Երուսաղէմ. Կրօնաւորուհի մը յարձակման ենթարկուած է Սիոն լերան մօտ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երուսաղէմի Սիոն լերան տարածքին մէջ տեղի ունեցած է յարձակում մը ֆրանսացի կրօնաւորուհիի մը դէմ, որ կը վերահաստատէ քրիստոնեայ համայնքի եւ հոգեւորականութեան դէմ աճող բռնութիւններու վտանգաւոր միտումը։ Իսրայէլեան ոստիկանութիւնը Չորեքշաբթի օր յայտարարեց 36-ամեայ տղամարդու մը ձերբակալութիւնը, որ կը կասկածուի յարձակումը իրագործելու մէջ։
Միջադէպի մանրամասնութիւնները
Յարձակման ենթարկուած 48-ամեայ քրոջը, որ Երուսաղէմի Աստուածաշնչեան եւ հնագիտական ֆրանսական դպրոցի (École biblique et archéologique française) հետազօտող է, անծանօթ մը հետապնդած է փողոցին մէջ, ապա գետին հրելով՝ հարուածած է քացիներով։ Ոստիկանութեան կողմէ հրապարակուած տեսանիւթը ցոյց կու տայ կրօնաւորուհիի դէմքին վրայ յառաջացած կապտուկները։
Միջազգային եւ տեղական արձագանգներ
Ֆրանսական դպրոցի տնօրէն, հայր Օլիվիէ Փոքիույոն, X-ի (նախկին Թուիթըր) իր էջին վրայ կատարած գրառումով դատապարտած է «ատելութեան այս ախտը»՝ զայն որակելով իբրեւ անվճար եւ անընդունելի բռնութիւն։ Ան շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր այն անձերուն ու դիւանագէտներուն, որոնք օժանդակութիւն ցուցաբերած են կրօնաւորուհիին։
Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը միջադէպը անուանած է «ամօթալի արարք»՝ վերահաստատելով երկրի յանձնառութիւնը պաշտպանելու բոլոր կրօններու դաւանանքի ազատութիւնը։ «Անմեղ անհատներու, եւ յատկապէս կրօնական համայնքներու ներկայացուցիչներու դէմ բռնութիւնը տեղ չունի մեր հասարակութեան մէջ», նշուած է նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։
Մտահոգիչ յաճախականութիւն
Երուսաղէմի Հրէական համալսարանի Մարդկային գիտութիւններու բաժամնունքը նոյնպէս յայտնած է իր խոր ցնցումը՝ շեշտելով, որ ասիկա մեկուսի դէպք մը չէ, այլ մաս կը կազմէ քրիստոնէական խորհրդանիշներու եւ համայնքի դէմ աճող թշնամանքի մը։
Յիշեցնենք, որ Ապրիլ ամսուան սկիզբը Իսրայէլեան բանակը պաշտօնանկ ըրած էր երկու զինուորներ, որոնք Լիբանանի հարաւը գտնուող Տեպլ գիւղին մէջ վնասած էին Յիսուսի արձանը։ Այս դէպքերը լուրջ մտահոգութիւններ կը յառաջացնեն տարածաշրջանի քրիստոնեայ հոգեւորականութեան եւ սրբավայրերու անվտանգութեան վերաբերեալ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ