Որոնել

Մխիթար Սեբաստացի Մխիթար Սեբաստացի 

Մխիթար Սեբաստացիի 350-ամեակ. Երեւանի մէջ փողոց մը անուանակոչուեցաւ մեծանուն հայագէտի պատուին

Մխիթար Սեբաստացիի ծննդեան 350-ամեակին առթիւ, Երեւանի Աջափնեակ վարչական շրջանի փողոցներէն մէկը պաշտօնապէս անուանակոչուեցաւ մեծանուն հայագէտին անունով։ Այս նախաձեռնութիւնը, յոբելենական համերգներուն եւ ցուցահանդէսներուն կողքին, նպատակ ունի արժեւորելու Սեբաստացիի հսկայական գիտամշակութային ժառանգութիւնն ու լուսաւորական աւանդը հայ իրականութեան մէջ։

2026 թուականը հայ մշակութային եւ հոգեւոր կեանքին համար ունի առանձնայատուկ խորհուրդ․ կը լրանայ Մխիթար Սեբաստացիի՝ հայ մեծանուն հոգեւորականի, գիտնականի, բանաստեղծի եւ Մխիթարեան Միաբանութեան հիմնադրի ծննդեան 350-ամեակը։ Այս յոբելեանը ոչ միայն յարգանքի տուրք է, այլ նաեւ առիթ՝ վերարժեւորելու անոր ձգած ժառանգութիւնն ու անոր արդիականութիւնը մեր օրերուն մէջ։

Յոբելենական տարուան շրջանակէն ներս, Երեւանի քաղաքային իշխանութիւնները եւս միացած են յիշատակի եւ գնահատանքի այս ընթացքին։ Երեւանի աւագանին, առաջնորդուելով «Երեւան քաղաքին մէջ տեղական ինքնակառավարման մասին» օրէնքով եւ ՀՀ կառավարութեան սահմանած կարգով, որոշում կայացուցած է Աջափնեակ վարչական շրջանի Սիլիկեան թաղամասի 2-րդ փողոցը անուանակոչել Մխիթար Սեբաստացիի անունով։ Նշեալ փողոցը, որ զուգահեռ է թաղամասի առաջին փողոցին, այսուհետեւ պիտի կրէ այն մարդուն անունը, որուն գործունէութիւնը դարեր շարունակ լուսաւորած է հայ մտաւորական դաշտը։

Փողոցի անուանակոչումը խորհրդանշական քայլ մըն է․ անիկա քաղաքային տարածքին մէջ կ'ամրագրէ անուն մը, որ իր ժամանակէն առաջ կը մտածէր՝ ձգտելով համադրել ազգային ինքնութիւնը եւրոպական գիտական միտքին հետ եւ ստեղծել կրթական ու մշակութային նոր հորիզոններ։

Սեբաստացիի 350-ամեակը ընդգրկուած է նաեւ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան 2026 թուականի յոբելենական ծրագիրներուն մէջ, ինչ որ կը շեշտէ անոր ժառանգութեան պետական մակարդակով արժեւորումը։ Տարուան ընթացքին իրականացուած են շարք մը նշանակալի նախաձեռնութիւններ, որոնք նպատակ ունին յիշեցնելու անոր մասին եւ վառ պահելու Մխիթար Սեբաստացիի անունը։

ՀՀ Կեդրոնական դրամատունը թողարկած է «Մխիթար Սեբաստացիի ծննդեան 350-ամեակ» խորագրով արծաթեայ յուշադրամ, որ խորհրդանշական կերպով կը միաւորէ պատմական յիշողութիւնն ու մշակութային ինքնութիւնը։

Երաժշտական կեանքին մէջ նոյնպէս արձագանգ գտած է համահայկական այս յոբելեանը․ Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան եւ Մխիթար Սեբաստացիի անունը կրող կրթական հաստատութեան «Սեբաստիա» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցած են տօնական համերգներ։ Երեւանի պետական կամերային երգչախումբի կատարմամբ հնչած են Մաշտոցի, Շնորհալիի եւ Նարեկացիի ստեղծագործութիւնները՝ ընդգծելով այն հոգեւոր-մշակութային շղթան, որուն շարունակողներէն էր նաեւ Սեբաստացին։

Յոբելենական ձեռնարկներու շարքին մէջ առանձնայատուկ տեղ ունի նաեւ Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ բացուած ցուցահանդէսը, որ նուիրուած է թէ՛ Սեբաստացիի 350-ամեակին, թէ՛ Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան հիմնադրման 325-ամեակին։ Այս ցուցադրութիւնը առիթ կու տայ վերարժեւորելու այն գիտական եւ գրական հսկայական ժառանգութիւնը, որ ձեւաւորուած է Մխիթարեաններու գործունէութեան շնորհիւ եւ մինչեւ օրս կը մնայ հայագիտութեան հիմնասիւներէն մէկը։

Մխիթար Սեբաստացիի կերպարը հայ իրականութեան մէջ վաղուց դուրս եկած է պարզապէս պատմական դէմքի սահմաններէն։ Ան լուսաւորութեան, կրթութեան եւ ազգային ինքնագիտակցութեան վերածնունդի խորհրդանիշն է։ Անոր հիմնած միաբանութիւնը դարեր շարունակ եղած է հայ միտքի պահպանման եւ զարգացման կարեւոր կեդրոն՝ նպաստելով լեզուի, գրականութեան, պատմագիտութեան եւ թարգմանական արուեստի ծաղկումին։

Այս ծիրէն ներս, Երեւանի մէջ անոր անունով փողոցի անուանակոչումը արժեհամակարգային պատգամ մըն է։ Անիկա յիշեցում է, թէ քաղաքը ոչ միայն տարածք է, այլ նաեւ յիշողութիւն կրող միջավայր, ուր իւրաքանչիւր անուն պատմութիւն ունի եւ գաղափարներ կը փոխանցէ սերունդներուն։

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/05/2026, 07:30