյ պատկերն ու նմանութիւնը չի՛ տեսներ:

Խորհրդածութիւնս սկսայ սաղմոսներ երգելու ակնարկութեամբ եւ, որպէս եզրակացութիւն, կ՛աւարտեմ միջեկեղեցական հոգեւոր երգի մը անգլերէնէ հայերէն խտացեալ ազատ թարգմանութեամբ.

«Տէրը օրհնենք, Տէրը պաշտենք: Արեւածագին Տիրոջ պարգեւած նոր օրը դիմաւորենք: Տիրոջ նոր երգ երգենք:

«Երբ գիշեր ըլլայ, մեր ապրած ամբողջ օրուան համար փառք տանք Տիրոջ եւ յաջորդ օրուան տնօրինութիւնը Տիրոջ յանձնենք:

Քնանալէ առաջ Տիրոջ նոր երգ երգենք:

«Տէ՜ր, սէրդ առատ է եւ բարկութիւնդ` սակաւ: Անունդ գովելի է եւ սիրտդ բարի: Բոլոր բարիքներուդ համար ամէն օր նոր երգ պիտի երգենք: Մեր սիրտերը հազարումէկ պատճառ ունին Քեզ գտնելու եւ Քեզի նոր երգ երգելու:

«Երբ մեր կեանքերուն աւարտին մեր ուժերը սպառին, եւ աշխարհէն մեր մեկնելու ժամանակը գայ, դարձեալ հոգիով նոր երգ պիտի երգենք Քեզ յաւիտեան փառաւորելու համար»:

Բոլորիս ուխտը կատար:

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

09/06/2026, 10:05