Միացեալ Նահանգներ-Իրան փոխըմբռնման յուշագիրի մը ձեռքբերումը մօտալուտ կը թուի
Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շարիֆ շնորհաւորեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը` «խաղաղութեան հաստատման անոր արտակարգ ջանքերուն եւ շաբաթ օր Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի, Թուրքիոյ, Եգիպտոսի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Յորդանանի եւ Փաքիստանի ղեկավարներուն հետ արդիւնաւէտ ու չափազանց օգտակար հեռաձայնային զրոյց կատարելուն համար»:
«(Փաքիստանեան) բանակի հրամանատար զօր. Ասեմ Մունիր հեռաձայնային այս հաղորդակցութեան մէջ ներկայացուց Փաքիստանը: Խոր գնահատանքս կը յայտնեմ` ամբողջ հոլովոյթին ընթացքին անոր խոր ջանքերուն նկատմամբ», ըսաւ ան:
«Այս քննարկումները արժէքաւոր առիթ ընծայեցին շրջանային ներկայ կացութեան շուրջ եւ շրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան հաստատման նպատակով ընթացող խաղաղութեան ջանքերը յառաջ մղելու ձեւին շուրջ տեսակէտներու փոխանակման համար», աւելցուց ան:
«Փաքիստան ամենայն հաւատարմութեամբ պիտի շարունակէ իր խաղաղ ջանքերը, եւ բանակցութիւններու յաջորդ փուլը շուտով հիւրընկալել կը յուսանք», նշեց Փաքիստանի վարչապետը:
Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Իսհաքտար նշեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի այսօր կատարած կարեւոր հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը շրջանային խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ կարեւոր քայլ կը կազմէ»:
«Այն, ինչ որ այս բանակցութիւններուն ընթացքին իրագործուեցաւ, դրական եւ տեւական արդիւնքի հասնելու կարելիութեան նկատմամբ լաւատեսութիւն կը ներշնչէ», ըսաւ ան:
«Բարձր կը գնահատեմ Թրամփի ղեկավարութիւնը եւ երկխօսութեան ու դիւանագիտութեան նկատմամբ անոր յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ Վանսը, Ռուպիոն եւ ամբողջ ամերիկեան խումբը», յայտնեց Իսհաքտար:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի շաբաթ օր յայտարարեց. «Իրանն ու Միացեալ Նահանգները կը գտնուին փոխըմբռնման յուշագիրի պատրաստման վերջին փուլին»: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ իր կարգին նշեց. «Շուտով կրնան նորութիւններ ըլլալ»:
Բարձրաստիճան աղբիւրներ «Հատաս»-ին յայտնեցին. «Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ հաւանական սկզբունքային համաձայնութիւնը «Իսլամապատի յայտարարութիւն» անունը պիտի կրէ»: Իրանեան աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Եթէ Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդը հաւանութիւն տայ Ամերիկայի հետ փոխըմռնման յուշագիրին, անիկա վերջնական վաւերացման համար պիտի ուղարկուի գերագոյն հոգեւոր պետ Մոջթաբա Խամենէիին»:
Սպասուող Համաձայնութեան Մանրամասնութիւնները` Ըստ «Աքսիոս»-ի
Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Աքսիոս» կայքին յայտնեց. «Համաձայնութիւնը, որուն կնքման մօտ են Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը, կը ներառէ զինադադարի 60 օրով երկարաձգում, Հորմուզի նեղուցի վերաբացում, ինչպէս նաեւ իր հիւլէական ծրագիրի սահմանափակման շուրջ բանակցութիւններ սկսելու դիմաց Իրանին ազատօրէն քարիւղ վաճառելու արտօնութիւն»:
Ըստ նախագիծին, երկու կողմերը պիտի ստորագրեն փոխըմբռնման յուշագիր մը, որ զինադադարը 60 օրով կ՛երկարաձգէ եւ հասարակաց հաւանութեամբ երկարաձգելի է: Այդ ընթացքին Հորմուզի նեղուցը կը վերաբացուի առանց անցման տուրքերու, եւ Իրան յանձնառու կը դառնայ ականներու վերացման` նաւարկութեան ազատութիւնը երաշխաւորելու համար:
Ըստ ամերիկեան կայքին, Միացեալ Նահանգներ կը վերցնեն իրանեան նաւահանգիստներուն շրջափակումը եւ կը շնորհեն կարգ մը պատժամիջոցներէ ներումներ, որոնք Թեհրանին կ՛արտօնեն ազատ կերպով քարիւղ ծախել, ինչ որ, ըստ ամերիկացի պաշտօնատարի մը, օգտակար պիտի ըլլայ իրանեան տնտեսութեան եւ միեւնոյն ժամանակ քարիւղի համաշխարհային շուկայի վրայէն ճնշումը պիտի նուազեցնէ:
«Համաձայնութեան մէջ Թրամփի հիմնական սկզբունքը վարմունքի դիմաց մեղմացումն է», ըսաւ պաշտօնատարը` նշելով. «Ուաշինկթըն մերժեց շօշափելի զիջումներ կատարելէ առաջ դրամատնային սառեցուած հաշիւներու անմիջապէս ապասառեցումի եւ պատժամիջոցները տեւական կերպով ջնջելու Իրանի պահանջները»:
Նախագիծը նաեւ կ՛ընդգրկէ հիւլէական զէնք ձեռք ձգել չձգտելու, իւրանիոմի հարստացման առկախման եւ բարձր համեմատութեամբ հարստացուած իւրանիոմի պահեստէն ձերբազատելու իրանեան խոստում մը:
Լաւատեղեակ երկու աղբիւրներ «Աքսիոս»-ին յայտնած են. «Իրան միջնորդներուն ճամբով բերանացի խոստումներ փոխանցեց իւրանիոմի հարստացումը առկախելու եւ հիւլէական նիւթերէն հրաժարելու տարողութեան վերաբերեալ, իսկ Ուաշինկթըն համաձայն գտնուեցաւ 60 օրուան ընթացքին բանակցելու պատժամիջոցներու վերացման եւ իրանեան գումարներու ապասառեցման շուրջ` զանոնք ստուգելի վերջնական համաձայնութեան մը ծիրին մէջ գործադրելու համար»:
Կայքին համաձայն, «վերջերս կուտակուած ամերիկեան ուժերը համաձայնութեան ժամանակամիջոցի ընթացքին շրջանին մէջ պիտի մնան եւ պիտի հեռացուին միայն վերջնական համաձայնութեան հասնելէ ետք»:
«Համաձայնութիւնը նաեւ կը ներառէ Լիբանանի մէջ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ պատերազմին աւարտը: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Թրամփի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին այս կէտին եւ համաձայնութեան այլ յօդուածներուն նկատմամբ վերապահութիւններ յայտնեց, սակայն յարգալից կերպով», ըսաւ ամերիկացի պաշտօնատար մը` աւելցնելով. «Համաձայնութիւնը միակողմանի զինադադար չէ, եւ Իսրայէլին իրաւունք պիտի տրուի գործելու, եթէ Հըզպալլա փորձէ վերազինուիլ կամ նոր յարձակումներ գործել: Եթէ Հըզպալլա յանձնառու դառնայ, Իսրայէլ յանձնառու պիտի դառնայ»:
«Սպիտակ տունը կը յուսայ առկախ մնացած վիճելի հարցերը յառաջիկայ ժամերուն լուծել եւ համաձայնութիւնը կիրակի օր յայտարարել, թէեւ համաձայնութիւնը կրնայ 60 օրուան պայմանաժամէն առաջ տապալիլ, եթէ Ուաշինկթըն նկատէ, թէ Իրան հիւլէական բանակցութիւններուն մէջ լուրջ չէ», նշեց «Աքսիոս»:
Միւս կողմէ, իսրայէլացի պաշտօնատարի մը համաձայն, «Նեթանիահու Թրամփին շեշտեց, թէ Իսրայէլ ազատութիւնը ունի որեւէ սպառնալիքի, ներառեալ Լիբանանի մէջ որեւէ սպառնալիքի դէմ գործելու, եւ Թրամփ զօրակցեցաւ անոր պահանջին»:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը նշած է. «Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ փոխըմբռնումներու մէջ Լիբանանի ներառումը վատ է»:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանը հաղորդեց. «Նեթանիահու նախարարներուն Թեհրանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ մօտալուտ համաձայնութեան մասին խօսիլը արգիլող ցուցմունքներ տուաւ»:
Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնն ալ հաղորդեց. «Տակաւին Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ փոխըմբռնման յուշագիրի երկու կամ երեք կէտերու շուրջ տարակարծութիւն գոյութիւն ունի»:
Նախքան Այդ
Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով իրանեան բանակցային պատուիրակութեան մօտիկ աղբիւրի մը, շաբաթ օր հաղորդեց, թէ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ շարք մը վիճելի հարցերու շուրջ յառաջընթաց արձանագրուած է, սակայն համաձայնութիւն ձեռք պիտի չբերուի առանց բոլոր տարակարծութիւններու կարգաւորման:
Անոր համաձայն, վիճելի հարցերու շուրջ բանակցութիւններն ու խորհրդակցութիւնները տակաւին կը շարունակուին Փաքիստանի միջնորդութեամբ:
Աղբիւրը ընդգծած է, որ որոշ հարցերու մէջ որոշակի յառաջընթաց արձանագրուած է, սակայն քանի դեռ բոլոր վիճելի հարցերը չեն կարգաւորուած, համաձայնութիւն ձեռք պիտի չբերուի:
Ըստ անոր տեղեկութիւններուն, ներկայիս հիմնական ուշադրութիւնը կեդրոնացած է պատերազմի դադրեցման հարցին վրայ, եւ քանի տակաւին այդ հարցը չէ կարգաւորուած, ոչ մէկ այլ հարց պիտի քննարկուի:
Աղբիւրներ «Սքայ Նիուզ Արապիա»-ին յայտնած են, որ Իրանի կառավարութեան ու Յեղափոխական պահակագունդին միջեւ բուռն տարակարծութիւն կայ բանակցութիւններուն մէջ Թեհրանի պահանջներուն շուրջ: Մինչ Յեղափոխական պահակագունդը կառչած կը մնայ իր պահանջներուն շուրջ որեւէ զիջում մերժելու իր կարծր դիրքորոշման, կառավարութիւնը` նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի ղեկավարութեամբ, հակամէտ է ընդունելու միջնորդներուն կողմէ Իրանին ներկայացուած առաջարկը:
Աղբիւրները կ՛աւելցնեն, թէ Իրան կը պահանջէ իրանեան նաւահանգիստներու շրջափակման վերացումը, Հորմուզի նեղուցը վերաբանալու համար շրջանին մէջ կուտակուած ուժերու հեռացումը եւ 30 օր տեւողութեամբ բանակցութիւններու փուլի դիմելը:
Աղբիւրներ «Սքայ Նիուզ Արապիա»-ին նշած են, որ մինչեւ հիմա չհամաձայնեցուած հարցերը կը ներառեն Լիբանանի մէջ պատերազմի դադրեցումն ու իրանեան դրամատնային հաշիւներու ապասառեցումը:
Անոնք նաեւ յայտնեցին, որ փաքիստանցի միջնորդը կրցած է իրանեան հիւլէական թղթածրարի հանգոյցը շրջանցել:
Աղբիւրները «Սի.Պի.Էս.Նիուզ»-ին յայտնած են, որ ամերիկեան զինուորական գերատեսչութեան եւ հետախուզական համայնքի որոշ ներկայացուցիչներ` հաւանական հարուածներու սպասումով, չեղեալ նկատած են շաբաթավերջի եւ մայիսի վերջին երկուշաբթի օրը նշուող Յիշատակի օրուան իրենց ծրագիրները:
Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ուրբաթ օր գումարուած ժողովի ընթացքին իր օգնականներուն յայտնած է, որ կ՛ուզէ դիւանագիտական ուղիին յաւելեալ ժամանակ ընծայել:
Փաքիստանեան բանակի հրամանատար զօր. Ասեմ Մունիր շաբաթ օր Թեհրանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի եւ խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆի հետ, եւ կէսօրին երկրորդ անգամ ըլլալով հանդիպում ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ:
Քալիպաֆ զօր. Մունիրի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Իրան ինչպէս ճակատամարտին մէջ (իր իրաւունքները) պաշտպանեց, նաեւ դիւանագիտութեան ճամբով կը ջանայ իր իրաւունքները ապահովել»:
Ան աւելցուց, որ Իրան «իր ժողովուրդի եւ երկրի իրաւունքներէն պիտի չհրաժարի, մանաւանդ այն կողմին դիմաց, որ անկեղծ չէր, եւ անոր վրայ վստահութիւն չունինք»:
«Եթէ Միացեալ Նահանգներու նախագահը անմտութիւն գործէ եւ պատերազմին վերադառնայ, մեր հակադարձութիւնը աւելի ուժեղ եւ քանդիչ պիտի ըլլայ», աւելցուց ան:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ