TOPSHOT-LEBANON-ISRAEL-IRAN-US-WAR

Թրամփ. «Իսրայէլ այսուհետեւ Լիբանանը պիտի չռմբակոծէ»

Բազմահազար տեղահանուած քաղաքայիններ երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսան հարաւ ուղղուիլ, այդ պատճառով ալ հարաւային Լիբանան տանող ճամբաներուն վրայ մեծ խճողում ստեղծուեցաւ: Լիբանանեան բանակը վերաբացաւ Քասիմիայի քանդուած կամուրջը եւ այլ անցակէտեր` դէպի հարաւ տեղափոխումը դիւրացնելու համար:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Թրութ Սոշըլ» ընկերային ցանցին վրայ գրառում մը կատարելով յոյս յայտնեց, որ Հըզպալլան ազնիւ կերպով վարուի եւ բարի վարմունք ցուցաբերէ «այս կարեւոր ժամանակի ընթացքին»:

«Անոնց համար հոյակապ պահ պիտի ըլլայ, եթէ այդ մէկը կատարեն: Ո՛չ յաւելեալ սպանութեան: Պէտք է վերջապէս խաղաղութիւն ըլլայ: Շնորհակալութիւն այդ հարցին ձեր ուշադրութեան համար», աւելցուց ան:

Թրամփ աւելի ուշ ալ լրագրողներու յայտարարեց. «Լիբանանի համար պատմական օր է, լաւ բաներ տեղի կ՛ունենան»:

Թրամփ աւելի ուշ ալ նշեց. «Միացեալ Նահանգներ Լիբանանի հետ անջատաբար պիտի գործեն եւ Հըզպալլայի առնչուած կացութեան հետ յարմար կերպով պիտի վարուին»:

«Իրանի հետ համաձայնութիւնը Լիբանանի հետ որեւէ կապ չունի», նշեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

«Իսրայէլ այսուհետեւ Լիբանանը պիտի չռմբակոծէ: Ատիկա Միացեալ Նահանգներու կողմէ արգիլուեցաւ: Բա՛ւ է», յայտարարեց Թրամփ:

Բազմահազար տեղահանուած քաղաքայիններ երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսան հարաւ ուղղուիլ, այդ պատճառով ալ հարաւային Լիբանան տանող ճամբաներուն վրայ մեծ խճողում ստեղծուեցաւ:

Լիբանանեան բանակը վերաբացաւ Քասիմիայի քանդուած կամուրջը եւ այլ անցակէտեր` դէպի հարաւ տեղափոխումը դիւրացնելու համար:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 15-րդ կայանը նշեց. «Լիբանանի մէջ զինադադարի յայտարարութենէն ետք սկսան կամուրջները վերանորոգել եւ իրենց տուներ վերադառնալ»:

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը գրեց. «Թրամփ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ զինադադարը պարտադրեց իրանցիները գոհացնելու համար»:

Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը իր կարգին հաղորդեց. «Թրամփի` Իսրայէլի նախարարաց խորհուրդի որոշումէն առաջ Լիբանանի մէջ զինադադար յայտարարելը զայրացուց իսրայէլացի նախարարները»:

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ բանակը կը զօրակցի ներկայ պահուն եւ ներկայ ծիրին մէջ զինադադարին, եւ բանակի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն կարծիքով, անիկա ճիշդ որոշում է. զինուորական գործողութիւնները կուտակուելով հասած են կացութեան մը, եւ ժամանակն է Լիբանանի մէջ քաղաքական շարժումի եւս առիթ տալու:

«Այստեղ առիթ կայ: Կ՛ուզենք, որ լիբանանեան պետութիւնը կացութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնէ, եւ Հըզպալլայի զինաթափման ծրագիր պատրաստուի», ըսած է իսրայէլեան բանակէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը:

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը աւելցուց, որ բանակին պաշտօնատարները գործնականին մէջ կը կարծեն, թէ Հըզպալլայի զինուորական գործողութեան ճամբով բռնի զինաթափումը ներկայիս կարելի չէ, եւ կարելի չէ ամբողջ Լիբանանը գրաւել ու գիւղ առ գիւղ, տուն առ տուն խուզարկութիւն կատարել:

Մինչ այդ, աղբիւրներ «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթին յայտնեցին. «Հըզպալլայի սպառնալիքի վերացումէն առաջ Լիբանանէն հեռացում չկայ»:

Օրաթերթը նաեւ նշեց. «Իսրայէլ մտադիր է Լիբանանի հետ որեւէ համաձայնութեան մէջ բանակի ազատ շարժումի երաշխաւորումը ապահովել»:

Իսրայէլացի պաշտօնատարներ ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնեցին, որ Թրամփ ինքն է, որ Լիբանանի մէջ զինադադար հաստատելու մղեց:

Իսրայէլեան «Ուալլա» կայքը, մէջբերելով իսրայէլեան ապահովական պաշտօնատար մը, հաղորդեց, որ իսրայէլեան ուժերուն եւ Հըզպալլայի միջեւ անջատման գիծին 24 ժամուան ընթացքին նախատեսուող հաստատումէն ետք, իսրայէլեան բանակը վերստին պիտի ձեռնարկէ շրջանի խուզարկման եւ ենթակառոյցներու որոնման ու քանդումին, ճիշդ ինչպէս ըրաւ Կազայի Դեղին գիծի շրջանին մէջ:

Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը գրեց. «Պատերազմը «Առիւծի մռնչիւնով» սկսաւ, սակայն երբ դէպքը կը սկսի ինքն իր վրայ փուլ գալ, եւ ճակատամարտի հետեւանքները որեւէ ատենէ աւելի դառն կ՛ըլլան, անիկա կատուի մլաւոցի կը սկսի նմանիլ»:

Միւս կողմէ, Լիբանանի նախագահ Ժոզեֆ Աունի մօտիկ աղբիւր մը ամերիկեան կայքի մը նշած է, որ նախագահ Աունի Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ հանդիպումը ներկայ փուլին բացառուած է:

«Լիբանանի նախագահին Նեթանիահուի հետ հանդիպման համաձայն գտնուիլը բացառուած է, եթէ իսրայէլեան ուժերը Լիբանանի մէջ մնան», ընդգծած է աղբիւրը:

Հըզպալլա հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «45 օրուան ընթացքին 2184 զինուորական գործողութիւն կատարեցինք, եւ մեր մատը տակաւին փլթակին վրայ է` առ ի զգուշացում թշնամիին նենգութեան»:

Նեթանիահու. «Լիբանանի Հետ Քաղաքական Եւ Զինուորական Ամբողջական Լուծումի Մը Առիթ Պիտի Տանք»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, որ Թրամփի խնդրանքին հիմամբ «Լիբանանի հետ քաղաքական եւ զինուորական ամբողջական լուծումի մը առիթ պիտի տանք»` նշելով. «Մեր բարեկամ Թրամփի հետ Միջին Արեւելքի դէմքը փոխեցինք եւ հսկայական ձեռքբերումներ արձանագրեցինք»:

«Հիւսիսի մէջ մեծ ձեռքբերումներ արձանագրեցինք: Առաջին անգամ ըլլալով ամբողջ հիւսիսային սահմանին վրայ ապահովական խոր գօտի մը ստեղծեցինք», նշեց ան` աւելցնելով. «Ուզեցին մեզ կրակէ օղակով պաշարել, ուստի ապահովութեան օղակ կառուցեցինք»:

«Հըզպալլան այսօր Նասրալլայի օրերուն իր եղածին շուքն է», ըսաւ Նեթանիահու` նշելով. «Լիբանանի մէջ առաքելութիւնը տակաւին չաւարտեցաւ, եւ տակաւին հարցեր կան, զորս կատարելու կը ծրագրենք»:

«Աշխատանք կը տանինք Հըզպալլան կազմաքանդելու, եւ ատիկա վաղը պիտի չիրականանայ եւ շարունակական ջանք կը պահանջէ», ըսաւ ան:

«43 տարիէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով կը պատահի, որ Իսրայէլի ներկայացուցիչները ուղղակի կերպով կը խօսին Լիբանանի ներկայացուցիչներուն հետ», յայտնեց Իսրայէլի վարչապետը` նշելով. «Մեր մէկ ձեռքին մէջ զէնքը կը բռնենք, իսկ միւսը խաղաղութեան համար երկարած է»:

Զինադադարի Ողջունման Միջազգային Կեցուածքներ

Արաբական եւ արեւմտեան պետութիւններ շտապեցին ողջունել Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ զինադադարը եւ կոչ ուղղեցին ամբողջովին ու անմիջապէս յարգելու անոր բոլոր կէտերը:

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց զինադադարի յայտարարութիւնը, եւ զայն նկատեց մագլցումի մեղմացման ուղղութեամբ առաջին քայլ` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է զայն յարգել եւ շտապ կերպով անոր վրայ կառուցել` ամրապնդելու համար հանդարտեցումը եւ արգիլելու շրջանին մէջ լարուածութեան ծիրի ընդլայնումը:

Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Քաթար բարձր կը գնահատէ Թրամփի միջնորդական ջանքերը, որոնք նպաստեցին զինադադարի յայտարարութեան:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ թագաւորութիւնը կ՛ողջունէ Լիբանանի մէջ զինադադարի մասին Միացեալ Նահանգներու նախագահի յայտարարութիւնը, ինչպէս նաեւ վերահաստատեց, որ թագաւորութիւնը կը կանգնի լիբանանեան պետութեան կողքին` անոր գերիշխանութեան տարածման, զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելուն, որդեգրած բարեկարգչական քայլերուն մէջ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ներուժը, անվտանգութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը պահպանելու անոր ջանքերուն մէջ:

Եգիպտոս իր կարգին ողջունեց Սպիտակ տան ղեկավարի Լիբանանի մէջ 10-օրեայ զինադադարի յայտարարութիւնը եւ զայն նկատեց կարեւոր քայլ` մագլցումի ու լարուածութեան մեղմացման եւ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումի դադրեցման համար:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ անհրաժեշտ է, որ Իսրայէլ յանձնառու ըլլայ դադրեցնելու Լիբանանի վրայ բոլոր զինուորական յարձակումները:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց Լիբանանի մէջ զինադադարի յայտարարութիւնը, եւ նշեց. «Կը հաստատենք, որ այս քայլը շրջանին մէջ յաւելեալ լարուածութիւնը արգիլելու համար կարեւոր քայլ է»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց համաձայնութիւնը` ընդգծելով, որ Լիբանանի մէջ պատերազմի դադրեցումը Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ զինադադարի համաձայնութեան մէկ մասն է:

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյեն ողջունեց Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ զինադադարի համաձայնութիւնը եւ անգամ մը եւս յայտնեց, որ Եւրոպան պիտի շարունակէ Լիբանանի գերիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան յարգումը պահանջել:

Ֆրանսայի նախագահական պալատը ողջունեց Լիբանանի մէջ 10-օրեայ զինադադարի յայտարարութիւնը` ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է զայն գետնի վրայ գործադրել:

«Երբ Լիբանանի ամբողջ տարածքին մէջ անվտանգութիւնն ու գերիշխանութիւնը վերականգնելու գործին մէջ Լիբանանի իշխանութիւններուն աջակցելու ժամանակը գայ, կը կարծեմ, որ շատերը ուրախ պիտի ըլլան յոյսը Ֆրանսայի վրայ դնելու», նշեց Ֆրանսայի նախագահի խորհրդականը:

Քրեմլին ողջունեց Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ զինադադարը` յոյս յայտնելով, որ անիկա զինուորական բախումներուն վերջ կու տայ:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Վատեֆուլ նշեց, որ իր երկիրը «երկու ազնիւ դրացիներու միջեւ ապագայի» կը յուսայ:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես ողջունեց զինադադարի յայտարարութիւնը` բոլոր կողմերուն կոչ ուղղելով զայն յարգելու: Ան նաեւ յոյս յայտնեց, որ կռիւի դադրեցումը ճամբայ հարթէ բանակցութիւններու կայացման:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/04/2026, 08:06