2026.05.05 Conferenza "Immagini della memoria" a Yerevan

«Յիշողութեան Կերպարանքները» գիտաժողովը Երեւանի մէջ

Գիտաժողովը հիւրընկալեց 16 երկրներէ 36 մասնակիցներ, որոնք քննարկեցին ձեռագիր եւ տպագիր ժառանգութեան արդիական միջոցներով պահպանութեան ու վերականգնումի խնդիրները:

Երեւանի Մաշտոցեան Մատենադարանի մէջ 28 Ապրիլ-էն 1 Մայիս 2026 թուականներուն տեղի ունեցաւ «Յիշողութեան Կերպարանքները» գիտաժողովը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Զմմառու Մայրավանքի գրադարանապետ Հ. Նարեկ վրդ. Լուիսեանը:

Գիտաժողովի բացման նիստին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Հայաստանի Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարմնակրթութեան նախարար՝ Ժաննա Անդրէասեան, Եւրոպական Միութեան Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար՝ դեսպան Վասիլիս Մարակոս եւ Մատենադարանի տնօրէն ծ՝ Տիար Արա Խզմալեան:

Գիտաժողովը հիւրընկալեց 16 երկիրներէ 36 մասնակիցներ, որոնք քննարկեցին ձեռագիր եւ տպագիր ժառանգութեան արդիական միջոցներով պահպանութեան ու վերականգնումի խնդիրները:

Գիտաժողովի օրերուն տեղի ունեցան վարպետութեան դասեր՝ կազմարարութեան, թուղթի մաքրման, թուղթի պատրաստման եւ այլ նիւթերու շուրջ։

Գերպ. Հ. Նարեկ վրդ.ը պիտի մասնակցի նաեւ ձեռագիրներու վերականգնումի ու նորոգութեան մասին ծրագիրի մը, զոր պիտի իրականացնեն հաստատութեան մասնագէտները: Անիկա մեծապէս պիտի նպաստէ Զմմառու Մայրավանքէն ներս ձեռագիր գանձերու պահպանման գործընթացին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/05/2026, 07:52