FILE PHOTO: U.S. President Donald Trump in the Oval Office of the White House in Washington

Թրամփ. «Եթէ Իրանի հետ զինադադարը երեքշաբթի օր աւարտի, շատ ռումբեր պիտի պայթին

«Պլումպըրկ» հաղորդեց, որ Թրամփ յայտնած է, որ Իրանի հետ զինադադարը Ուաշինկթընի ժամանակացոյցով չորեքշաբթի գիշեր կ՛աւարտի:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի նշեց. «Չենք կրնար մոռնալ, թէ Ամերիկան անցեալ անգամ իրեն հետ մեր բանակցելուն ընթացքին մեր վրայ յարձակում գործեց»:

«Մինչեւ այս պահս բանակցութիւններու երկրորդ փուլին մասնակցութեան վերաբերեալ որոշում չենք տուած», յայտարարեց Պաղայի` աւելցնելով. «Բանակցութեան վերաբերեալ յարմար որոշումը պիտի տանք ճշգրտութեամբ` նկատի առնելով մեր շահերը»:

«Հորմուզի նեղուցը ամերիկեան-իսրայէլեան յարձակումներէն առաջ ապահով էր, եւ միջազգային ընտանիքը Ամերիկայի եւ Իսրայէլի նեղուցի ապահովութիւնը վտանգի ենթարկելնուն գծով իր պատասխանատուութեան տէր պէտք է կանգնի», յայտնեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

«Մեր վրայ որեւէ յարձակումի ուժեղ կերպով պիտի հակադարձենք», շեշտեց ան:

«Փաքիստանին 10 կէտերէ բաղկացած առաջարկ մը ներկայացուցինք, հակառակորդ կողմն է, որ իր դիրքորոշումները տեւաբար կը փոխէ եւ հակասական մամլոյ յայտարարութիւններ կը կատարէ», շեշտեց Պաղայի:

«Հորմուզի նեղուցին մէջ տեղի ունեցող ամէն բան հետեւանք է ամերիկեան-իսրայէլեան յարձակումներուն», ըսաւ ան:

«Ամերիկեան կողմին նկատմամբ բնաւ վստահութիւն չունինք, որովհետեւ այդ կողմը երկար ատեն դիւանագիտութեան դաւաճանեց, Թեհրան իր դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու վերացման վերաբերեալ որեւէ լուրջ առաջարկ չստացաւ, եւ ցուցանիշները կը հաստատեն, որ ամերիկեան կողմին մօտ դիւանագիտական հոլովոյթով ընթանալու լրջութիւն գոյութիւն չունի», շեշտեց Պաղայի:

«Համաձայնութեան մէկ մասը ներառեց Լիբանանի մէջ զինադադարը, եւ ատոր հիմամբ Հորմուզի նեղուցը բացինք: Ամերիկեան կողմը Լիբանանի վերաբերեալ իր խոստումը դրժեց, հակառակ զայն ընդունելուն», նշեց ան:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը ըսաւ. «Միացեալ Նահանգներու հետ որեւէ հաւանական համաձայնութիւն պէտք է գործնական երաշխիքներ պարունակէ»:

«Վերջնական ժամկէտներն ու զգուշացումները մեր հոգը չեն, երբ հարցը կը վերաբերի մեր ազգային շահերու պաշտպանութեան», յայտնեց ան` աւելցնելով. «Ամերիկայի առաջարկները անլուրջ են, եւ անոր պահանջները` ոչ իրատեսական: Մեր պահանջները յստակ դարձուցինք եւ զանոնք պիտի չփոխենք»:

«Տեսանք Պաղեստինի եւ Լիբանանի մէջ ջարդերուն ու Հորմուզի նեղուցին վերաբերեալ Եւրոպական Միութեան դիրքորոշումները», ըսաւ ան:

«Մեր նաւերէն մէկուն վրայ յարձակումէն ետք պատրաստ ենք Ամերիկային դէմ դնելու», յայտնեց Պաղայի:

Նշենք, որ ամերիկացի նաւազներ երէկ գրաւեցին իրանեան նաւ մը:

«Հորմուզի նեղուցին մէջ մեր քայլերը միջազգային օրէնքին համահունչ են, որովհետեւ Ուաշինկթընի եւ Թել Աւիւի կողմէ յարձակումի ենթարկուեցանք», յայտարարեց ան:

«Կը հասկնանք, թէ երկիրներ Հորմուզի նեղուցին մէջ մեր քայլերէն վնասուեցան, սակայն անոնք պէտք է Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը այպանեն», նշեց Պաղայի:

Իրանեան բարձրաստիճան աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ հիւլէական ծրագիրին շուրջ տարակարծութիւնները տակաւին կը յամենան, իսկ երկու կողմերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բացը տակաւին չէ կրճատուած:

Աղբիւրը լրատու գործակալութեան նշեց, որ Հորմուզի նեղուցի ամերիկեան շրջափակման շարունակումը կ՛ականահարէ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւնները:

Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը երէկ կէսօրէ ետք հաղորդեց. «Իրանի բանակցութիւններուն չմասնակցելու որոշումը մինչեւ հիմա չփոխուեցաւ, եւ անոր մասնակցութիւնը կախեալ է որոշ պայմաններու իրագործումէն»` աւելցնելով, որ ծովային շրջափակումը բանակցութիւններուն դէմ ծառացած խորքային խոչընդոտ է, եւ այդ մասին փաքիստանեան միջնորդին փոխանցուած է:

Փաքիստանեան աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ փաքիստանեան բանակի հրամանատար Ասեմ Մունիր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին յայտնած է, որ Հորմուզի նեղուցի պաշարումը բանակցութիւնները կը խոչընդոտէ, եւ Թրամփ անոր խոստացած է հարցը քննել:

Փաքիստանցի պաշտօնատարներ «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութեան յայտնեցին. «Անցնող ժամերուն ընթացքին երեքշաբթի օրուան բանակցութիւններու կայացման համար Ամերիկայի եւ Իրանի հետ հաղորդակցութիւնները աշխուժացուցինք»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ամերիկեան «Փի.Պի.Էս. Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին նշեց. «Եթէ վաղը` երեքշաբթի օր Իրանի հետ զինադադարը աւարտի, շատ ռումբեր պիտի պայթին»:

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ Իրան պիտի մասնակցի՞ Իսլամապատի մէջ բանակցութիւններուն, ան ըսաւ. «Չեմ գիտեր, պէտք է հոն ըլլան: Մենք ներկայ գտնուելու համաձայն գտնուեցանք, հակառակ այն իրողութեան, որ անոնք ատոր հակառակը կ՛ըսեն: Սակայն ոչ, ատիկա դասաւորուեցաւ: Տեսնենք, եթէ ներկայ են, թէ` ոչ: Եւ եթէ ներկայ չըլլան, հարց չկայ»:

Անդրադառնալով ամերիկեան պատուիրակութեան Իսլամապատի մէջ ներկայացնելիք պահանջին` ան նշեց. «Հիւլէական զէնքեր պիտի չըլլան: Հարցը չափազանց պարզ է: Իրան չի կրնար հիւլէական զէնք ունենալ: Հարցը չափազանց պարզ է»:

«Մենք որեւէ հարցի շուրջ չենք բանակցիր, բացի այն բանէն, որ հիւլէական զէնք չունենան, եւ ատիկա չափազանց յստակ է», նշեց Թրամփ` աւելցնելով. «Կազի գինը մեծ անկում պիտի կրէ, եթէ հարցը վերջ գտնէ, եւ Իրան ընէ այն, ինչ որ պէտք է ընէ»:

Բանակցութիւններուն հետեւող աղբիւր մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ ամերիկեան պատուիրակութիւնը շուտով Փաքիստան պիտի ուղղուի` Իրանի հետ բանակցելու համար:

Թրամփ «Նիւ Եորք Փոսթ» օրաթերթին ալ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի.Վանս, Սթիւ Ուիթքոֆ եւ Ճարետ Քուշներ «ներկայիս Փաքիստան կ՛ուղղուին»:

Սպիտակ տան ղեկավարը նաեւ նշեց, որ ինք պատրաստ է իրանցի բարձրաստիճան ղեկավարներու հետ հանդիպում ունենալու, եթէ կարգաւորում տեղի ունենայ:

«Պլումպըրկ» հաղորդեց, որ Թրամփ յայտնած է, որ Իրանի հետ զինադադարը Ուաշինկթընի ժամանակացոյցով չորեքշաբթի գիշեր կ՛աւարտի:

Աղբիւրը `Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/04/2026, 08:07