Որոնել

ԵՈՒՆԻՍԵՖ, մանուկներ ԵՈՒՆԻՍԵՖ, մանուկներ  (ANSA)

ԵՈՒՆԻՍԵՖ. 42.8 միլիոն մանուկներ կը տառապին թերսնուցումէ

Վերջին 30 տարիներուն ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի կողմէ բաշխուած պատրաստի բուժական սնունդը (RUTF) յեղափոխած է մանկական մահացութեան դէմ պայքարը՝ ապահովելով ծայրայեղ թերսնուցումէ տառապող մանուկներու 90% ապաքինումը։ Այսուհանդերձ, հակամարտութիւններու եւ կլիմայական ճգնաժամերու պատճառով աւելի քան 42 միլիոն երեխայ տակաւին կը մնայ թերսնուած՝ պահանջելով միջազգային աջակցութեան եւ տեղական արտադրութեան անյապաղ ընդլայնում։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Աւելի քան երեք տասնամեակէ ի վեր, գետանշուշի հիմքով պատրաստուած փոքրիկ ծրար մը կը հանդիսանայ աշխարհի ամենազօրաւոր զէնքերէն մէկը՝ ընդդէմ սուր թերսնուցման: Սակայն, հակառակ արձանագրուած յաջողութիւններուն, այսօր աշխարհի տարածքին 42.8 միլիոն մանուկներ կը տառապին թերսնուցումէ, որոնցմէ 12.2 միլիոնը կը գտնուի ծայրայեղ վտանգաւոր վիճակի մէջ:

1996 թուականին առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուած բուժական սնունդը» (RUTF - Ready-to-Use Therapeutic Food) հիմնովին փոխեց մանկական մահացութեան դէմ պայքարի ձեւը: Այս խտացուած մածուկը թոյլ տուաւ, որ առանց բժշկական բարդութիւններու երեխաները բուժուին իրենց տուներուն մէջ՝ զերծ մնալով հիւանդանոցային վարակներէն եւ նուազեցնելով ընտանիքներու ծախսերը:

«Այս փոքրիկ, բայց հզօր ծրարը արմատապէս փոխեց մեր մօտեցումը», յայտնեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի գործադիր տնօրէն Քեթրին Ռասելը: «Տեսած եմ, թէ ինչպէ՛ս երեխաները կը վերագտնեն իրենց կեանքը այս սնունդին շնորհիւ: Առատութեան այս դարուն, ոչ մէկ մանուկ պէտք է մեռնի անօթութենէ»:

Թիւեր եւ փաստեր. 30 տարուան հաշուեկշիռը
Բուժման տեւողութիւնը. Շուրջ 150 ծրարը բաւարար է 6-8 շաբթուան ընթացքին երեխան ամբողջական ապաքինման հասցնելու համար:

Արդիւնաւէտութիւն. Այս սնունդը ունի 90% յաջողութեան համեմատութիւն՝ փրկելով նոյնիսկ ամենածանր վիճակի մէջ գտնուողները:

Համաշխարհային բաշխում. 2003-էն 2025 թուականներուն, ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ը բաշխած է 8.7 միլիարդ ծրար: 2023-ին արձանագրուեցաւ մրցանիշային թիւ՝ 1.1 միլիարդ ծրար:

Առաջնահերթութիւն. Եթովպիան կը հանդիսանայ ամենաշատ օգնութիւն ստացող երկիրը, ուր տարեկան 500,000 մանուկ կը ստանայ այս բուժումը:

Ինչո՞ւ է այն այդքան յատուկ

RUTF-ը կազմուած էկաթի փոշիէ, շաքարէ, ձէթէ եւ անհրաժեշտ վիտամիններէ: Անիկա չի պարունակեր ջուր, ինչ որ կը կանխէ պաքտերիաներու բազմացումը եւ թոյլ կու տայ սնունդը պահել մինչեւ 24 ամիս՝ առանց պաղարանի կարիքի, նոյնիսկ ամենատաք կլիմայական պայմաններուն մէջ: 92 կրամնոց իւրաքանչիւր ծրար կը պարունակէ 500 ջերմուժ (calorie):

Մարտահրաւէրները կը մնան

Չնայած անցեալ երեք տասնամեակներու նուաճումներուն, ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ը կը զգուշացնէ, որ պատերազմները, կլիմայական փոփոխութիւնները եւ տնտեսական տագնապները կը վտանգեն մատակարարման շղթան: Այսօր աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է ամրապնդել տեղական արտադրութիւնը (ներկայիս 21 արտադրողներէն 18-ը կը գտնուին կարիքաւոր երկիրներու մօտ)՝ ապահովելու համար, որ ոչ մէկ երեխայ զրկուի այս կենսատու միջոցէն:

Յոբելենական այս 30-ամեակը ոչ միայն տօնակատարութիւն է, այլեւ ահազանգ՝ ուղղուած միջազգային ընտանիքին, որպէսզի վերջ դրուի մանկական մահացութեան այս կանխելի ողբերգութեան:

30 տարիէ ի վեր կեանք փրկող մանկական բուժական սննդեղէնի բաշխում ամբողջ աշխարհի տարածքին, սակայն միլիոնաւոր մանուկներ տակաւին անոր կարիքը ունին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/05/2026, 09:20