Սալամ-Մաքրոն Սալամ-Մաքրոն  

Երեքշաբթի օր Փարիզի մէջ Սալամ-Մաքրոն հանդիպում

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլասի հրաւէրով կը մեկնի Լիւքսամպուրկ, ուր երեքշաբթի օր հանդիպում մը պիտի ունենայ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներուն հետ

Էլիզէի պալատը յայտարարեց. «Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն երեքշաբթի օր պիտի հիւրընկալէ Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամը, Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ զինադադարի խորապատկերին վրայ»:

«Այս այցելութիւնը պետութեան ղեկավարին առիթ մը պիտի ըլլայ վերահաստատելու Լիբանանի մէջ զինադադարի ամբողջական ու համապարփակ յարգման, երկրի հողային ամբողջականութեան Ֆրանսայի աջակցութեան, երկրի ամբողջական ու համապարփակ գերիշխանութեան եւ զէնքի մենաշնորհման լիբանանեան պետութեան քայլերուն նկատմամբ իր յանձնառութիւնը», նշեց Էլիզէի պալատը:

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլասի հրաւէրով կը մեկնի Լիւքսամպուրկ, ուր երեքշաբթի օր հանդիպում մը պիտի ունենայ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներուն հետ:

Հանդիպումէն ետք Սալամ կ՛ուղղուի Փարիզ, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի հետ:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/04/2026, 11:25