ԼԻԲԱՆԱՆ.– Պատերազմի սկիզբէն ի վեր զոհերուն թիւը հասաւ 3,150-ի. Հարաւային Լիբանանի մէջ 10 գիւղեր պարպուեցան
Վատիկան Նիւզ - Հայկական Բաժանմունք
Լիբանանի Առողջապահութեան նախարարութեան Արտակարգ իրավիճակներու գործողութեանց կեդրոնի վերջին տուեալներով՝ Մարտ 2-ին սկիզբ առած իսրայէլեան յարձակումներուն հետեւանքով զոհերուն թիւը բարձրացած է 3,151-ի, իսկ վիրաւորներունը՝ 9,571-ի։ Իրաւիճակը կը մնայ ծայրահեղօրէն լարուած, եւ միայն վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած է 28 մահ։ Չնայած Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ հաստատուած զինադադարին եւ Ուաշինկթընի ու Թեհրանի միջեւ հաւանական համաձայնութեան մասին շրջանառուող լուրերուն, հարուածները կը շարունակուին, յատկապէս՝ Նապաթիէի շրջանին մէջ, որ կ՝ենթարկուի սաստիկ ռմբակոծումներու։
Ռազմական գործողութիւնները ցամաքի վրայ
Իսրայէլի բանակի Սպարակոյտի պետ Էյալ Զամիր վերահաստատեց յարձակողական գործողութիւններու շարունակութիւնը՝ հակառակ այն լուրերուն, թէ ԱՄՆ-Իրան բանակցութիւնները կրնան նուազեցնել զինուորական աշխուժութիւնը։ Թէեւ կողմերը համաձայնած են Ուաշինկթընի մէջ եւս 45 օրով երկարաձգել նախապէս հաստատուած թեթեւ զինադադարը, սակայն գետնի վրայ բախումները չեն դադրիր։
Իսրայէլեան բանակը հրամայած է անմիջապէս պարպել Հարաւային Լիբանանի եւ Արեւմտեան Պեքաայի 10 բնակավայրեր։ Միեւնոյն ժամանակ, Իսրայէլի հիւսիսը տագնապի շչակներ հնչած են Լիբանանէն արձակուած անօդաչու թռչող սարքերու պատճառով։ Իսրայէլեան նոր յարձակումներ հարուածած են Հարուֆ եւ Շուքին գիւղերը, իսկ Հըզպօլլահ յայտարարած է սահմանագծի երկայնքով իսրայէլեան դիրքերու եւ զրահամեքենաներու դէմ իրագործուած քանի մը յարձակումներու մասին։
Քաղաքական դիրքորոշումներ եւ Ուաշինկթընի արձագանգը
Քաղաքական գետնի վրայ, Հըզպօլլահի ղեկավար Նայիմ Քասեմ շեշտած է.
«Անձնատուր ըլլալ կը նշանակէ բնաջնջուիլ»։
Ան ներկայ իրավիճակը որակած է որպէս «գոյութենական սպառնալիք» Լիբանանի համար։
Այս յայտարարութեան Ուաշինկթընէն արձագանգած է ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ։ Հնդկաստան կատարած իր այցելութեան ընթացքին ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը մեղադրած է շիի շարժումը «Լիբանանը ապակայունացնելու միտումնաւոր արշաւ» շղթայազերծելու յանցանքով եւ վերահաստատած է, որ «Իսրայէլ միշտ ունի ինքնապաշտպանութեան իրաւունք»՝ աւելցնելով, որ իւրաքանչիւր պետութիւն իրաւասու է հակադարձելու եւ կանխելու իր դէմ ուղղուած յարձակումները։
Սահմանային անկայուն վիճակ եւ մարդկային կորուստներ2
25 մայիսի, Իսրայէլ պաշտօնապէս յայտարարեց 19-ամեայ սերժանտ Նեհորայ Լէյզերի մահուան մասին, որ զոհուած է Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած մարտերուն։ Այսպիսով, պատերազմի սկիզբէն ի վեր իսրայէլեան կողմի զոհերուն թիւը հասաւ 24-ի (որոնցմէ 23-ը՝ զինուորականներ)։ Նոյն ժամերուն, իսրայէլեան անօդաչու սարքեր հարուածած են երկու մեքենայ եւ մոթոսիքլէթ մը Նապաթիէի շրջանին մէջ՝ պատճառելով երեք զոհ։
Ըստ լիբանանեան ֆրանսալեզու «L'Orient-Le Jour» թերթի տուեալներուն՝ նախորդ Կիրակի օրը զինուորական գործողութիւնները հասած էին իրենց գագաթնակէտին։ Իսրայէլեան բանակը 85 օդային հարուած հասցուցած է Հարաւային Լիբանանի 36 թիրախներու, ներառեալ բնակելի շէնքեր եւ առեւտրական վայրեր։ Անօդաչու սարքերը հարուածած են նաեւ 25 թիրախներ 16 տարբեր գիւղերու մէջ, որոնց կողքին արձանագրուած են հրետանային սաստիկ հրետակոծութիւններ 15 բնակավայրերու վրայ։ Իր կարգին, Հըզպօլլահ յայտնած է, որ 28 յարձակում գործած է իսրայէլեան զինուորական հաստատութիւններու դէմ՝ ինչպէս գրաւեալ լիբանանեան տարածքներուն, այնպէս ալ հիւսիսային Իսրայէլի մէջ։ Սահմանային գօտիին վրայ կացութիւնը կը շարունակէ մնալ ծայրաստիճան պայթիւնավտանգ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ