Աստուծոյ պատկերին եւ նմանութեան ցոլացումը. Ամէն օր Աստուած կեանքիդ մէջ գտնելու հինգ քայլեր. Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան
Իրիկունները, երբ տուն կը վերադառնանք, յաճախ կը դժուարանանք մեր առօրեան քննութեան ենթարկելու. «Այսօր ի՞նչ ըրի. օրս ինչպէ՞ս անցուցի. որո՞ւ հետ դրական յարաբերութիւն ունեցայ. որո՞ւ հետ շփումս ժխտական էր: Առաւել` Աստուծոյ հետ եղա՞յ այսօր»: Ընդհանրապէս իրիկուան ինքնաքննութիւնը երեք եզրակացութեան կը յանգի.
Ա) Ամբողջ օրուան «սխալները» այնքա՜ն կը յաճախեն մեզ, որ ամօթապարտ կը մնանք:
Բ) Խճողուած օրուան յաջողութիւնները կը գինովցնեն մեզ:
Գ) Յաջորդ օրուան մեր կատարելիքները կը մտահոգեն մեզ:
Այս բոլորին բեռը կրնայ մեր աղօթական կեանքը անկանոն դարձնել կամ նոյնիսկ ցամքեցնել: Այս իրավիճակէն դուրս գալը մարտահրաւէր կը դառնայ, երբ մանաւանդ Աստուծոյ մշտակայ ներկայութեան կարիքը կը զգանք:
Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը վերակարգաւորելու նախաքայլը այն մօտեցումն է, որ ծանօթ է որպէս գնահատական հետազօտութիւն: Գնահատական հետազօտութեամբ մենք մեր դրական ուժականութիւնը կ՛օգտագործենք գնահատելու համար այն, ինչ որ յաջող կ՛ընթանայ մեր կեանքին մէջ, փոխան մեր բացթողումներուն սրբագրութեամբ ուժասպառ դառնալու: Գնահատական հետազօտութիւնը մեզի կը սորվեցնէ կանոնաւոր կերպով բարեփոխուիլ` «Ի՞նչը ճիշդ է կեանքիս մէջ» մտածելով եւ ո՛չ` «Ի՞նչը սխալ է կեանքիս մէջ»:
Գնահատական հետազօտութիւնը հետեւեալ բարիքները կը պարգեւէ մեզի.
Ա) Կեդրոնանալ այն կէտերուն վրայ, որոնք բարելաւումի կարօտ են:
Բ) Որոնել, գտնել եւ գնահատել այն լաւագոյն փորձառութիւնները, որոնք մեր նկարագիրին դրական երեսներն են:
Գ) Ապագան կառուցել անցեալի յաջողութիւններուն վրայ:
Դ) Անհրաժեշտ քայլերը առնել մեր ցանկացած ապագան կերտելու համար:
Ե) Գործադրել այն համապատասխան ծրագիրները, որոնք նոր յաջողութիւններու կը տանին մեզ:
Մինչ աւանդական եղանակները մեզ կը մղեն սխալները սրբագրելու, գնահատական հետազօտութիւնը կը սորվեցնէ մեր արդէն իսկ արձանագրած յաջողութիւնները գնահատելու, նոր իրագործումներու ձգտելու եւ հաստատակամութեամբ ու նորութիւններէն առանց վախնալու աւելի՛ն ձեռք բերելու:
Մեր աղօթական կեանքը եւս ճիշդ հունի մէջ կը մտնէ, երբ գնահատական հետազօտութեամբ կը վերաագուցենք արարած-Արարիչ կապը: Այս կատարելու համար կրնանք օգտագործել «Ամէնօրեայ աղօթական քննութիւն»-ը, որ մշակուած է Յիսուսեան միաբանութեան հիմնադիր Ս. Իգնատիոս Լոյոլացիէ (23 հոկտեմբեր 1491-31 յուլիս 1556) եւ դարերէ ի վեր գործադրուած` մեծաթիւ քրիստոնեաներէ: Ան 1015 վայրկեան տեւողութեամբ ներանձնական աղօթք մըն է, որ Աստուծոյ սէրն ու ներգործութիւնը կը բացայայտէ, սովորաբար կը կատարուի կէսօրին կամ օրուան աւարտին եւ կը բաղկանայ հինգ փուլերէ. (Ա.) Երախտագիտութիւն, (Բ.) լուսաւորութեան խնդրանք, (Գ.) օրուան վերաքաղ, (Դ.) թերացումներու անդրադարձ եւ (Ե.) վաղուան նախապատրաստութիւն:
«Ամէնօրեայ աղօթական քննութիւն»-ը կատարելով` նախ մեր միտքն ու մարմինը կը հանգչեցնենք եւ Աստուծոյ ներկայութեան մէջ կը մտնենք, ապա` (Ա.) մեր ապրած օրը աչքէ կ՛անցընենք եւ օրհնալից, ուրախ ու շնորհաձիր պահերուն համար Աստուծոյ երախտագիտութիւն կը վերառաքենք. (Բ.) կ՛աղօթենք, որ Աստուած իր շնորհներով լուսաւորէ մեր ճամբան` իր ներգործութիւնը տեսնելու համար մեր կեանքին մէջ. (Գ) մեր մտածումները, խօսքերն ու արարքները կը վերաքաղենք, որպէսզի անդրադառնանք, թէ ո՛ւր Աստուծոյ մօտ մնացինք եւ ո՛ւր իրմէ հեռացանք. (Դ.) ապաշխարութեամբ Աստուծմէ թողութիւն կը խնդրենք այն բոլորին համար, երբ հեռացանք իր սէրէն եւ մերժեցինք իր հայրական բազկատարած հրաւէրը. (Ե) յառաջաքայլ ընթացքով վաղուան մասին կը մտածենք եւ Աստուծմէ կարողութիւն կ՛աղերսենք իր կամքին համաձայն ապրելու: Մեր աղօթքը կ՛աւարտենք «Հայր մեր»-ով:
Ի մի բան` «Ամէնօրեայ աղօթական քննութեամբ» կը դիմենք Աստուծոյ, որ մեր անցեալը, ներկան եւ ապագան Իրմով լեցնէ: Յանձնարարելի է, որ զայն կատարենք իւրաքանչիւրիս յարմար ժամուն` քաջ իմանալով, որ ո՛չ միայն ամէն օր Աստուծոյ օրհնեալ ու սրբարար ներկայութիւնը պիտի վայելենք, այլ նաեւ մեր կեանքը մեղքէն պիտի մաքրենք եւ աստուածահաճոյ ու մարդասէր ճանապարհը ընտրենք:
Պատրա՞ստ ենք Ս. Հոգիին առաջնորդութեամբ «Ամէնօրեայ աղօթական քննութիւն»-ը փորձարկելու: Եթէ այո, (Ա.) խաղաղ վայրի մը մէջ (սենեակ մը, ծառի մը շուքին, եկեղեցւոյ մէջ) խնդրամատոյց ըլլանք Աստուծոյ, որ մեզի յայտնէ, թէ ինչպէ՛ս անցուցինք մեր օրը. (Բ.) մեր օրուան առաջին ժամէն սկսելով` ամբողջ օրը քայլ առ քայլ քննենք եւ շնորհակալութիւն յայտնենք Աստուծոյ` օրուան պարգեւին համար. (Գ.) մեր օրուան զանազան վերիվայրումները վերյիշենք` հարց տալով. «Ի՞նչ բան ուրախացուց զիս», «Ո՞ր պահերուն Աստուծոյ խաղաղութիւնը զգացի», «Ի՞նչ բան տխրեցուց զիս», «Ե՞րբ եւ ինչո՞ւ ջղայնացայ, նեղուեցայ եւ լքուած ու ուժասպառ զգացի». (Դ.) մեր ներաշխարհին մէջ գտնուող զղջումը, դառնութիւնն ու երախտիքը արտահանենք. գիտակցինք, որ Աստուած մեր քովն է, որպէսզի մեր նեղութիւնները փարատէ եւ մեզի նոր իրագործումներ շնորհէ. (Ե.) անցած օրը չենք կրնար ետ բերել, սակայն վաղուան համար կրնանք Աստուծոյ առաջնորդութիւնը խնդրել. մտաբերենք վաղը մեր կատարելիքները, հանդիպելիք մարդիկը եւ այցելելիք վայրերը. դիմենք Աստուծոյ, որ վաղուան մեր անձկութիւնը վանէ եւ այս պահէն իսկ մեզ Իր խաղաղութեամբ լեցնէ. Աստուծոյ յուսանք եւ վստահ ըլլանք, որ Ան իր շնորհներով պիտի զարդարէ մեզ, երբ սաղմոսերգուին հետ ըսենք. «Ո՜վ ՏԷՐ, Քեզի՛ ապաւինեցայ. թող ամօթով չմնա՛մ բնաւ: Արդար ես Դուն, ազատէ՛ զիս» (Սղ. 31.1):
(Մշակում` համացանցային աղբիւրներու օգտագործումով)
Աղբիրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ