Որոնել

Թեհրան, բանակցութիւնները պատերազմի աւարտին համար Թեհրան, բանակցութիւնները պատերազմի աւարտին համար  (ANSA)

Իրան պատերազմին վերջ տալու Ամերիկեան առաջարկին իր պատասխանը յանձնեց

Իրան Փաքիստանի միջնորդութեամբ պատասխանած է պատերազմին վերջ տալու ամերիկեան առաջարկին՝ կեդրոնանալով նաւարկման անվտանգութեան եւ Լիբանանի ճակատին վրայ, մինչ Միացեալ Նահանգներ եւ դաշնակիցները կը շարունակեն դիւանագիտական ու զինուորական նախապատրաստութիւնները շրջանին մէջ։ Զուգահեռաբար, նախագահ Փեզեշքիան շեշտած է, որ բանակցութիւններու ընթացքը չի նշանակեր նահանջ, եւ կոչ ուղղած է ներքին միասնականութեան ու տնտեսական դիմադրողականութեան։

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ֆրանսական «Էլ.Սի.Այ.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Իրան իրապէս համաձայնութեան հասնիլ կ՛ուզէ»:

Ան աւելցուց, որ «Իրանէն շատ շուտով պատասխան մը կը սպասենք» Փաքիստանի` երկու երկիրներուն միջեւ վարած բանակցութիւններուն մէջ ամերիկեան վերջին առաջարկին շուրջ:

Իրանի պետական ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց. «Իրան փաքիստանցի միջնորդին ճամբով պատերազմին վերջ տալու ամերիկեան առաջարկին իր պատասխանը ուղարկեց»:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը նշեց, որ Թեհրան ամերիկեան առաջարկին իր պատասխանին մէջ Ծոցի եւ Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւարկման անվտանգութեան երաշխաւորումը գերակայ խնդիր նկատած է:

Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանը նշեց. «Թեհրանի պատասխանը կը կեդրոնանայ բոլոր ճակատներուն վրայ, մասնաւորաբար Լիբանանի մէջ պատերազմին վերջ տալուն ու նաւարկման անվտանգութեան երաշխաւորման վրայ»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ Քաթարի վարչապետին հետ քննարկած է Միջին Արեւելքի մէջ անվտանգութեան հարցը:

Նախքան այդ, «Աքսիոս» հաղորդած էր, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ եւ ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ Իրանի դէմ պատերազմին վերջ տալու համաձայնութեան գոյացման ջանքերու ծիրին մէջ Մայամիի մէջ հանդիպում ունեցած են Քաթարի վարչապետին հետ:

Փաքիստանեան բանակի հրամանատար զօր. Ասեմ Մունիր յայտարարեց, թէ իր երկիրը Միջին Արեւելքի մէջ անկողմնակալ միջնորդութիւն կը կատարէ տեւական խաղաղութեան հաստատման համար:

Ան աւելցուց, որ Փաքիստան այս միջնորդութեան մէջ իր ամբողջ ջանքը կը թափէ` աւելցնելով, որ իր երկիրը այդ ջանքերը կը շարունակէ:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտնած է. «Թրամփ Նեթանիահուին խոստացաւ, որ իրանեան իւրանիոմի հարցին շուրջ զիջում պիտի չկատարէ»:

Մինչ այդ, բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը հաղորդեց, թէ Թրամփի եւ Նեթանիահուի միջեւ յարաբերութեան մէջ լարուածութիւնը մագլցում արձանագրած է` նշելով. «Անոնցմէ իւրաքանչիւրը միւսին մեծ վնասներ պատճառեց»:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի ծովուժը յայտարարեց. «Իրանեան քարիւղատար կամ առեւտրական նաւերուն վրայ որեւէ յարձակումի շրջանին մէջ ամերիկեան կեդրոններուն ու թշնամիի նաւերուն վրայ լայնածաւալ յարձակում մը պիտի յաջորդէ»:

«Պլումպըրկ» հաղորդեց, որ բրիտանական իշխանութիւնները յայտարարած են, թէ «Տրակըն» խորտընկէցը մուտք գործած է Միջին Արեւելքի շրջան` առ ի պատրաստութիւն Հորմուզի նեղուցին մէջ անվտանգութեան ապահովման առաքելութեան իր մասնակցութեան:

Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը ըսած է, թէ նշեալ մարտանաւը շրջանին մէջ կը տեղակայուի Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի ղեկավարած բազմազգեան դաշինքի ծիրին մէջ:

Ֆրանսայի նախագահի գրասենեակը իր կարգին յայտարարեց, թէ ֆրանսական ծովուժի «Շարլ Տը Կոլ» օդանաւակիրը կ՛ուղղուի դէպի Կարմիր ծովու հարաւ` առ ի պատրաստութիւն Հորմուզի նեղուցի վերաբացման եւ այդտեղ անվտանգութեան ապահովման:

Ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին համաձայն, Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Մոջթաբա Խամենէին անվտանգութեան նկատառումներով կը զգուշանայ հրապարակային ելոյթ ունենալէ:

Փեզեշքիան. «Բանակցութեան Մասին Խօսիլը Անձնատուութիւն Կամ Նահանջ Չի Նշանակեր»

Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան յայտնեց. «Թշնամին պատերազմին մէջ ձախողելէն ետք կը փորձէ պատերազմը տնտեսութեան դաշտ փոխադրել»:

Ան քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց «դաւադրութիւնը» ձախողութեան մատնելու:

«Պէտք է ուժանիւթի խնայողութեան մշակոյթը տարածել: Երկիրը ծայրայեղ կարիքը ունի սպառումն ու խնայողութիւնը վերահսկելու», աւելցուց Փեզեշքիան:

Իրանի նախագահը երէկ աւելի ուշ շեշտեց, որ իրանցի ժողովուրդը «երբեք թշնամիին պիտի չենթարկուի»:

«Բանակցութիւններուն մասին խօսիլը անձնատուութիւն կամ նահանջ չի նշանակեր», ընդգծեց Փեզեշքիան:

«Ժողովուրդը պէտք է գիտակցի երկրի կացութեան իրողութեան ու գոյութիւն ունեցող սահմանափակումներուն: Բնական է, որ դժուարութիւններ ըլլան», ըսաւ ան:

Իրանի նախագահը աւելցուց, որ խնդիրները «կարելի է լուծել ժողովուրդի գործակցութեամբ եւ ազգային համախմբուածութեան ու միասնութեան միջոցով»:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/05/2026, 09:00