ITALY-US-DIPLOMACY

Ռուպիօ. «Կ՛ուզենք, որ Լիբանանի մէջ օրինական կառավարութիւնը ուժեղ ըլլայ, սակայն Հըզպալլան անոր խոչընդոտ Է»

Ռուպիօ նշեց, որ բոլորը համամիտ են, թէ Իրանի հիւլէական զէնք ձեռք բերելը անընդունելի է` աւելցնելով. «Կը սպասուի, որ այսօր Իրանէն պատասխան մը ստանանք»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտարարեց, թէ Լեւոն ԺԴ. պապին հետ քննարկած է Իրանի կացութիւնն ու անոր վարչակարգին ներկայացուցած վտանգները:

Ռուպիօ նշեց, որ բոլորը համամիտ են, թէ Իրանի հիւլէական զէնք ձեռք բերելը անընդունելի է` աւելցնելով. «Կը սպասուի, որ այսօր Իրանէն պատասխան մը ստանանք»:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛ուզեն, որ Լիբանանի մէջ օրինական կառավարութիւնը ուժեղ ըլլայ, սակայն Հըզպալլան անոր խոչընդոտ է:

Մինչ այդ, Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր յայտարարեց, թէ Իսրայէլ Լիբանանի մէջ շրջանային ախորժակներ չունի, եւ անոր նպատակը Համասի 7 հոկտեմբեր 2023-ին կատարած «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութեան Հըզպալլայի կողմէ կրկնութիւնը արգիլելն է:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/05/2026, 08:45