Որոնել

Հորմուզի նեղուցը, Նաւ Հորմուզի նեղուցը, Նաւ 

Թրամփ. «Իրան կ՝ուզէ, որ Հորմուզի նեղուցը կարելի եղածին չափ շուտ բանանք»

Նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ ամերիկացի պաշտօնատարներ կասկածով կը մօտենան Իրանի կողմէ ներկայացուած Հորմուզի նեղուցը վերաբանալու առաջարկին՝ պահանջելով, որ որեւէ համաձայնութիւն անպայման ներառէ հիւլէական ծրագիրի եւ իւրանիոմի հարստացման դադրեցումը: Միեւնոյն ժամանակ, արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ շեշտեց շրջափակման խստացման կարեւորութիւնը՝ յայտնելով, որ Իրանի վարչակարգը կը փորձէ ուժանիւթի միջոցով աշխարհը պատանդ բռնել, մինչ իր ժողովուրդը կը շարունակէ տուժել անոր ծայրայեղական քաղաքականութենէն:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նշեց. «Իրան քիչ առաջ մեզի յայտնեց, որ փլուզման կացութեան մէջ է»:

«Մեզմէ կարելի եղածին չափ շուտ Հորմուզի նեղուցի բացումը կ՛ուզեն, մինչ այդ կը փորձեն իրենց ղեկավարութեան կացութիւնը կարգաւորել. բան մը, որ կը հաւատամ, որ պիտի կարենան իրագործել», աւելցուց Սպիտակ տան ղեկավարը:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ին նշած են. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփն ու անոր ազգային անվտանգութեան խումբը կասկածով կը դիտեն իրանեան առաջարկը»:

«Թրամփ Իրանի առաջարկը կտրուկ կերպով չմերժեց, սակայն կասկած յայտնեց, որ ան բարի կամեցողութեամբ կը գործէ», օրաթերթին յայտնած են պաշտօնատարները:

Անոնք նաեւ ըսած են. «Թրամփ նաեւ կասկած յայտնեց, որ Իրան պատրաստ է իւրանիոմի հարստացման վերջ տալու իր պահանջին ընդառաջելու»:

«Իրանի հետ բանակցութիւնը պիտի շարունակենք, եւ հաւանական է, որ յառաջիկայ օրերուն մեր պատասխանն ու փոխադարձ առաջարկները ներկայացնենք», նշած են ամերիկացի պաշտօնատարները:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Իրանի վերջին առաջարկէն գոհ չէ, որովհետեւ անիկա Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին չ՛անդրադառնար»:

Փաքիստանցի պաշտօնատար մը «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին ըսած է, թէ Թեհրան Ուաշինկթընէն խնդրած է Հորմուզի նեղուցը վերաբանալուն դիմաց իր նաւահանգիստներու շրջափակումը վերցնել:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Կը կարծեմ, որ իրանցիները իրենք զիրենք իրենց դիմագրաւած նեղ կացութենէն դուրս բերելու նկատմամբ լուրջ են: Այս հակամարտութեան սկիզբէն առաջ անոնց ունեցած բոլոր խնդիրները ոչ միայն կը յամենան, այլեւ թերեւս աւելի վատ են, սակայն անոնք այժմ հրթիռներուն կէսը ունին, եւ որեւէ գործարան չունին, ո՛չ ալ ծովուժ»:

«Իրանի մէջ բոլորը ծայրայեղական են, սակայն կան ոմանք, որոնք կը գիտակցին, թէ պէտք է երկիրն ու տնտեսութիւնը ղեկավարեն, եւ կան ոմանք, որոնք ամբողջական կերպով աստուածաբանութեան հիմամբ կը գործեն: Կրօնական նկատառումներով գործող ծայրայեղականները միայն Յեղափոխական պահակագունդի պաշտօնատարները չեն, այլ նաեւ գերագոյն հոգեւոր պետն ու անոր խորհուրդը», ըսաւ ան:

«Հորմուզի նեղուցը համազօր է տնտեսական հիւլէական զէնքի, զոր Իրան կը ջանայ աշխարհի դէմ օգտագործել: Անոնք կը պարծենան աշխարհը ուժանիւթի պատանդ բռնելով: Երեւակայեցէք, եթէ նոյն այդ անձերը կարենան հիւլէական զէնք ձեռք ձգել», յայտնեց Ռուպիօ:

«Հակառակ ծայրայեղական ըլլալնուն, իրանեան վարչակազմին մէջ կան անձեր, որոնք որեւէ որոշումի ետին կանգնող գինն ու շահը կը կշռեն: Այդ պատճառով ալ շրջափակում հաստատեցինք: Պէտք է ապահովենք, որ իւրաքանչիւր չար արարքի գինը անոնց կատարածի շահէն գերազանց ըլլայ», ըսաւ ան:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը նաեւ յայտնեց. «Կը յուսամ, որ այս հակամարտութենէն ետք ամբողջ աշխարհը գիտակցած ըլլայ Իրանի ներկայացուցած վտանգին: Իրանի հիւլէական զէնքի կիրարկումով ընել ուզածը ճիշդ այն է, ինչ որ հիմա կ՛ընեն քարիւղով»:

«Մեր նպատակը իրանցի ժողովուրդին վնաս հասցնելը չէ: Անկեղծօրէն, կը մաղթենք, որ իրանցի ժողովուրդին ձայնը լսուի, փոխան անոնցմէ 40 հազարը փողոցներուն ու հիւանդանոցներուն մէջ սպաննուի եւ կանոնաւոր կերպով մահապատիժի ենթարկուին: Անոնք այդ վարչակարգին զոհերն են», ըսաւ Ռուպիօ:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/04/2026, 09:12