Որոնել

Արամ Ա. Արամ Ա. 

Հաւատարի՛մ Մայիս 28-ի պատգամին. ԱՐԱՄ Ա. Կաթողիկոս

Ժամանակները կը փոխուին, սերունդները կը փոխուին, սակայն խորհրդանիշերը կը մնան յաւիտենական: Վա՜յ այն ազգին, որ պատմութեան փոշիներուն տակ կը պահէ իր խորհրդանիշերը: Վա՜յ այն սերունդներուն, որոնք մոռացութեան կը դատապարտեն իրենց ազգային խորհրդանիշերը…:

«Մայիս 28-ը դէպք ու թուական ըլլալէ անդին, խորհրդանիշ է Հայաստանի անկախութեան:

Մայիս 28-ը հոմանիշ է ազգային վեհ իտէալներուն շուրջ համախմբուելու հայ ժողովուրդի հաւաքական կամքին:

Մայիս 28-ը յուշարար է հաւատքի ոյժով ու անմնացորդ նուիրումով ու նո՛յնիսկ արեան նահատակութեամբ հայրենիքին համար պայքարելու ամուր յանձնառութեան:

Այսպէս եղած են մեր պատմութեան խորհրդանիշերը: Անդրանցնելով իրենց ժամանակի նեղ սահմանները, անոնք դարձած են խորհրդանիշ սրբազան արժէքներու, լուսափայլ փարոս մեր կեանքի խաւար ճամբան լուսաւորող, անլռելի զանգակատուն՝ մեզ թմբիրէն արթնցնող, զգաստութեան կոչ՝ կեանքի մոլոր ճամբաներէն զգուշացնող:

Այսպէս է նա՛եւ Մայիս 28-ը»:

Այս կը կարդանք Արամ Ա. Վեհափառին 28 մայիսին առիթով հրապարակած պատգամին մէջ ուր նշուած է նաեւ թէ «Այս գիտակցութեամբ Մայիս 28-ի ոգիով ու պատգամով սերունդներ կերտուեցան: Եկեղեցի, դպրոց ու ակումբ Մայիս 28-ով խորհրդանշուող Հայաստանի անկախութեան տեսլականով ու գաղափարականով սերունդներ դաստիարակեցին»:

«Ժամանակները կը փոխուին, սերունդները կը փոխուին, սակայն խորհրդանիշերը կը մնան յաւիտենական: Վա՜յ այն ազգին, որ պատմութեան փոշիներուն տակ կը պահէ իր խորհրդանիշերը: Վա՜յ այն սերունդներուն, որոնք մոռացութեան կը դատապարտեն իրենց ազգային խորհրդանիշերը…:

Կ՛ապրինք անորոշ պայմաններու մէջ: Տագնապներով շրջապատուած ենք Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ: Բեւեռացումները ներքնապէս կը մաշեցնեն մեր կենսունակութիւնը: Մութ ամպրերով ծածկուած է հայ կեանքի երկինքը:

Կարելի չէ լուռ ու անտարբեր մնալ մեր արմատներէն, արժէքներէն ու իտէալներէն մեզ հեռացնող ներկայ պայմաններուն դիմաց:

Կարելի չէ լուռ ու անտարբեր մնալ մեր կեանքը իմաստաւորած, մեր գոյապայքարը հզօրացուցած, մեր ինքնութիւնը իմաստաւորած խորհրդանիշներուն հանդէպ անտարբերութեան դիմաց» գրած է ապա Արամ Ա.ը իր պատգամին մէջ հրաւէր ուղղելով «նայելու մեր պատմութեան»:

«Մեր ազգային կեանքի ճակատագրական պահերուն ու հայրենիքը դիմագրաւող վտանգներուն դիմաց, մեր ժողովուրդի զաւակները համախմբուած են ի խնդիր հայրենիքի փրկութեան: «Վասն հաւատոյ ու վասն հայրենեաց» սրբազան նշանաբանը սոսկ լոզունգ չէ եղած, այլ զօրաշարժի կոչ ու պայքարի հրաւէր» կը հաստատէ Վեհափառ Հայրապետը կոչ ուղղելով համախմբուելու՝ «ազգին ու հայրենիքին արժէքներուն ու իտէալներուն շուրջ. համախմբուիլ՝հայրենիքի անկախութեան ամրապնդման ու ազգին հզօրացման շուրջ:

Մնալ հաւատարի՛մ Մայիս 28-ի աւանդին ու պատգամին» կը պատգամէ իր վերջոյ Արամ Ա.:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/05/2026, 09:31