Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման Տօնը
Հայ եկեղեցին Սուրբ Զատիկէն քառասուն օր ետք` հինգշաբթի օր, կը նշէ Քրիստոսի Համբարձման տօնը:
Համբարձման տօնը կ՛եզրափակէ Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան շրջանը: Համբարձում կը նշանակէ բարձրացում:
Համբարձումը յարուցեալ Քրիստոսի մարմինով երկինք բարձրանալու եւ Հօր աջ կողմը նստելու յիշատակն է:
Յարութենէն ետք Քրիստոս քառասուն օր մնաց երկրի վրայ եւ երեւցաւ հաւատացեալներուն` իւղաբեր կանանց, Էմմաուսի ճամբորդներուն եւ առաքեալներուն` Վերնատան մէջ եւ Գալիլիոյ Տիբերիական ծովակին եզերքը` վերահաստատելով զանոնք իրենց կոչման եւ հաւատքին մէջ: Յիսուս խօսեցաւ Երկինքի արքայութեան մասին, յուսադրեց, քաջալերեց եւ մխիթարեց բոլորը: Յիսուս նաեւ համբերութիւն եւ արիութիւն սերմանեց բոլորին հոգիներուն մէջ:
Յիսուս Իր աշակերտներուն ըսաւ. «Խաղաղութիւն ընդ ձեզ, իմ եղբայրներ: Ինծի տրուած է ամէն իշխանութիւն երկինքի եւ երկրի վրայ. ինչպէս Հայրը զիս ուղարկեց, ես ալ ձեզ կ՛ուղարկեմ: Գացէ՛ք ուրեմն աշակերտ դարձուցէ՛ք բոլոր ազգերը, մկրտեցէ՛ք զանոնք Հօր եւ Որդւոյ եւ Սուրբ Հոգիին անունով: Ուսուցանեցէ՛ք անոնց պահել այն բոլորը, զոր ձեզի պատուիրեցի: Եւ ահա ես ձեզի հետ եմ բոլոր օրերուն` մինչեւ աշխարհի վախճանը»:
Եւ մինչ Ան կ՛օրհնէր, բաժնուեցաւ անոնցմէ եւ դէպի երկինք վերացաւ: Աշակերտներու հայեացքներէն Զայն ծածկեց լուսեղէն ամպը, եւ նոյն պահուն լուսազգեստ հրեշտակներ երկինքի մէջ երեւցան եւ ազդարարեցին. «Ո՛վ գալիլիացիներ, ինչո՞ւ կանգնած կը նայիք երկինք. այն Յիսուսը, որ ձեր մէջէն երկինք համբարձաւ, պիտի գայ նոյն ձեւով, ինչպէս որ տեսանք Անոր երկինք բարձրանալը»:
Հայր Աստուած ընդունեց Իր սիրելի Որդին եւ նստեցուց Իր աջ կողմը` երկինքի մէջ:
* * *
Համբարձման տօնին նախընթաց չորեքշաբթի օրը աղջիկներ դաշտերէն եօթը գոյնի ծաղիկ կը հաւաքեն եւ փունջեր կը կապեն: Ամէնէն մեծ փունջը կը կոչուի Ծաղկամայր: Ապա եօթը աղբիւրէ ջուրով լեցուած կուժի մէջ իւրաքանչիւրը որեւէ իր կը նետէ: Կուժը ծաղիկներուն հետ կը պահեն եւ կը հսկեն, որ տղաքը չգողնան:
Ծաղկամայրը Վարվառէ կոյսն է, որ կռապաշտ հօրմէն փախչելով Աշտարակի մօտակայ Արայի լերան քարանձաւը ապաստանեցաւ: Հայրը հետապնդեց, հովիւներու մատնութեամբ գտաւ եւ սպաննեց զայն: Նահատակուելէն առաջ Վարվառէ Աստուծմէ խնդրեց, որ ծաղիկ եւ կարմրուկ հիւանդութիւններ ունեցող մանուկները իր անունով բժշկուին: Աստուած կատարեց անոր խնդրանքը, եւ Վարվառէի բարեխօսութիւնը խնդրող ծնողներու զաւակները կ՛ազատին այդ հիւանդութիւններէն:
Համբարձման չորեքշաբթի, լոյս հինգշաբթի գիշերը համարուած է խորհրդաւոր, հրաշալիքներու ու կախարդանքներու գիշեր: Աղջիկներ մէկական հաւկիթ կը դնեն տանիքը, որպէսզի հրեշտակները հաւկիթներուն վրայ իրենց բախտը գրեն:
Այդ կախարդական գիշերը չարերը կրնան աղջիկները փախցնել, հետեւաբար տղամարդիկ բացօթեայ արթուն կը հսկեն:
Այդ գիշեր` չորեքշաբթիէն լոյս հինգշաբթի, երկինքի աստղերը տարբեր կողմերէ գալով ջերմ համբոյրներով կը գիրկընդխառնուին, երկինքի դուռերը կը բացուին, եւ բոլորին իղձերն ու երազները կ՛իրականանան:
Այդ գիշեր կը յիշուի իրենց մուրազին չհասած սիրահար զոյգին` Լէյլայի ու Մեճնունի հանդիպման դրուագը: Լէյլա ու Մեճնուն Աստուծմէ խնդրեցին իրենց աստղը դարձնել եւ Իր մօտ` երկինք տանիլ: Աստուած կատարեց անոնց խնդրանքը:
Հինգշաբթի առաւօտուն դրացիներով եւ թաղեցիներով իբրեւ մատաղ կաթնապուր կ՛եփեն ու կը բաժնեն: Քանի մը շերեփ կաթնապուր ալ արտերուն շուրջ կը սփռեն, հունձքի առատութեան եւ արտերը մարախէն ու կարկուտէն պաշտպանելու համար: Աղջիկներ երգելով տունէ տուն կը շրջին եւ ծաղկեփունջեր կը նուիրեն:
Կէսօրին աղջիկներ բոլորակ կը նստին, իրենց առջեւ կը դնեն կուժն ու ծաղկեփունջերը եւ կը սկսի վիճակը` «Ջան գիւլում, ջան ջան: Ջան ծաղիկ, ջան ջան» երգելով: Աղջիկներէն ամէնէն կրտսերը խորհրդաւոր կուժին մէջէն կը հանէ ամէն մէկուն վիճակը: Բոլոր ծաղիկները բաժնելէն ետք Ծաղկամայրը եկեղեցիին կը նուիրեն:
Համբարձման տօնը կը յուշէ, եւ սուրբ եկեղեցին մեզի կը սորվեցնէ, որ հաւատքով անհաւատալին իրականութիւն կը դառնայ եւ նեղութեան ու խաւարին կը յաջորդէ յաւիտենական լոյսը եւ յարուցեալ կեանքը:
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ