Թրամփ Թրամփ  (REUTERS)

Հակառակ Պանտար Ապպասի վրայ ամերիկեան յարձակումին. Թրամփ. «Զինադադարը տակաւին կանգուն է, եւ Իրանցիներուն հետ կը բանակցինք»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է Հորմուզի նեղուցին մէջ իրանեան յարձակումներու ձախողման եւ իրանեան նաւատորմիղին հասցուած ծանր վնասներու մասին՝ վերահաստատելով, որ Իրան երբեք հիւլէական զէնք պիտի չունենայ: Միւս կողմէ, Իրանի իշխանութիւնները դատապարտած են ամերիկեան օդային հարուածները իրենց նաւահանգիստներուն վրայ՝ պնդելով, որ թշնամիին պատճառած են զգալի վնասներ եւ ունին զինուորական բաւարար հզօրութիւն հակազդելու համար:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Փաքիստան Միացեալ Նահանգներէն խնդրեց Իրանի հետ բանակցութիւններուն ընթացքին «Ազատութեան ծրագիր»-ը չգործադրել»:

«Իրանցիներուն հետ կը բանակցինք, եւ իրանցիներուն հետ զինադադարը տակաւին կանգուն է», շեշտեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

«Իրան չի կրնար հիւլէական զէնք ձեռք ձգել», վերյիշեցուց ան:

«Մեր երեք խորտընկէցները դժուար շրջաններէ անցան եւ իրանեան ուժերը ամբողջական կերպով զգետնեցին», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը` նշելով. «Իրանեան կողմէն կրակոցի ենթարկուեցանք եւ իրենց կրակոցներէն աւելի մեծ ուժով հակադարձեցինք»:

«Իրանցիները իրապէս ճամբու աւարտին հասան, եւ անոնց հիւլէական զէնք ձեռք ձգելու իրաւունք պիտի չտանք», յայտնեց Թրամփ:

«Իրան այսօր մեզ փորձեց, եւ զանոնք ոչնչացուցինք, եւ տեղի ունեցածը անհեթեթ կ՛որակեմ», աւելցուց ան:

«Իրանցիներու հետ համաձայնութիւնը կրնայ որեւէ պահու կայանալ կամ չկայանալ: Իրանցիները զայն ինծմէ աւելի կ՛ուզեն, եւ Իրանի համար աւելի լաւ է համաձայնութիւնը շուտով ստորագրել», ըսաւ Թրամփ:

«Նաւերը իրենց ուղղութիւնը Հորմուզի նեղուցէն դէպի մեր նաւահանգիստներ ուղղեցին` մեր երկրէն քարիւղ գնելու համար: Մենք քարիւղի հսկայական ծաւալներ ունինք եւ ուժանիւթի որեւէ ճգնաժամ չենք դիմագրաւեր», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

Թրամփ նախքան այդ ալ յայտարարեց. «Համաշխարհային տիպի ամերիկեան երեք խորտընկէցներ մեծ յաջողութեամբ եւ կրակոցի տակ անցան Հորմուզի նեղուցէն: Երեք խորտընկէցներուն որեւէ վնաս չհասաւ, սակայն յարձակում գործող իրանեան նաւերը հսկայական վնասներ կրեցին: Անոնք ամբողջովին քանդուեցան, ինչպէս անոնց փոքր նաւակները, որոնք կ՛օգտագործուին ծովուժի ամբողջութեամբ ոչնչացուած նաւատորմիղը փոխարինելու համար»:

«Այդ նաւերը արագ կերպով ծովու յատակ ընկղմեցան: Մեր խորտընկէցներուն վրայ արձակուեցան հրթիռներ, որոնք դիւրութեամբ վար առնուեցան: Նոյնպէս ալ անօդաչու թռչող սարքեր եկան, որոնք օդին մէջ հրկիզուեցան: Անոնք շատ գեղեցիկ կերպով ինկան ովկիանոսին մէջ, ճիշդ իր գերեզմանը ինկող թիթեռնիկի մը պէս», նշեց Թրամփ:

«Բնական պետութիւն մը կրնար այդ խորտընկէցներուն անցքը արտօնել, սակայն Իրան բնական պետութիւն չէ: Զայն խենթեր կը ղեկավարեն, եւ եթէ անոնց առիթ տրուի հիւլէական զէնք օգտագործելու, առանց տատամսումի այդ մէկը կը կատարէին, սակայն այդ առիթը երբեք պիտի չունենան: Եւ ինչպէս այսօր զանոնք պարտութեան մատնեցինք, ապագային աւելի ուժեղ եւ բիրտ ձեւով պարտութեան պիտի մատնենք, եթէ արագ կերպով համաձայնութիւնը չստորագրեն», շեշտեց Սպիտակ տան ղեկավարը:

«Մեր երեք խորտընկէցները այժմ իրենց հոյակապ անձնակազմին հետ պիտի միանան մեր ծովային շրջափակման, որ իսկապէս պողպատէ պատ է», ըսաւ Թրամփ:

Նշենք, որ ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը հինգշաբթի օր կէս գիշերէն առաջ հաղորդեց, որ ամերիկեան բանակը օդային յարձակումներ գործած է Իրանի Քաշամ նաւահանգիստին ու Պանտար Ապպաս քաղաքին վրայ:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ֆոքս Նիուզ»-ին շեշտեց. «Իրանի հարաւին մէջ արձանագրուած յարձակումները պատերազմի վերսկսում չեն»:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը հաստատեց լուրը` նշելով. «Հետախուզական տեղեկահաւաքի գործողութիւնները ցոյց կու տան, թէ ամերիկացի թշնամիի շարքերուն մէջ մեծ վնասներ արձանագրուած են, եւ թշնամական երեք մարտանաւեր արագօրէն դուրս եկած են Հորմուզի նեղուցի շրջանէն»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Հորմուզի նեղուցին մօտ ծովեզերեայ շրջաններու եւ իրանեան երկու քարիւղատար նաւերու վրայ ամերիկեան յարձակումը:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի իր կարգին նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ «զինուորական անպատասխանատու արկածախնդրութեան կը դիմէ» ամէն անգամ, որ դիւանագիտական լուծում մը սեղանի վրայ կը դրուի:

«Իրանի հրթիռներու պահեստն ու զանոնք արձակելու կարողութեան համեմատութիւնը 28 փետրուարի բաղդատմամբ 75 առ հարիւր չէ. ճիշդ համեմատութիւնը 120 առ հարիւր է», նշեց Արաղչի:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/05/2026, 07:58