Մաքրոն, Սթարմըր, Քառնի, Զելենսքի եւ շարք մը այլ երկիրներու պեկավարներ հասան Հայաստան` մասնակցելու Եւրոպական Քաղաքական Համայնքի Վեհաժողովին
Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ վեհաժողովին մասնակցելու համար Հայաստան հասած են շարք մը երկիրներու ղեկավարներ:
Անոնց շարքին են` Ռումանիոյ, Մոլտովայի, Զուիցերիոյ, Ուքրանիոյ, Յունաստանի, Պուլկարիոյ, Պոսնիա-Հերցեկովինայի, Հիւսիսային Մակեդոնիոյ նախագահները, ինչպէս նաեւ Մոնաքոյի իշխանը:
Ուքրանիոյ նախագահի բանբերը յայտնած է, որ Երեւանի մէջ նախատեսուած են երկկողմանի հանդիպումներ` Մեծն Բրիտանիոյ, Նորվեկիոյ, Ֆինլանտայի եւ Չեխիոյ վարչապետներուն հետ:
Պետական այցելութեամբ Հայաստան է նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն: Երեւան հասած են նաեւ Քանատայի, Մեծն Բրիտանիոյ, Չեխիոյ, Լեհաստանի, Նորվեկիոյ, Լիթուանիոյ, Սերպիոյ, Ֆինլանտայի, Լիւքսամպուրկի, Վրաստանի, Էսթոնիոյ, Քոսովոյի, Լիխթենշթայնի, Անտորրայի, Պելճիքայի, Իրլանտայի, Ալպանիոյ, Խրուաթիոյ եւ Իտալիոյ վարչապետները:
Վեհաժողովին մասնակցելու համար Հայաստան հասած են նաեւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոշթան եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյենը:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ