24 Ապրիլէն առաջ… Երկու թուրք Սելանիկի պանդոկին մէջ .Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան
16-20 մարտ 2026-ին Թեսաղոնիկէի մէջ միջեկեղեցական ժողովի մը մասնակցեցայ:
Վերջին օրը, պանդոկին մէջ նախաճաշի ընթացքին քովի սեղանէն ականջիս թրքերէն նախադասութիւններ հասան: Փորձեցի պաղարիւն մնալ, երբ մանաւանդ տարբեր ցամաքամասերէ եւ եկեղեցական ընտանիքներէ ժամանած քանի մը ժողովականներու սեղանակից էի: Անկարելի եղաւ: Հեռաձայնային խօսակցութիւն մը պատրուակելով` սենեակս գացի եւ սկսայ ինքզինքիս հարց տալ.
«Բոլորս ալ Աստուծոյ ստեղծագործութիւնը չե՞նք: Տիրական գիծը մեր մարդ արարածներ ըլլալը չէ՞: Այս երկու թուրք երիտասարդները, որոնք գործով կամ արձակուրդի համար Յունաստանի այս գեղեցիկ ու պատմական քաղաքը եկած են, ինչո՞ւ այսքա՜ն եւ այսպէ՛ս ներաշխարհս կը փոթորկեն: Քանիցս Թուրքիա եւ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած պատմական Հայաստան ու Կիլիկիա այցելած եմ` դարձեալ ընդհանրապէս միջեկեղեցական ժողովներու ու համագումարներու առիթով եւ մանաւանդ արմատներուս հետ հաղորդակցելու համար, եւ զանազան տեղեր թուրքերու հանդիպած, թրքերէն լսած ու նոյնիսկ թուրքերու հետ զրուցած եմ, սակայն ինչո՞ւ այս ներքին խռովքն ու փոթորկումը, աւելի՛ն, ընդվզումը չեմ ունեցած…»:
Նոյնիսկ 6 ապրիլի առաւօտեան, Նիկոսիոյ մէջ, երբ բռնագրաւեալ Կիպրոսի գովքը հիւսող լերան կողէն իջնող եւ հոգիները տաղող «Երանի թուրք եմ ըսողին» տիրական լոզունգը դարձեալ կարդացի, այսքան տակնուվրայ չեղայ:
20 մարտէն 22 ապրիլ Թեսաղոնիկէի երկու թուրք տղոց թրքաբարբառ ձայնը շարունակաբար զնգաց ականջներուս մէջ, եւ երբ այլեւս այս տողերը թուղթին կը յանձնեմ, գոնէ մասամբ կը հասկնամ տագնապս եւ ահա զայն հարցումներու նոր շարքով ընթերցողներուս կը փոխանցեմ.
«Յունաստան անկախ երկիր է եւ որպէս Եւրոպական Միութեան անդամ` կարելիութիւն կ՛ընծայէ բոլոր փափաքողներուն օրինական պայմանները ամբողջացնել ու այցելել իր տարածքը եւ նոյնիսկ հոն բնակութիւն հաստատել: Չեմ գիտեր, թէ քանի՞ թուրք հաստատուած է Յունաստանի մէջ: Լսած եմ, որ միայն քանի մը հազար յոյն մնացած է Թուրքիոյ մէջ: Զիս սարսափահար դարձնողը այն իրողութիւնն է, որ արդեօք օր մը Երեւանի պանդոկներէն մէկուն ճաշարանին մէջ եւս թրքերէ՞ն պիտի լսենք. երկու երիտասարդի փոխան` հարիւրաւորներ ու հազարաւորնե՞ր պիտի ըլլան այս թրքախօսները: Զբօսաշրջիկ թուրքերու ու ազերիներու ներդրումը Հայաստանին համար տնտեսապէս դրական եւ անփոխարինելի՞ է…»:
Ակամայ հոս կանգ կ՛առնեմ եւ հարցումներս կը փակեմ սա վճռական մտատանջութեամբ. Քանի մը տարիէ ի վեր Հայաստան չեմ գացած, սակայն կ՛իմանամ, թէ ան խճողուած է զանազան երկիրներէ ժամանող օտար, ներառեալ` թուրք ու ազերի, զբօսաշրջիկներով: Արդեօք մտավախութեանս նախաշեմի՞ն կը գտնուինք…
Յուսամ` ո՛չ: Իսկ եթէ այո՛, այսօր իսկ ազգովին քայլերու ձեռնարկենք նուազագոյն վնասով դուրս գալու համար այս վտանգէն:
Անթիլիաս, 22 ապրիլ 2026
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ