Ժիէի մայրուղիին եւ Սաատիեթի ճամբուն վրայ ինքնաշարժներու վրայ Իսրայէլեան յարձակումներ
Իսրայէլեան օդուժը երէկ առաւօտեան Պէյրութի հարաւը գտնուող Ժիէի մայրուղիին վրայ ինքնաշարժ մը հարուածեց:
Շուրջ մէկ ժամ ետք, իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը Ժիէի մայրուղիին վրայ երկրորդ յարձակում մը գործելով Պարժա գիւղի մուտքին մօտ հարուածեց այլ ինքնաշարժ մը:
Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը աւելի ուշ ալ Լեռնալիբանանի Շուֆ գաւառի Սաատիեթի ճամբուն վրայ երկու հրթիռներով հարուածեց ինքնաշարժ մը:
Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ վերոնշեալ երեք յարձակումներուն պատճառով արձանագրուած են 8 զոհեր, որոնց շարքին` մայր մը եւ երկու երեխաներ:
Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը նաեւ Սայտայի հիւսիսը գտնուող Սայտայի քաղաքապետական մարզադաշտին մօտ «Ռափիտ» ինքնաշարժ մը հարուածեց` պատճառելով զոհ մը եւ վիրաւոր մը:
Իսրայէլեան օդուժը երէկ շարունակեց հարաւային Լիբանանի եւ Նաթապիէի վրայ իր յարձակումները, մասնաւորաբար հարուածելով Մաժտալզուն, Քունին, Պարաաշիթ, Եանուհ, Արապսալիմ եւ Զպտին գիւղերը:
Հըզպալլա երէկ իր կարգին շարունակեց հրթիռակոծել Հարաւային Լիբանանի մէջ գտնուող իսրայէլեան ուժերը:
Ապահովական աղբիւր մը իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթին հաղորդեց, որ Հըզպալլան չորեքշաբթի օր հիւսիսային Իսրայէլի վրայ անօդաչու թռչող սարքերով գործած է մինչեւ հիմա «ամէնէն ուժեղ», «ամէնէն ընդարձակ» եւ իր տեսակին մէջ առաջին յարձակումը, որուն պատճառով երկու իսրայէլացի զինուորներ վիրաւորուած են, իսկ մէկ այլ դիրքի մէջ ալ հրդեհ յառաջացած է:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ