Որոնել

2026.04.30 Mons Nareg Alemezian

Սուրբ Զատիկին յաջորդող խոհ մը. Աստուած մեր ապաւէնն է բոլոր նեղութիւններուն մէջ - Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան

Աստուած մեր ապաւէնն է. ան մեզի յոյս եւ ուժ կու տայ մեր բոլոր նեղութիւնները արիաբար կրելու, որովհետեւ` «Իր թեւերով պիտի ծածկէ քեզ, եւ Իր հովանիին տակ ապաստան պիտի գտնես: Իր ճշմարտութիւնը իբրեւ զրահ` պիտի պատէ ու պաշտպանէ քեզ» (Սղ. 91.4):

 

Աստուծոյ կամքով, հակառակ մեզ շրջապատող ընկերա-քաղաքական ու ապահովական անձուկ պայմաններուն եւ ծուատուած երազներուն, Սուրբ Զատիկն ալ տօնեցինք` սուրբ պատարագով ու հաւկթախաղով եւ ընտանեկան ու բարեկամական ջերմ մթնոլորտի մէջ:

Հիմա յարմար պահն է հարց տալու, թէ Աստուծոյ եւ մեր նմաններուն հետ ինչպիսի՞ յարաբերութիւն պէտք է մշակենք` Եկեղեցիի եւ բնութեան գարնանաշունչը բերող Քրիստոսի Յարութեան տօնին յաջորդող այս փուլին:

Մեր հարցումին խտացեալ պատասխանը կը գտնենք 107-րդ սաղմոսին մէջ, որ Աստուծոյ ապաւինելու խարիսխը եւ մեր շրջապատին հետ բարւոք յարաբերութիւն մշակելու պատուիրանները կը հայթայթէ մեզի:

Նախ մեր շրթներէն կը ծորի` «Գոհութիւն յայտնեցէք ՏԻՐՈՋ, որովհետեւ բարի է, որովհետեւ անոր սէրը յաւերժական է» (Սղ. 107.1) նախադասութիւնը, ապա մեր կենսածարաւ աչքերը երկինք կ՛ուղղուին, եւ կը յաւելենք. «Թող «Փա՜ռք ՏԻՐՈՋ» ըսեն անոնք, որոնք ՏԻՐՈՋ կողմէ փրկուած են» (Սղ. 107.2), երբ լուսարար Աստուած «արեւելքէն եւ արեւմուտքէն, հիւսիսէն ու հարաւէն» (Սղ. 107.3) մեզ իր շուրջ կը համախմբէ, որպէսզի «նոր օրհներգութեամբ օրհնաբանենք արարածներու Արարիչը, որ արեւուն լոյսը ծագեցուց աշխարհի վրայ եւ Իր գիտութեան լոյսը` մեր մէջ» (հմմտ. Հայ եկեղեցիի արեւագալի ժամերգութեան «Յարեւելից» երգ):

Այս փառաբանութիւնը յայտնելէ ետք, նոյնիսկ եթէ կեանքի անողոք անիւներուն տակ ճզմուած` «ապրելու ամէն յոյս կորսնցուցած ըլլանք» (հմմտ. Սղ. 107.5), ինչպէս այս դժխեմ օրերուն, Աստուած օգնութեան պիտի հասնի մեզի, ինչպէս հասաւ բոլոր ժամանակներուն անոնց, որոնք` «Իրենց նեղութեան մէջ ՏԻՐՈՋ աղաղակեցին, եւ ՏԷՐԸ զանոնք ազատեց իրենց անձկութիւններէն» (Սղ. 107.6) եւ «զանոնք ուղիղ ճանապարհի վրայ դրաւ» (Սղ. 107.7), որովհետեւ անոնք ըսին. «Իմ աղօթքս Քեզի մատուցուած խունկ թող ըլլայ, վեր բարձրացած ձեռքերս` իրիկնային զոհ» (Սղ. 141.2), ինչպէս հայորդիներս կ՛աղօթենք Հայ եկեղեցիի երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին:

Ուղիղ ճանապարհէն ընթացող մարդիկը «ուղիղ վարքով ապրող մարդիկ» (Սղ. 107.42) են, որոնք «ՏԷՐԸ կ՛օրհնէ, եւ անչափօրէն կը բազմանան» (Սղ. 107.38): Այս օրհնութիւններով կ՛ողողուին ասոնք, որովհետեւ իրենց կեանքի ալեկոծութիւններուն մէջ (տե՛ս Սղ. 107.9-41) միշտ «Գոհութիւն յայտնեցէք ՏԻՐՈՋ, որովհետեւ բարի է, որովհետեւ անոր սէրը յաւերժական է» (Սղ. 107.1) կը կրկնեն եւ «Իրենց նեղութեան մէջ ՏԻՐՈՋ աղաղակեցին, եւ ՏԷՐԸ զանոնք ազատեց իրենց անձկութիւններէն» (Սղ. 107.6): Սղ. 107.1-ը հինգ անգամ (Սղ. 107.1, 8, 15, 21, 31) եւ Սղ. 107.6-ը չորս անգամ (Սղ. 107.6, 13, 19, 28) կրկնուած են հոս:

Աստուած մեր ապաւէնն է. ան մեզի յոյս եւ ուժ կու տայ մեր բոլոր նեղութիւնները արիաբար կրելու, որովհետեւ` «Իր թեւերով պիտի ծածկէ քեզ, եւ Իր հովանիին տակ ապաստան պիտի գտնես: Իր ճշմարտութիւնը իբրեւ զրահ` պիտի պատէ ու պաշտպանէ քեզ» (Սղ. 91.4):

Մեզի կը մնայ Հայ եկեղեցիի սուրբ պատարագին աղօթքով ըսել. «Գոհութիւն կու տանք Քեզի, ո՛վ Ամենակա՜լ Հայր, որ մեզի տուիր սուրբ Եկեղեցին` որպէս նաւահանգիստ եւ տաճար սրբութեան, ուր կը փառաբանուի ամենասուրբ Երրորդութիւնը. ալէլուիա»:

«Այն մարդը, որ իմաստուն է, թող խորհի ասոնց մասին եւ հասկնայ ՏԻՐՈՋ սիրոյն մեծութիւնը» (Սղ. 107.43):

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ        

Նիկոսիա, 8 ապրիլ 2026       

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/05/2026, 09:00