Որոնել

Մարոնիներուն Ռայի պատրիարքը Մարոնիներուն Ռայի պատրիարքը 

Ռայի Պատրիարք. «Կը Զօրակցիմ բանակցութեան եւ կոչ կ՛ուղղեմ` ընթացող պատերազմը անմիջապէս դադրեցնելու»

Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը զօրեղ կերպով կոչ ուղղեց անմիջապէս դադրեցնելու պատերազմը եւ որդեգրելու բանակցութեան ու երկխօսութեան լեզուն՝ որպէս բռնութեան միակ այլընտրանք։ Ան շեշտեց լիբանանցիներու միասնականութեան եւ պետական հեղինակութեան շուրջ համախմբուելու անհրաժեշտութիւնը, միաժամանակ բարձր գնահատելով բանակի դերը ներքին կայունութեան պահպանման գործին մէջ։

Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը «Անպա» օրաթերթին. «Կը զօրակցիմ բանակցութեան եւ զօրեղ կերպով կոչ կ՛ուղղեմ` ընթացող պատերազմը անմիջապէս դադրեցնելու, որովհետեւ պատերազմները իրենց անօգուտ ըլլալը փաստեցին, եւ երկխօսութեան լեզուն ու բանակցութիւնը պատերազմի տրամաբանութեան իսկական հակադիրն է: Այս մօտեցումը պէտք է որդեգրել բռնութեան տրամաբանութիւնը վերացնելու եւ զայն մէկ կողմ դնելու համար»:

Ռայի պարիարքը կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն, «մասնաւորաբար ճակատումին ուղղակի կերպով առնչուած խումբին, դուրս գալու պատերազմէն եւ երկիրը անկէ դուրս բերելու, որպէսզի բոլորը պետութեան երդիկին տակ ու անոր գիրկը ըլլան, որովհետեւ պետութիւնը բոլոր լիբանանցիները միաւորող հեղինակութիւնն է»:

«Իսրայէլի կատարած քանդումը զարգանալի չէ, սակայն պատասխանատուութիւնն ու այպանումը ինքնին լիբանանցիներուն է, որպէսզի ձեռք-ձեռքի տան պաշտպանելու համար իրենց երկիրը եւ զայն պահպանելու լիբանանեան հաստատութիւններու ու օրինականութեան դրօշին տակ», աւելցուց ան:

Պատրիարքը ըսաւ, որ մեծ կարեկցանքով կը նայի իրենց տուները լքելով պետական դպրոցներ ու ապաստանարաններ ապաստանիլ ստիպուողներուն, եւ իր սիրտը վտանգուած գիւղաքաղաքներուն ու գիւղերուն հետ է, կը ցաւի երկրին հասած լայնածաւալ աւերումին տարողութեան ի տես` հարց տալով. «Ամբողջ շրջանին պատերազմի մէջ գտնուելուն լոյսին տակ, հետագային ո՞վ պիտի ստանձնէ փոխհատուցումն ու վերաշինութիւնը»:

Ռայի պատրիարքը «Անպա»-ի հարցումին պատասխանելով նշեց, որ մտավախութիւն չունի լիբանանեան գոյացութեան եւ 1920 թուականին ստեղծուած Մեծն Լիբանանի պետութեան գոյութեան նկատմամբ` նշելով, որ լիբանանցիները իրարու կարիք ունին, եւ վստահութիւն յայտնեց պետութեան ու ղեկավարներու գիտակցութեան նկատմամբ:

Ան պատասխանելով այն հարցումին, թէ պատրիարքի պաշտօնը ստանձնելէն ի վեր իրեն համար ամէնէն ծանրը ի՞նչ է, նշեց. «Պատերազմը: Այս պատերազմը, որ սկսաւ 20 սեպտեմբեր 2024-ին եւ տակաւին չաւարտեցաւ, եւ պէտք է աւարտի, որովհետեւ պատերազմները միայն բանակցութեամբ եւ երկխօսութեամբ կ՛աւարտին»:

Պատասխանելով բանակի մասին հարցումի մը` ան ըսաւ. «Ոչ ոք բանակի հրամանատարէն աւելի բանակը գիտէ: Բանակը իր կարելիութիւններուն ու կարողութիւններուն սահմաններուն մէջ անհրաժեշտ ամէն բան կ՛ընէ եւ աշխատանք կը տանի ազգային միասնականութիւնը պահպանելու ու ներքին սադրանքի մէջ իյնալը կանխարգիլելու»:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/04/2026, 10:06