Երկարաձգելէ ետք Իրանի հետ զինադադարը. Թրամփ. «Բանակցութիւններու 2-րդ թուլ կարելի է յառաջիկայ օրերուն ընթացքին»
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Իրանի դէմ պատերազմի վերսկսման յետաձգումն ու զինադադարի երկարաձգումը յայտարարեց` ընդառաջելով Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շարիֆի եւ փաքիստանեան բանակի հրամանատար Ասեմ Մունիրի խնդրանքին` իրանեան ղեկավարութեան մէջ «սուր տարակարծութեան» լոյսին տակ:
Թրամփ զինադադարի ժամկէտի աւարտէն ժամեր առաջ «Թրութ Սոշըլ» կայքին վրայ գրառում մը կատարելով յայտնեց. «Նկատի ունենալով, որ իրանեան կառավարութիւնը սուր կերպով պառակտուած է, բան մը նախատեսուած չէր, եւ հիմնուելով Ասեմ Մունիրի եւ Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շարիֆի խնդրանքին վրայ, մեզմէ խնդրուեցաւ յետաձգել Իրանի դէմ յարձակումը»:
«Մեզմէ խնդրուեցաւ Իրանի վրայ մեր յարձակումը յետաձգել, մինչեւ որ անոր ղեկավարներն ու ներկայացուցիչները կարենան միացեալ առաջարկ մը ներկայացնել: Մեկնելով անկէ, մեր զինեալ ուժերուն ցուցմունք տուի շարունակելու շրջափակումը եւ բոլոր միւս ոլորտներուն մէջ պատրաստ մնալու», աւելցուց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
Սպիտակ տունը ըսաւ, որ որոշած է զինադադարը երկարաձգել, «մինչեւ որ այս առաջարկը տրուի, եւ քննարկումները, այս կամ այն ձեւով, շարունակուին»:
Ան, սակայն, զինադադարի աւարտի ժամկէտ չճշդեց:
Նախքան այդ, ամերիկեան աղբիւր մը «Աքսիոս» կայքին յայտնեց. «(Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի.) Վանսի Փաքիստան այցելութիւնը ցնոր տնօրինութիւն յետաձգուած է»:
Թրամփ աւելի ուշ ալ յայտարարեց. «Իրան ելեւմտական մակարդակի վրայ կը քայքայուի: Անոնք Հորմուզի նեղուցի անմիջապէս բացումը կը պահանջեն»:
«Չափազանց ծարաւ են դրամական միջոցներու: Օրական 500 միլիոն տոլար կը կորսնցնեն», նշեց ան:
«Իրանի մէջ բանակի եւ ոստիկանութեան անդամները իրենց ամսականները չգանձելէն կը գանգատին», աւելցուց Թրամփ:
Աղբիւրներ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ փաքիստանցի պաշտօնատարներ զայրացան Իրանէն` մետասաներորդ պահուն բանակցութիւններուն ներկայանալէ ետդարձ կատարելուն համար:
Իրանցի պաշտօնատար մը իր կարգին ամերիկեան օրաթերթին ըսաւ, թէ Սպիտակ տան նկատմամբ Թեհրանի անվստահութիւնն ու Թրամփի կարծր պահանջները որեւէ յառաջընթացի արձանագրումը կը խոչընդոտեն:
Փաքիստանցի պաշտօնատարներ «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ին յայտնեցին, որ երկրի քաղաքական ու զինուորական ղեկավարութիւնները անցնող 24 ժամուան ընթացքին բանակցային հոլովոյթի պահպանման ջանքերու ծիրին մէջ աշխատանք տարած են բանակցութիւններու քանդումը կանխարգիլելու համար:
Պաշտօնատարները աւելցուցին, որ Իսլամապատի մէջ ապահովական միջոցառումները պիտի պահպանուին` սպասելով երկու պատուիրակութիւններու ժամանման, մինչ Փաքիստան կը սպասէ բանակցութիւններու երկրորդ փուլին մասնակցութեան համար պատուիրակութեան ժամանման թուականին վերաբերեալ Թեհրանի պատասխանին:
Փաքիստանեան կառավարական աղբիւր մը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շարիֆ իր նախարարներուն հետ կը քննարկէ իրանեան կողմը բանակցութիւններուն վերադառնալ համոզելու կարելիութիւնները:
Թրամփ երէկ կէսօրէ ետք յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ յառաջիկայ օրերուն բանակցութիւններու երկրորդ փուլ մը կարելի է: Ան այդպիսով մեկնաբանեց ուրբաթ օր անոնց շարունակութիւնը նախատեսող գնահատումները:
Փաքիստանեան աղբիւրներ «Նիւ Եորք Փոսթ»-ին յայտնեցին, որ հորիզոնին վրայ ուրբաթ օր բանակցութիւնները շարունակելու վերաբերեալ «լաւ լուրեր» կան, Թեհրանի հետ միջնորդութեան «դրական» ջանքերու շնորհիւ:
Աղբիւրները աւելցուցին, որ այդ ջանքերը վերստին սեղանի վրայ կը դնեն 36-էն 72 ժամուան ընթացքին բանակցութիւններու նոր փուլ կատարելու կարելիութիւնը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի ըսաւ, որ իր երկիրը որեւէ առիթ պիտի օգտագործէ հաշուետուութեան ենթարկելու նախայարձակները, ապահովելու իր ժողովուրդին իրաւունքները, եւ փոխհատուցումներ պահանջելու համար` նշելով, որ յարմար քայլեր պիտի որդեգրուին, եթէ իրանեան շահերու իրագործման համար դիւանագիտութեան օգտագործման պայմանները ապահովուին:
Չինաստան Կը Զգուշացնէ
Իրանին բանակցութեան համար յաւելեալ ժամանակ տալու համար զինադադարը երկարաձգելէն ետք, Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը զգուշացուց, որ Միջին Արեւելքը «զգայուն փուլ»-է կ՛անցնի:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Կու Ժիաքուն մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց. «Շրջանային կացութիւնը կանգնած է պատերազմի եւ խաղաղութեան միջեւ զգայուն փուլի վրայ, եւ ծայրագոյն առաջնահերթութիւնը կը մնայ ամէն ջանք թափել մարտական գործողութիւններու վերսկսումը արգիլելու համար»:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ