Հոգեւոր Պետերը Կը Դատապարտեն Ռայի Պատրիարքին հասցէին կատարուած վիրաւորանքները
Լիբանանի տարբեր համայնքներու հոգեւոր պետերը դատապարտեցին վերջին քանի մը օրուան ընթացքին լրատուամիջոցներու եւ մասնաւորաբար ընկերային ցանցերու վրայ տարբեր հոգեւոր պետերու եւ կրօնական հեղինակութիւններու հասցէին կատարուած վիրաւորանքները:
Հանրապետութեան Միւֆթին Հեռաձայնեց Ռայի Պատրիարքին
Մարոնի համայնքի պատրիարքարանի դիւանը յայտարարեց, թէ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիան հեռաձայնած է մարոնիներու Ռայի պատրիարքին` բուռն կերպով դատապարտելով անոր հասցէին հնչած վիրաւորանքները:
Հաղորդագրութեան համաձայն, շէյխ Տրիան իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնած է Ռայի պատրիարքին` շեշտելով, որ այդ վարկաբեկումը միայն անձ մը կամ հեղինակութիւն մը չի թիրախաւորեր, այլ ազգային արժանապատուութեան խորքը, եւ կը վնասէ Լիբանանի վարկին ու անոր արժէքներուն:
Ան յայտարարած է, թէ ինք եւ Տար Ֆաթուան իր բոլոր հեղինակութիւններով ու կրօնական մարմիններով կը կանգնին պատրիարքի կողքին:
Մարոնի պատրիարքարանի դիւանը ընդգծեց. «Այս դիրքորոշումը կու գայ հաստատելու, որ կրօնական հեղինակութիւններու վրայ յարձակումը ազգային միասնականութեան վրայ յարձակում է, եւ Լիբանանը, իր բազմազանութեան մէջ, աւելի հզօր կը մնայ, քան իր խորհրդանիշերը վարկաբեկելու կամ անոր զաւակներուն միջեւ սադրանք յառաջացնելու բոլոր փորձերը»:
Շէյխ Խաթիպ Կը Դատապարտէ Կրօնական Հեղինակութիւններուն Ու Խորհրդանիշերուն Վարկաբեկումը
Շիիներու իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ նշեց. «Իսլամական գերագոյն խորհուրդը վերջին շրջանին նկատեց, որ որոշ լրատուամիջոցներ եւ ընկերային ցանցեր չափազանց հեռու գացած են լիբանանեան համայնքներու մեծամասնութեան հոգեւոր պետերը եւ կրօնական խորհրդանիշերը վիրաւորելու հարցին մէջ, ինչ որ, ներկայ դժուար ժամանակներուն մէջ, բացասաբար կ՛անդրադառնայ երկրի կայունութեան վրայ»:
Ան իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ շեշտեց, որ ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ քաղաքացիական խաղաղութեան եւ երկրի ընդհանուր կայունութեան նկատմամբ իր նախանձախնդրութենէն մղուած բուռն կերպով կը դատապարտէ որեւէ համայնքի հոգեւոր հեղինակութիւններուն ու կրօնական խորհրդանիշերուն վարկաբեկումը` կոչ ուղղելով դադրեցնելու մարդկային արժէքներէն շատ հեռու եղող այս արարքները:
Շէյխ Խաթիպ հոգեւոր պետերուն ու քաղաքական ուժերուն կոչ ուղղեց` բարձրաձայն մերժելու այս արարքները եւ հասարակաց կարծիքն ու լրատուամիջոցները մղելու ճիշդ ուղիին` մեկնելով ներքին կայունութեան ու քաղաքացիական խաղաղութեան նկատմամբ նախանձախնդրութենէն:
«Հարազատներուն ու զաւակներուն կոչ կ՛ուղղենք` նկատի ունենալու ներկայ պայմանները եւ չներքաշուելու այսպիսի սադրիչ արշաւներու մէջ, որովհետեւ իսրայէլացի թշնամիին հետ մեր ճակատամարտը մեզմէ կը պահանջէ այսպիսի տգեղ արարքներէ վեր կանգնիլ», շեշտեց ան:
Ապի Մունա. «Վարկաբեկումը Բոլորին Ուղղուած Է Եւ Լիբանանին Ու Գոյակցութեան Վնաս Կը Պատճառէ»
Տիւրզիներու հոգեւոր պետ Սամի Ապի Մունա հեռաձայնեց մարոնիներու Ռայի պատրիարքին եւ բուռն կերպով դատապարտեց ընկերային կարգ մը ցանցերու վրայ պատրիարքին նկատմամբ կատարուած վարկաբեկիչ արտայայտութիւնները:
Ան իր ամբողջական եղբայրական աջակցութիւնը յայտնելով պատրիարքին նշեց. «Մարոնիներու պատրիարքութեան հասցէին որեւէ վիրաւորանք բոլորին ուղղուած է` նկատի ունենալով անոր ներկայացուցած հոգեւոր, ազգային եւ պատմական խորհրդանիշը, ինչպէս նաեւ կը հարուածէ խորքը գոյակցութեան, որուն վրայ հիմնուած է Լիբանանը: Անիկա մերժելի եւ դատապարտելի է ազգային բոլոր արժեչափերով, որովհետեւ նաեւ վարկաբեկում մըն է Լիբանանի վարկին, քաղաքակրթութեան ու առաքելութեան»:
Շէյխ Ապի Մունա վերահաստատեց կրօնական ու ազգային հեղինակութիւններուն վրայ յարձակումները, եւ բոլորին կոչ ուղղեց` ազգային երկխօսութեան ու հռետորաբանութեան մակարդակի վրայ ըլլալու, եւ հեռու մնալու ատելութեան հռետորաբանութենէն ու համայնքային գրգռութենէն, մասնաւորաբար հայրենիքի դիմագրաւած ներկայ ճակատագրական փուլին, որ կարիքը ունի ներքին զօրակցութեան ու ազգային միասնականութեան ամրապնդման:
Ալեւիներու Հոգեւոր Պետը Եւս Կը Դատապարտէ
Ալեւիներու իսլամական խորհուրդի նախագահ շէյխ Ալի Քատտուր հեռաձայնեց մարոնիներու Ռայի պատրիարքին եւ բուռն կերպով դատապարտեց անոր հասցէին կատարուած վիրաւորանքը:
Շէյխ Քատտուր նշեց, որ այդ վիրաւորանքը ամբողջովին մերժելի է եւ ազգային միասնական արժէքները չի ներկայացներ` շեշտելով. «Ռայի պատրիարքը ազգային միասնական խորհրդանիշ կը ներկայացնէ»:
Ան խօսքը պատրիարքին յղելով ըսաւ. «Դուն Լիբանանի թագն ես, եթէ ապահով ըլլաս, բոլորը ապահով կ՛ըլլան, որովհետեւ դուն հայրենիքի աչքի բիբն ես»:
Ալեւիներու հոգեւոր պետը մերժեց որեւէ հռետորաբանութիւն, որ կը վարկաբեկէ Պքերքէի դիրքն ու պատմական դերակատարութիւնը:
Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Դատապարտէ Ռայի Պատրիարքին Դէմ Կատարուած Ոչ Ընդունելի Արտայայտութիւնները
Երէկ Արամ Ա. կաթողիկոս հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ դատապարտեց մարոնի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ռայի պատրիարքին նկատմամբ կատարուած ոչ ընդունելի արտայայտութիւնները:
Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս կը նշուի.
«Խստօրէն կը դատապարտենք եւ կը մերժենք Լիբանանի ոեւէ հոգեւոր պետին դէմ ուղղուած որեւէ յարձակում կամ անարգանք: Անընդունելի այս արարքը կը հակասէ լիբանանեան համակեցութեան հիմքը կազմող բարոյական ու հոգեւոր արժէքներուն: Կրօնական հեղինակութեան մը դէմ ցուցաբերուած նման վերաբերում կը վնասէ անոր առաքելութեան, որ համայնքային նեղ պարունակէն անդին` արմատացած է Լիբանանի ազգային կառոյցին եւ անոր միասնականութեան մէջ: Հոգեւոր առաջնորդները սոսկ կրօնական խորհրդանիշեր չեն, այլ մարդկային, բարոյական ու հոգեւոր արժէքները պահպանողները եւ զանոնք յաջորդ սերունդներուն փոխանցողները:
«Այս ծիրին մէջ, մեր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնենք նորին ամենապատուութիւն կարտինալ Մար Պշարա Պութրոս Ռայի պատրիարքին: Անոր անձին կամ հանգամանքին դէմ ուղղուած անարգական ու վիրաւորական արտայայտութիւնները մենք կը համարենք ուղղուած բոլոր հոգեւոր պետերուն` առանց բացառութեան: Այս խորհրդանիշերուն դէմ ուղղուած ոտնձգութիւնը հարուած է ժողովուրդին միասնականութեան, ինչպէս նաեւ համայնքներու միջեւ համակեցութեան հիմքերուն, որոնց վրայ հաստատուած է Լիբանան հայրենիքը: Երկրի օրէնքները յստակ կերպով կը մերժեն նման վիրաւորանքներ եւ հաշուետուութեան կ՛ենթարկեն բոլոր անոնք, որոնք կը խախտեն այս սահմանները»:
Ռաֆայէլ–Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս–Պատրիարքը Կը Դատապարտէ Յարձակումը
Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքին տնօրինումով` Լիբանանի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմին հաղորդակցութեան եւ լրատուութեան գրասենեակը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, ուր մասնաւորապէս կը նշուի. «Խիստ ձեւով կը դատապարտենք եւ կը մերժենք մեր եղբօր` Անտիոքի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մարոնի եկեղեցւոյ պատրիարք-կարտինալ Պշարա Ռայիի հասցէին ուղղուած անընդունելի վիրաւորանքները:
«Վճռականապէս կը հաստատենք, որ անոր անձին դէմ ուղղուած ամէն տեսակի անարգանք ուղղակի յարձակում է եկեղեցիին, անոր արժանապատուութեան եւ առաքելութեան դէմ, եւ թոյլ պիտի չտանք, որ այս երեւոյթը շարունակուի որեւէ պարագային:
Հոգեւոր առաջնորդներուն դէմ այս ձեւի նսեմացուցիչ վերաբերումը կը նշանակէ ակնյայտ ոտնձգութիւն ազգային եւ բարոյական արժէքներուն դէմ, լուրջ սպառնալիք քաղաքացիական խաղաղութեան եւ մերժելի փորձ մը Լիբանանի մէջ համակեցութեան հիմերուն խախտումին: Խօսքի ազատութիւնը չի կրնար վերածուիլ բարոյական անիշխանութեան, լրատուական անկումի, ատելութեան եւ երկպառակութեան տարածումի քողարկում»:
Յայտարարութեան մէջ նաեւ կ՛ընդգծուի. «Մարմիններէն գործի անցնիլ եւ խստագոյն օրինական քայլերու ձեռնարկել ամէն անհատի դէմ, որուն մասնակցութիւնը, դրդումը կամ մեղսակցութիւնը կ՛ապացուցուի, վերջ դնելու համար այս մերժելի անկարգութեան եւ պահպանելու համար հոգեւոր հաստատութիւններու հեղինակութիւնը»:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ