Մայրերու Օրուան Առթիւ Առաքինի Մօր Խրատը Իր Զաւակին - Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան
Ամէն տարի, 10 մայիսին, արեւմտեան կողմն աշխարհի Մայրերու օրը կը տօնուի:
Այս օրերուն միջեկեղեցական ժողովներու համար Հռոմ կը գտնուիմ, եւ երէկ ամէնօրեայ աստուածաշնչական ընթերցումներուս ընթացքին կարդացի Առակներ 31-ը, որուն լոյսին տակ կը կատարեմ այս խորհրդածութիւնը:
Լեմուէլ թագաւորին մայրը կը խրատէ իր զաւակը: Լեմուէլ անունը «Աստուծոյ նուիրուած» կը նշանակէ. ան աստուածաշնչական անյայտ թագաւորի մը կ՛ակնարկէ հոս: Ոմանք կ՛ենթադրեն, որ Լեմուէլ Սողոմոն թագաւորին կամ իսրայէլացի այլ թագաւորի մը կեղծանունն է:
Լեմուէլ մօր կողմէ իրեն տրուած խրատը կը փոխանցէ մեզի (Առակներ 31.1-9), որ մենք եւս օգտուինք մօրենական այս թելադրութիւններէն, որոնք սեռային անբարոյականութենէ, արբեցողութենէ ու աղքատները իրաւազրկելէ հեռու մնալ եւ անիրաւուածները պաշտպանել ու արդարութեամբ դատաստան ընել կը յանձնարարեն:
Այս խրատը կ՛ագուցուի առաքինի կնոջ նուիրուած ներբողին (Առակներ 31.10-31), որ խորքին մէջ ամուսինին պատիւ բերող կին գտնելուն կը վերաբերի: Այսպիսով, ամբողջ Առակներ 31-ը համապարփակ ուղեցոյց կը դառնայ անբիծ կենցաղավարութեան, որուն մանրամասնութիւններուն կ՛արժէ անդրադառնալ Մայրերու օրուան շրջագիծին մէջ, որովհետեւ իւրաքանչիւր զաւակ իր մօրը թագաւորը կամ թագուհին է, եւ իւրաքանչիւր մայր մեզի` զաւակներուս համար անփոխարինելի է:
Առակներ 31-ը առաքինի, այսինքն` կարող եւ տիպար, կինը այսպէ՛ս կը սահմանէ. գոհարներէն շատ աւելի թանկագին, ամուսինին կատարեալ վստահութիւնը վայելող, ամուսինին միայն բարիք բերող, հագուստ կարող, տունին ապրուստին օժանդակող, լուսաբացէն առաջ արթնցող եւ տնային անսպառ աշխատանքներուն լծուող, այգի տնկող, անդուլօրէն բանող, մինչեւ ուշ գիշեր արթուն հսկող, աղքատներուն օգնող, բոլորին կողմէ ամուսինին յարգանք ապահովող, զօրաւոր նկարագիրի տէր, լաւատես եւ ուրախ, իմաստութիւն բարբառող, քաղցր խրատներ բաշխող, զաւակներէն սիրուած, ներքին անթառամ գեղեցկութեամբ զարդարուն, աստուածավախ, բոլորէն գնահատուած եւ վարձատրուած, ամուսինէն «Առաքինի կիներ շատ կան, բայց դուն բոլորը կը գերազանցես» (Առակներ 31.29) գովասանքին արժանացած:
Ահա այսպիսի բարեպաշտ կին մը միայն կրնայ միաժամանակ իր զաւակը խրատող պարկեշտ մայր ըլլալ:
Այսօր այսպիսի առաքինի մայրեր կա՞ն: Այո՛, կան, սակայն քիչ են. եւ որովհետեւ քիչ են, փնտռուած եւ գնահատուած են: Որքա՜ն ճիշդ կը հնչէ «ծառը իր պտուղէն կը ճանչցուի» առածը: Երբ ծառին պտուղը բարի է, ուրեմն ծառն ալ բարի է:
Լուսարձակի տակ կը բերեմ Առակներ 31.30-ը. «Աստուածավախ կի՛նն է միայն գովասանքի արժանի», եւ կարկինս լայն կը բանամ: Աստուածավախ անձեր միայն` կին, այր, զաւակ, առաքինի, կարող, պարկեշտ, արդար, տիպար եւ սիրազեղ կ՛ըլլան: Իսկ մեր զիրար սիրելն ալ խարսխուած է զԱստուած սիրելուն վրայ եւ զայն գոյութենականօրէն կը ցոլացնէ, ինչպէս Յովհաննէս առաքեալ կ՛ուսուցանէ` ըսելով, թէ ով որ չի՛ սիրեր իր նմանը, որ կը տեսնէ, ինչպէ՞ս կրնայ սիրել զԱստուած, որ չի՛ տեսներ (հմմտ. Ընդհանրական առաջին նամակ Յովհաննէս Առաքեալի 4.20):
Երբ շեշտը վախին վրայ դնենք «աստուածավախ» արտայայտութիւնը ժխտական կրնայ հնչել. սակայն ան կրօնական ենթահողի վրայ կը բնորոշէ բարեպաշտ եւ Աստուծոյ նկատմամբ խոր յարգանք ու երկիւղած կեցուածք որդեգրած հաւատացեալը, որ բարոյական սկզբունքներով կը թիավարէ կեանքի հոսանքներուն մէջ` հաւատարիմ Աստուծոյ հաստատած խոնարհութեան ու հնազանդութեան պատուիրաններուն, եւ կը խուսափի չարագործութիւններէ: Աստուածավախը չի՛ սարսափիր Աստուծմէ, այլ Զայն կը յարգէ եւ Անոր սահմանած սկզբունքներուն կը հետեւի` Հայր եւ որդի սիրոյ յարաբերութեամբ:
Մայրերու օրուան առիթով կը շնորհաւորեմ վարքով ու բարքով օրինակելի բոլոր հայ մայրերը, որովհետեւ անոնք շատ լաւ գիտեն իրենց «գործերուն բերած օգուտը» (Առակներ 31.18), որ որպէս օրհնութիւն կը ցօղուի մեր վրայ, եւ իրենց կատարածներուն համար արժանի են աստուածային վարձատրութեան ու մարդկային գնահատութեան:
Իսկ անոնք, որոնք իրենց ննջեցեալ մայրերուն յիշատակը կ՛ոգեկոչեն այսօր, կը միանամ իրենց` ֆրանսերէն երգին սա սրտառուչ բառերով.
«Բարե՜ւ մամա, ես քեզ շատ կարօտցած եմ. իմ սրտիս մէջ դուն միշտ ողջ ես: Ես կ՛ուզեմ վերջին անգամ միայն ինծի համար հնչած ձայնդ լսել. ես ձայնդ կարօտցած եմ:
«Մամա՜, աշխարհի գեղեցկագոյնն ես դուն. քու յիշատակդ անմար է իմ հոգիիս մէջ:
«Այն օրը, երբ դուն հեռացար, մամա՜, ժամանակը պահ մը կանգ առաւ:
«Նոյնիսկ երբ երկինքը քեզ խլած է ինձմէ, մամա՜, ես միշտ քեզ կը փնտռեմ:
«Բարե՜ւ, մամա, խօսէ հետս. տունը դատարկ է առանց քու ձայնիդ:
«Բարե՜ւ, մամա, գիտեմ, դուն զիս կը լսես հոն` վերը, ես քեզ շա՜տ, շա՜տ, շա՛տ կը սիրեմ…»:
Հռոմ, 10 մայիս 2026
Աղբիւը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ