Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը տեսակապով միացաւ Լիբանանի մի քանի քահանաներուն հետ Լեւոն ԺԴ. Պապը տեսակապով միացաւ Լիբանանի մի քանի քահանաներուն հետ 

Լեւոն ԺԴ Պապը տեսակապի ճամբով քաջալերեց Լիբանանի հարաւային շրջանի քահանաները

Պէյրութի պապական նուիրակ Փաուլօ Արքեպիսկոպոս Պորճայի հետ այսօր ունեցած հանդիպումի ընթացքին, Լեւոն ԺԴ Պապը տեսակապ հաստատեց երկրի հարաւային շրջաններու տասնեակ մը քահանաներուն հետ՝ փոխանցելու համար իր ողջոյնն ու քաջալերանքը եւ վստահեցնելու իր աղօթքները՝ խաղաղութեան յոյսով։ Քահանաներէն մին նշեց. «Յոյսի եւ վստահութեան շունչ մը»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 6 մայիսին, առաւօտեան, Վատիկանի մէջ Պէյրութի պապական նուիրակ Փաուլօ Արքեպիսկոպոս Պորճայի հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին, Լեւոն ԺԴ Սրբազան Պապը տեսակապի ճամբով միացաւ Լիբանանի հարաւային սահմանամերձ գօտիի քահանաներուն հետ։ Քահանայապետը իր զօրակցութիւնն ու աղօթքները փոխանցեց պատերազմի արհաւիրքներէն տառապող հոգեւորականներուն եւ ժողովուրդին։

Մօտաւորապէս ժամը 9:45-ին տեղի ունեցած այս կարճատեւ, բայց իմաստալից զրոյցին ընթացքին, Սրբազան Հայրը քաջալերեց հարաւային շրջանի տասնեակ մը քահանաները, որոնք Իսրայէլի հետ սահմանի «Կապոյտ գիծին» վրայ գտնուող գիւղերուն մէջ կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը՝ հակառակ մնայուն ռմբակոծումներուն։

«Ես ձեր կողքին եմ, մի՛ կորսնցնէք ձեր քաջութիւնը», պատգամեց Պապը՝ իր առաքելական օրհնութիւնը բաշխելով ներկաներուն։ Նշենք, որ Լեւոն ԺԴ Պապը 2025-ի Դեկտեմբերին իր առաջին միջազգային ճամբորդութեան ընթացքին այցելած էր Լիբանան եւ մինչ օրս մօտէն կը հետեւի երկրի կացութեան։

Ռմէյշ գիւղի ժողովրդապետ Հայր Թոնի Էլիասը, մեկնաբանելով այս իրադարձութիւնը, յայտնեց. «Այս զանգը յոյսի եւ վստահութեան շունչ մը տուաւ մեզի։ Սրբազան Հայրը հաստատեց, որ կ’աղօթէ մեզի համար եւ կը սպասէ շուտափոյթ խաղաղութեան հաստատման»։ Քահանաները նաեւ իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին նուիրակ Պորճային, որ յաճախակի այցելութիւններով սննդամթերք եւ մարդասիրական օգնութիւն կը հասցնէ վտանգուած գօտիներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/05/2026, 07:54