Որոնել

Իսթանպուլի կրօնական առաջնորդներ եւ հաւատացեալներ մէկտեղուեցան Պէյօղլուի Հայ Կաթողիկէներու Մայր եկեղեցւոյ մէջ՝ ի յիշատակ Տիրամայր Գոհար Գազանճեանի Իսթանպուլի կրօնական առաջնորդներ եւ հաւատացեալներ մէկտեղուեցան Պէյօղլուի Հայ Կաթողիկէներու Մայր եկեղեցւոյ մէջ՝ ի յիշատակ Տիրամայր Գոհար Գազանճեանի 

Իսթանպուլի կրօնական առաջնորդներ եւ հաւատացեալներ մէկտեղուեցան Պէյօղլուի Հայ Կաթողիկէներու Մայր եկեղեցւոյ մէջ՝ ի յիշատակ Տիրամայր Գոհար Գազանճեանի

2026 Մայիս 20-ին, Իսթանպուլի Պէյօղլուի Հայ Կաթողիկէ Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ եւ Հոգեհանգստեան պաշտօն՝ ի յիշատակ Առաջնորդ Գերապայծառ Տէր Վարդան Գազանճեանի մօր՝ Տիրամայր Գոհար Գազանճեանի։ Ցաւակցական այս արարողութեան ներկայ գտնուեցան քրիստոնէական տարբեր համայնքներու բարձրաստիճան հոգեւոր առաջնորդներ, հրէից ռաբունապետը, պետական պաշտօնեաներ եւ բազմաթիւ հաւատացեալներ՝ իրենց վշտակցութիւնն ու յարգանքի տուրքը մատուցելով սգակիր ընտանիքին։
Ունկնդրէ լուրը

Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքական Կառավարիչ եւ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Գերապայծառ Տէր Վարդան Գազանճեանի ի տէր ննջած յարգոյ մօր՝ Տիրամայր Գոհար Չուլճեան Գազանճեանի հոգւոյն ի հանգիստ, 20 Մայիս 2026, Չորեքշաբթի օր, Պէյօղլուի Սուրբ Աստուածածին Հայ Կաթողիկէ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ եւ Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ։
Ժամը 16.00-ին սկսած հոգեպարար սուրբ Պատարագէն եւ աղօթքներէն ետք, Գերապայծառ Տ. Վարդան ցաւակցութիւնները ընդունեց Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ։ Իսթանպուլի հնամենի հաւատքի համայնքները, հոգեւորականներն ու քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները մէկտեղող այս իմաստալից օրուան ընթացքին, վիշտերը կիսուելով՝ թեթեւցան։

Ցաւակցական այս արարողութեան, որ ականատես եղաւ եկեղեցական բարձր դասի եւ բարեկամական լայն մասնակցութեան, անձամբ ներկայ գտնուեցան եւ Գերապայծառ Վարդանին եւ սգակիր ընտանիքին ու համայնքին իրենց վշտակցութիւնները յայտնեցին՝ Յունաց Տիեզերական Պատրիարք Նորին Սրբութիւն Տ.Տ. Բարթողոմէոս Ա. Սրբազան Պատրիարք Հայրը, Իզմիրի Լատինաց Արքեպիսկոպոս եւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հոգեւոր Առաջնորդներու Ժողովի Նախագահ Գերապայծառ Մարթին Քմեթեց, Իսթանպուլի Լատին Առաքելական Փոխանորդ Գերապայծառ Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ եւ Հայ Աւետարանական Համայնքի Հովիւ Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու։

Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ տարբեր եկեղեցիներու եւ հաւատքի համայնքներու, Կաթողիկէ Ասորի եւ Քաղդէացի հոգեւոր առաջնորդներու ներկայացուցիչներ, քահանաներ, Հայ Առաքելական եւ Կաթողիկէ համայնքային թաղային խորհուրդներու ատենապետներ ու վարչական անդամներ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հաւատացեալներ, որոնք փութացած էին իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու հանգուցեալի անմահ յիշատակին։
Ցաւակցութեան համար առաջին այցելուներէն եղաւ Թուրքիոյ Հրէից Համայնքի Յարգարժան Ռաբունապետ Րաւ Դաւիթ Սեւի եւ իր շքախումբը։ Իսկ երեկոյի աւարտին իրենց մասնակցութիւնը բերին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը, Պատրիարքական Փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Հայր Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որոնք անձամբ փոխանցեցին հայ համայնքի խորին ցաւակցութիւններն ու աղօթքները։

Ցաւակցութիւնները յայտնելու համար Առաջնորդարան ներկայացան Պէյողլույի Շրջանապետ Գայմագամ Աթաքան Աթասոյ եւ իր ազնուափայլ տիկինը, ինչպէս նաեւ Շիշլի թաղամասի ԱՔՓ կուսակցութեան ընդհանուր ատենապետ Սերքան Փոլատ։
Մինչեւ ժամը 20.30 տեւած ցաւակցութեանց ընդունելութեան ընթացքին, Պատրիարքարանի շէնքն ու Արքեպիսկոպոսական գրասենեակները հանդիսացան աղօթքներով պսակուած պատմական մխիթարութեան, եղբայրութեան եւ համատեղ վիշտի սրտառուչ մթնոլորտի մը թատերաբեմը։
Այս տխուր առթիւ, անգամ մը եւս հաւատացեալները խորին վշտակցութիւնները յայտնեցին Գերապայծառին, Գազանճեան գերդաստանին եւ Հայ Կաթողիկէ համայնքին, հայցելով, որ Տիրամայր Գոհարի հոգին լուսաւորեալ օթեւաններու արժանանայ։

Աղբիւր՝ Իսթանպուլի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/05/2026, 07:13