About 50 migrants arrive in Lanzarote on rubber dinghy

«Գաղթականութիւնը պէտք է ըլլայ ընտրութիւն եւ ոչ թէ անհրաժեշտութիւն». Կութիերէս

Կութիերէս մէջբերած է տագնապալի տուեալներ. վերջին չորս տարիներուն ընթացքին առնուազն 200 հազար մարդ դարձած է մարդկային առեւտուրի զոհ, իսկ վերջին երկու տարուան ընթացքին աւելի քան 15 հազար գաղթականներ մահացած կամ անհետացած են գաղթի ճամբաներուն վրայ: Հետեւաբար, ան կոչ ուղղած է կառավարութիւններուն՝ մարդկային իրաւունքները դնելու գաղթականութեան քաղաքականութեան կեդրոնը, վերջ տալով մանուկներու եւ ընտանիքներու ձերբակալութեան ու երաշխաւորելով կրթութեան, առողջապահութեան եւ սոցիալական պաշտպանութեան հասանելիու
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերէս, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան գաղթականութեան վերաբերեալ համաժողովին ընթացքին, դատապարտած է գաղթականներու աճող ապամարդկայնացումը, որոնք յաճախ քաղաքական նպատակներու համար «քաւութեան նոխազ» կը դառնան:

Ան յիշեցուցած է, որ գաղթականութիւնը միշտ նպաստած է հասարակութիւններու տնտեսական եւ մշակութային զարգացման, սակայն այսօր միլիոնաւոր մարդիկ կը դիմագրաւեն բռնութիւն, շահագործում եւ մարդկային իրաւունքներու խախտումներ:

Կութիերէս մէջբերած է տագնապալի տուեալներ. վերջին չորս տարիներուն ընթացքին առնուազն 200 հազար մարդ դարձած է մարդկային առեւտուրի զոհ, իսկ վերջին երկու տարուան ընթացքին աւելի քան 15 հազար գաղթականներ մահացած կամ անհետացած են գաղթի ճամբաներուն վրայ: Հետեւաբար, ան կոչ ուղղած է կառավարութիւններուն՝ մարդկային իրաւունքները դնելու գաղթականութեան քաղաքականութեան կեդրոնը, վերջ տալով մանուկներու եւ ընտանիքներու ձերբակալութեան ու երաշխաւորելով կրթութեան, առողջապահութեան եւ սոցիալական պաշտպանութեան հասանելիութիւնը:

ՄԱԿ-ի ղեկավարը նաեւ պահանջած է աւելի զօրաւոր միջազգային համագործակցութիւն ընդդէմ այն ոճրագործ ցանցերուն, որոնք կը տնօրինեն մարդկային առեւտուրը՝ շեշտելով, որ միայն սահմաններու հսկողութիւնը բաւարար չէ:

Վերջապէս, ան վերահաստատած է ծագման երկիրներու զարգացման համար ներդրումներ կատարելու անհրաժեշտութիւնը՝ յայտարարելով, որ «գաղթականութիւնը պէտք է ըլլայ ընտրութիւն եւ ոչ թէ անհրաժեշտութիւն»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/05/2026, 09:20