Սպիտակ տուն Սպիտակ տուն 

Թեհրան Ուաշինկթընին նոր առաջարկ մը ներկայացուց

Իրան Փաքիստանի միջնորդութեամբ Միացեալ Նահանգներուն ներկայացուցած է երեք փուլէ բաղկացած նոր առաջարկ մը, որ կը կեդրոնանայ պատերազմի դադրեցման եւ Հորմուզի նեղուցի վերաբացման վրայ՝ հիւլէական թղթածրարի քննարկումը յետաձգելով յաջորդ հանգրուանին: Սպիտակ տունը հաստատած է բանակցութիւններու «նուրբ» ըլլալը, մինչ նախագահ Թրամփ շեշտած է, որ պիտի չարտօնէ Իրանին հիւլէական զէնք ձեռք ձգել եւ պիտի կնքէ միայն ամերիկեան շահերուն ծառայող համաձայնութիւն մը:

Իրան միջնորդներուն ներկայացուց նոր առաջարկ մը, որ կը բաղկանայ երեք փուլերէ, եւ եթէ Միացեալ Նահանգներ այդ առաջարկին համաձայն գտնուին, բանակցութիւնները պիտի շարունակուին: Այս մասին հաղորդեց «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը:

Առաջին փուլը կը բաղկանայ պատերազմին վերջ տալու եւ անոր ո՛չ Իրանի եւ ո՛չ ալ Լիբանանի մէջ վերսկսելու երաշխիքներու ստացման վրայ:

«Մայատին» նշեց, որ Թեհրան առաջին փուլին, այլ հարցեր պիտի չքննարկէ, եւ եթէ համաձայնութիւն գոյանայ, երկու կողմերը պիտի անցնին երկրորդ փուլին, որ կը կեդրոնանայ Հորմուզի նեղուցի կառավարման ձեւի քննարկման վրայ:

Այս ծիրին մէջ կը նախատեսուի, որ օմանեան կողմին հետ համակարգում տեղի ունենայ իրաւական նոր համակարգի մշակման շուրջ:

«Մայատին» հաղորդեց, որ երրորդ փուլը կ՛առնչուի հիւլէական թղթածրարին, եւ Իրան կը մերժէ այս թղթածրարը քննարկել, նախքան առաջին ու երկրորդ փուլերուն շուրջ համաձայնութեան գոյացումը:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը եւ երկու լաւատեղեակ աղբիւրներ «Աքսիոս»-ին յայտնեցին, որ Իրան փաքիստանցի պաշտօնատարներուն ճամբով Միացեալ Նահանգներուն ներկայացուցած է նոր առաջարկ մը, որուն նպատակը Հորմուզի նեղուցի վերաբացումն եւ պատերազմին վերջ տալը ներառող համաձայնութեան գոյացումն է:

Ամերիկացի պաշտօնատարը ամերիկեան կայքին յայտնած է, որ առաջարկը կոչ կ՛ուղղէ` հիւլէական բանակցութիւնները հետագայ փուլին յետաձգելու` փորձելով շրջանցել հիւլէական թղթածրարին առնչուած զիջումներու շուրջ իրանեան ներքին տարակարծութիւնները:

Իրանի խորհրդարանի դիւանի բանբեր Ապպաս Կոտրզի յայտնեց. «Վարչակազմի բոլոր անդամները մէկ ձեռք են ընդդէմ թշնամիին»` շեշտելով. «Անոնց միջեւ որեւէ տարակարծութիւն գոյութիւն չունի»:

«Աքսիոս» հաղորդեց, թէ ըստ լաւատեղեակ աղբիւրներու, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի Փաքիստան իր այցելութեան ընթացքին քննարկած է այս առաջարկը, որ իր առաջին փուլին կը կեդրոնանայ Հորմուզի նեղուցին եւ ամերիկեան շրջափակման տագնապի կարգաւորման վրայ, որմէ ետք անցում կը կատարուի հիւլէական թղթածրարի շուրջ բանակցութիւններուն:

Աղբիւրներուն համաձայն, առաջարկը կը ներառէ զինադադարը երկար ժամանակով երկարաձգել կամ պատերազմին վերջ տալու համաձայնութիւն գոյացնել, նախքան հիւլէական թղթածրարին շուրջ որեւէ համաձայնութիւն գոյացնելը:

Աղբիւրները ըսած են, թէ փաքիստանցի միջնորդները առաջարկը փոխանցած են Սպիտակ տան, եւ տակաւին յստակ չէ, թէ Ուաշինկթըն որքա՛ն պատրաստ է զայն քննարկելու:

«Աքսիոս» նշեց, որ Սպիտակ տան բանբեր Քարոլայն Լեւիթ ըսած է, թէ այդ քննարկումները «նուրբ են»` ընդգծելով, որ Միացեալ Նահանգները «լրատուամիջոցներու ճամբով պիտի չբանակցին», եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ շեշտած է, որ  Ուաշինկթըն որոշումի տէր է եւ պիտի չկնքէ համաձայնութիւն մը, որ ամերիկացի ժողովուրդի շահերուն չի ծառայեր` աւելցնելով, որ նախագահը Իրանին հիւլէական զէնք ձեռք ձգել պիտի չարտօնէ:

Կայքը նաեւ կը հաղորդէ, որ Արաղչի միջնորդներուն ըսած է, թէ իրանեան ղեկավարութեան մէջ Թրամփի հարստացուած իւրանիոմի պահանջներուն շուրջ միաձայնութիւն գոյութիւն չունի:

Իրանի պետական ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնած է, որ Իսլամապատ իր այցելութիւնը չափազանց յաջող էր:

Իրանեան դիւանագիտութեան պետը նշած է, որ փաքիստանեան մայրաքաղաք իր այցելութեան ընթացքին քննարկած է այն պայմանները, որոնց լոյսին տակ կարելի է Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւնները շարունակել:

Ան նշած է, որ Իրան կը ջանայ 40 օր տոկալէ եւ դիմադրելէ ետք իրանցի ժողովուրդի իրաւունքները երաշխաւորել:

Փաքիստանեան աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի տեսակէտները մերձեցնելու ջանքերը չեն դադրած, հակառակ ուղղակի դիւանագիտութեան ձախողութեան:

Փաքիստանցի պաշտօնատարներ լրատու գործակալութեան ըսած են, որ Միացեալ Նահանգներ-Իրան ժողովի գումարման ծրագիրներ գոյութիւն չունին, նախքան ձեռք բերումը համաձայնութեան մը, որ փոխըմբռնման յուշագիրի ստորագրում կ՛արտօնէ:

«Միացեալ Նահանգներ-Իրան համաձայնագիրի նախագիծին շուրջ բանակցութիւն տեղի պիտի ունենայ համախոհութեան հասնելէ ետք», ըսած են պաշտօնատարները:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/04/2026, 07:50