Եւրոպական Խորհրդարանը Ազրպէյճանէն պահանջեց հայ պատերազմական գերիները «Անյապաղ եւ անվերապահ» կերպով ազատ արձակել
Եւրոպական խորհրդարանը մեծամասնութեամբ ընդունեց «Աջակցութիւն Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական դիմակայունութեան» բանաձեւը՝ վերահաստատելով իր աջակցութիւնը Հայաստանի ժողովրդավարական գործընթացներուն։ Ան կը շեշտէ ազատ, արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններու կարեւորութիւնը, կը դատապարտէ արտաքին միջամտութիւններն ու ապատեղեկատուութիւնը, եւ կոչ կ՛ընէ ուժեղացնելու ընտրական համակարգերու պաշտպանութիւնը։
Բանաձեւը նաեւ կը վերահաստատէ աջակցութիւնը Ազրպէյճանի կողմէ վտարուած հայերու իրաւունքներուն՝ ներառեալ ինքնութեան, սեփականութեան եւ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնց անվտանգ եւ արժանապատիւ վերադարձի իրաւունքը միջազգային երաշխիքներով։ Կը պահանջուի ազատ արձակել հայ գերիները եւ պատասխանատուութեան ենթարկել մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման մեղաւորները։
Բանաձեւով նաեւ կոչ կ՛ուղղուի Եւրոպական ՄԻութեան ընդլայնելու Հայաստանի համար ֆինանսական եւ թեքնիք աջակցութիւնը, ներառեալ դիմակայունութեան եւ աճի ծրագիրի միջոցով` կեդրոնանալով հաստատութենական դիմակայունութեան ամրապնդման, ուժանիւթային անվտանգութեան, թուային կառավարման եւ տնտեսական բազմազանութեան վրայ, ինչպէս նաեւ նուազեցնելու կառուցուածքային կախուածութիւնները ռազմավարական կարեւոր ոլորտներու մէջ, ինչպիսիք են ուժանիւթը, փոխադրութիւնը եւ ենթակառոյցները:
Միաժամանակ, Եւրոպական խորհրդարանը կ՛ աջակցի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին, կը խրախուսէ համապարփակ համաձայնագիրի ձեռքբերումը, եւ կը կարեւորէ տարածաշրջանային կայունութիւնը։
Բանաձեւին մէջ նաեւ կայ կէտ մը նուիրուած Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն. «Խորհրդարանը կ՛ողջունէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած շարունակական ջանքերը` իբրեւ շրջանային կայունութեան, հաշտեցման եւ կապակցուածութեան կարեւոր բաղադրիչ, երկու կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ շարունակելու բարեխիղճ ներգրաւուածութիւնը վստահութեան ամրապնդման հետագայ քայլերուն մէջ, ներառեալ սահմաններու բացումը` իբրեւ շրջանային կայունութեան, հաշտեցման եւ կապակցուածութեան կարեւոր ներդրում»:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ