Այցելելով Ժեզզին` Ռայի Պատրիարք. «Լիբանանը ստեղծուեցաւ խաղաղութեան հայրենիք ըլլալու համար, ոչ թէ` պատերազմներու դաշտ»
Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը երէկ առաւօտեան պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ հովուապետական այցելութեան նպատակով մեկնեցաւ Ժեզզին, ուր կոչ ուղղեց «խաղաղութիւնը ամրագրելու եւ բռնութեան ոլորապտոյտը դադրեցնելու»:
«Լիբանանը ստեղծուեցաւ խաղաղութեան հայրենիք ըլլալու համար, ոչ թէ` պատերազմներու դաշտ», յայտարարեց Ռայի պատրիարք:
Ան ուրախութիւն յայտնեց «նոր էջի սկիզբի» նկատմամբ` շեշտելով. «Զինադադարը հրատապ անհրաժեշտութիւն է, որովհետեւ պատերազմը միայն քանդում, սպանութիւն եւ թշնամանք կը բերէ»:
«Տեղահանուածներուն իրենց գիւղեր վերադարձի պատկերը կը խօսի լիբանանցիներուն կայունութեան ու հանգստութեան խոր կարօտի մասին», նշեց մարոնիներու պատրիարքը` շեշտելով. «Խաղաղութիւնը մարդուն համար Աստուծոյ բարիքն է»:
Ան կոչ ուղղեց փոխըմբռնման եւ երկխօսութեան հռետորաբանութիւնը որդեգրելու, «որովհետեւ Աստուած մեզի սիրտ մը եւ լեզու մը տուաւ, որպէսզի զիրար հասկնանք եւ երկխօսութիւն կատարենք: Բոլոր լիբանանցիներու հոգիին խորքի փափաքը այս է, եւ անիկա միակ ուղին է հաստատ ապագայ մը կառուցելու»:
Ան յոյս յայտնեց, որ կայունութեան հաստատման ձգտող միջազգային ջանքերն ու բանակցութիւնները կը շարունակուին:
Ռայի պատրիարքը ողջունեց նախարարներու, երեսփոխաններու քաղաքապետներու, թաղապետներու եւ եպիսկոպոսներու ներկայութիւնը եւ խօսքը անոնց ուղղելով ըսաւ. «Մենք ձեզի կը սիրենք եւ ձեզ հետ ենք»:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ