2026.04.21 VENEZIA - Inaugurazione di una targa commemorativa dedicata allo scrittore armeno Avetik Isahakyan

Վենետիկի մէջ յուշաքար մը զետեղուեցաւ ի պատիւ Աւետիք Իսահակեանին

Յուշաքարը կը խորհրդանշէ երկու երկիրներու միջեւ մշակութային երկխօսութիւնը։ Յուշաքարին վրայ ուրուագծուած է Ռիալթոյի կամուրջը, որ «Մի մրահոն աղջիկ տեսայ Ռիալտոյի կամուրջին․․․» յայտնի բանաստեղծութեան խորհրդանիշ է եւ Վարպետի սիրելի ճարտարապետական կառոյցներէն մէկուն՝ Երերոյքի տաճարի զարդանախշը։ Յուշատաքարին վրայ եղած QR նշանով այցելուները կրնան կապը բանալ «Իսահակեանը եւ Վենետիկը» տեսանիւթին։ Յուշաքարը ճարտարապետ Հայկ Ասատրեանի գործն է։

Աւետիք Իսահակեանի ծննդեան 150ամեակի յոբելեանին առթիւ, Վենետիկի մէջ Ապրիլ 17ին կատարուեցաւ յուշաքարի մը քօղազերծման արարողութիւնը։ Յուշաքարը զետեղուեցաւ այն տան մուտքի կողքին, ուր վաստակաւոր հայ գրողը բնակած է 1921-1926ին, այսպէս քաղաքին լաբիւրինթոսային քարտէզին աւելցնելով ուղեքար մը եւս, որ կը խորհրդանշէ վենետահայ հարուստ եւ հազարամեայ պատմութիւնը։

Ձեռնարկին ներկայ կը գտնուէին եւ խօսք առին Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարի տեղակալ Ալֆրեդ Քոչարեան, Հայաստանի դեսպան Վլադիմիր Կարապետեան եւ Լեւոն արք. Զէքիեան, Վենետիկի փոխքաղաքապետ Սիմոնէ Վենտուրինի, եւ Վենետիկի Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Գագիկ Սարուխանեան, ինչպէս նաեւ Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանի տնօրէնուհի Բելլա Իսահակեան, որ յայտնի նկարիչին ինչպէս նաեւ Աւետիք Իսահակեանի ծոռնուհին է։ Մխիթարեան միաբանութենէն ներկայ էին Վահան վրդ. Օհանեան, Սերոբ վրդ. Չամուրլեան, եւ Համազասպ վրդ. Քէշիշեան, որ իր սրտի խօսքը բերաւ բացումէն վերջ տեղի ունեցած ընդունելութեան մը ընթացքին, մօտակայ սրահի մը մէջ, անդրադառնալով մեծանուն բանաստեղծին կերպարին եւ իր սերտ կապերուն միաբան հայրերուն հետ։

Վլադիմիր Կարապետեան եւ ներկաներ

Իսահակեանի բնակարանի հասցէն էր Dorsoduro 2266։ Անիկա կը պատկանէր Վենետիկի ազնուական Դէ Մարքի (De Marchi) ընտանիքին եւ շատ մօտ է Մխիթարեան միաբանութեան Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանին, ուր աշակերտած է Իսահակեանի որդին, Վիգէնը։ «Դորսոդուրօ փողոցում գտնուող այս տունը` N 2266, որտեղ ապրեցինք վեց տարի, պարտէզով շրջապատուած մի հին առանձնատուն էր, որը Վենետիկի համար հազուագիւտ բան էր», գրած է Վիգէն Իսահակեան, աւելցնելով․ «Հօրս աշխատասենեակը երկրորդ յարկում էր, նայում էր պարտէզին: Աղաւնիները գալիս էին, նստում պատուհանի եզրին եւ ուտելիք պահանջում։ Սենեակում էին հօրս գրասեղանը եւ թախտը։ Հայրս պատին ամրացրել էր Հայաստանի քարտէզը եւ իր սիրելի մօր՝ Ապլայի պատկերը: Այս սեղանին հայրս գրեց իր ստեղծագործութիւններից մի քանի ընտիր գոհարներ, ինչպիսիք են՝ «Ռավեննայում» կամ էլ «Հայրենիքիս»․․․ Այդ գրասեղանին գրեց իր անկրկնելի «Լիլիթը», նաեւ մի սիրային բանաստեղծութիւն` ներշնչուած Ռիալտօ կամրջին հանդիպած մի անծանօթ վենետիկուհով, մշակեց «Սասմա Մհեր» պոէմը: Հրապարակեց բանաստեղծական մի նոր ժողովածու՝ «Աշնան Ծաղիկներ» վերնագրով: Հօրս ստեղծագործական կրակը կարծես նորից արթնացել էր»։

Լեւոն արք․ Զէքիեան

Բելլա Իսահակեան

Յուշաքարը կը խորհրդանշէ երկու երկիրներու միջեւ մշակութային երկխօսութիւնը։ Յուշաքարին վրայ ուրուագծուած է Ռիալթոյի կամուրջը, որ «Մի մրահոն աղջիկ տեսայ Ռիալտոյի կամուրջին․․․» յայտնի բանաստեղծութեան խորհրդանիշ է եւ Վարպետի սիրելի ճարտարապետական կառոյցներէն մէկուն՝ Երերոյքի տաճարի զարդանախշը։ Յուշատաքարին վրայ եղած QR նշանով այցելուները կրնան կապը բանալ «Իսահակեանը եւ Վենետիկը» տեսանիւթին։ Յուշաքարը ճարտարապետ Հայկ Ասատրեանի գործն է։

Ծրագիրը իրականացաւ Հայաստանի կրթութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններու համատեղ ջանքերով՝ Իտալիոյ Հայաստանի դեսպանութեան աջակցութեամբ, եւ Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանի ու Վենետիկի Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսութեան կազմակերպութեամբ:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/04/2026, 09:14