Ռուբէն Վարդանեանն եւ միւս գերիները նոր բանտ փոխադրուեցան
Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ հայ գերիներու շահերու ներկայացուցիչ Սիրանուշ Սահակեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Ազրպէյճանի մէջ 20 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած Ռուբէն Վարդանեանը եւ միւս հայ գերիները Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան ենթակայութեան ներքեւ գտնուող քննչական մեկուսարանէն տեղափոխած են Արդարադատութեան նախարարութեան ենթակայութեան քրէակատարողական հիմնարկ` Պաքուի Ղարատաղի շրջանի Ումպաքի բանտային համալիր:
Տեղափոխութիւնը կապուած է անոր հետ, որ Ատրպէյճանը զանոնք արդէն կը դիտէ որպէս դատապարտուած անձեր։ Սակայն դատավարութիւններուն եւ բանտային պայմաններուն վերաբերեալ թափանցիկութիւն չկայ, իսկ ընտանիքները նախապէս տեղեկացուած չեն։
Սահակեան կը շեշտէ, որ թէեւ պաշտօնապէս կը յայտարարուի միջազգային չափանիշներու համապատասխանութիւն, բայց կան լուրջ մտահոգութիւններ՝ խոշտանգումներու, վատ վերաբերմունքի եւ արտաքին աշխարհի հետ կապի սահմանափակումներու մասին։
Նաեւ Amnesty Internationalի զեկոյցները կը մատնանշեն, որ նոյն բանտին մէջ պահուող բանտարկեալներու իրաւունքները խախտուած են։ Իսկ Խոշտանգումներու կանխարգելման եւրոպական կոմիտէի զեկոյցը դեռ չէ հրապարակուած, քանի որ Ատրպէյճանը չի համաձայնիր անոր հրապարակման։
Աղբիւրը` Ազդակ եւ Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ