Որոնել

2026.02.17 Gerusalemme, Orto degli Ulivi, pace, Terra Santa (Amata J. Nowaszewska CSFN)

Սպասում եւ Իրականացում. Հրեայ-Քրիստոնեայ Յարաբերութիւնները եւ Եսայիի Մարգարէութիւնը

Աշխարհի մը մէջ, ուր Մեսիան ոմանց համար արդէն իսկ եկած է, իսկ ուրիշներ դեռ կը դիտեն հորիզոնը, միակ ճանապարհը դիմացինի յոյսը կամ ուրախութիւնը յարգելն է։ Տարբերութիւնը յարգելը՝ առանց զայն յարձակումի վերածելու, մարգարէին տեսիլքը պատուելու միակ իսկական ճանապարհն է։

Սուրբ Երկրի մէջ քրիստոնեայ համայնքներու եւ հրեայ ծայրայեղական խմբաւորումներու միջեւ պատահած բախումները լոկ քաղաքական բնոյթ չունին։ Աստուածաշունչը ուսումնասիրողներս, կը գիտակցինք, որ քաղաքականութիւնը միայն մակերեսն է շատ աւելի խորունկ՝ աստուածաբանական ու գոյութենական խնդիրի մը։

Այս լարուածութեան արմատները հասկնալու համար պէտք է պրպտել հաւատքի դաշտը, ուր Եսայիի մարգարէութիւնը կեդրոնական դիրք կը գրաւէ։ Անիկա կրնայ ըլլալ թէ՛ կամուրջ եւ թէ՛ պատնէշ՝ նայած թէ ինչպէս կը մեկնաբանուի երկու կողմերէն ։

Եսայի՝ մեսիանական յոյսի երկու տեսանկիւններ

Եսայիի գիրքը հրէական Աստուածաշունչի «Մարգարէներու» բաժնին մէջ մեսիանական յոյսի գերագոյն բնագիրն է։ Ան կը նկարագրէ ապագայ աշխարհ մը, ուր ազգերը իրենց սուրերը պիտի կռեն որպէս խոփ եւ համընդհանուր խաղաղութիւն պիտի տիրէ։ Սակայն, այս յոյսի «իրագործման» շուրջ է, որ դարերու ընթացքին գոյացած է աստուածաբանական անդունդը։

Քրիստոնէութեան համար Եսայիի գիրքը «հինգերորդ Աւետարանն» է։ Մարգարէութիւնները լիովին իրականացած են Յիսուսի մէջ եւ Փրկիչի սպասումը աւարտած է։ Ան եկած է եւ մարդուն հոգեւոր փրկութիւնը հաստատած է ։

Հրէութեան համար սպասումը կը շարունակուի։ Դիտելով պատերազմներով ու անարդարութեամբ լեցուն աշխարհը՝ հրեայ հաւատքը կը հաստատէ, որ Եսայիի նկարագրած նիւթական եւ համաշխարհային խաղաղութիւնը դեռ չէ իրականացած։

Ասիկա լոկ վարդապետական տարբերութիւն չէ, այլ գոյութենական շեղում մըն է։ Մէկ կողմը կ'ապրի «արդէն պատահած»-ի գիտակցութեամբ, իսկ միւսը՝ «դեռ ոչ»-ի սպասումով։

Բռնութեան աղբիւրը. մարգարէութի՞ւնը, թէ մարդկային տկարութիւնը

Պատմականօրէն սխալ է բռնութեան պատասխանատուութիւնը վերագրել Եսայիի գիրքին։ Մարգարէն չի քարոզեր պատերազմ՝ այլադաւանին դէմ. ընդհակառակը, ան կը նկարագրէ Տաճարը որպէս «աղօթքի տուն բոլոր ժողովուրդներուն համար»։ Այսօրուան բռնութիւնը կը բխի ոչ թէ սուրբգրային խօսքերէն, այլ մարդկային երեք ազդակներէ.

Վէրքեր հրեաներուն պատմութեան մէջ։ Քրիստոնեաներու կողմէն հրեաներու դէմ դարերու հալածանքները թողած են խոր հետքեր, որոնք այսօր երբեմն կը վերածուին հակազդեցիկ վրէժխնդրութեան։

Մեսիանական տագնապ։ Հրեաներու կողմէն Աստուծոյ գործին միջամտելու մարդկային փորձութիւնը մեծ է։ Կը կարծուի թէ կարելի է «փրկութեան ժամանակը» արագացնել դիմացինը մերժելով կամ ճնշելով անոր վրայ։

Գաղափարական աղաւաղում։ Կրօնի եւ հաւատքի սկզբունքներու օգտագործումը որպէս վահան՝ ազգայնական նպատակներ հետապնդելու համար, ինչպէս այսօր որոշ պետութիւններ որդեգրած են։

Ո՞վ կրնայ կասեցնել այս բռնութիւնը

Անոնց, որոնք կը հարցնեն, թէ ո՞վ պիտի սանձէ այս բռնութիւնը եւ յարձակումները, պատասխանը կը գտնուի հրէական հիմնական օրէնքին՝ Հալախայի մէջ։ Ռաբունական աւանդութիւնը կը սորվեցնէ, որ մարդկային բռնութիւնը երբեք չի կրնար փոխարինել աստուածային փրկութեան։ Թալմուդը եւ հրեայ մեծագոյն վարդապետները միշտ մերժած են մարգարէներու բառացի ու բռնի մեկնաբանութիւնները՝ յիշեցնելով, որ կեանքի սրբութիւնը եւ օտարի հանդէպ յարգանքը Թորայի անսասան սիւներն են։

Եզրակացնելով՝ Եսայիի գիրքը կը մնայ Աստուծոյ պատգամը, որ կը մարտահրաւիրէ ողջ մարդկութիւնը։ Իսկական հոգեւոր մարտահրաւէրը ոչ թէ դիմացինին համոզելն է, այլ ընդունիլը, որ ան կրնայ ապրիլ տարբեր ժամանակագրութեան մը մէջ։

Աշխարհի մը մէջ, ուր Մեսիան ոմանց համար արդէն իսկ եկած է, իսկ ուրիշներ դեռ կը դիտեն հորիզոնը, միակ ճանապարհը դիմացինի յոյսը կամ ուրախութիւնը յարգելն է։ Տարբերութիւնը յարգելը՝ առանց զայն յարձակումի վերածելու, մարգարէին տեսիլքը պատուելու միակ իսկական ճանապարհն է։

Իսթանպուլ՝ 3 Մայիս, 2026

Հ. Վարդան ԹԾՎրդ Գազանճեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/05/2026, 09:25