Որոնել

2026.04.06 Messa Pasquale nella chiesa armena cattolica di Baghdad

Զատկական տօնակատարութիւնը Պաղտատի Հայ Կաթողիկէ Թեմէն ներս

Քրիստոս ճշմարիտ կեանքը վերահաստատելու համար Իր արիւնը թափեց. ինչպէս հայ եկեղեցւոյ շարականը կ’ըսէ. «Իր մահով մահուան յաղթեց եւ յաւիտենական կեանքը պարգեւեց մարդուն»: Քրիստոս աշխարհի կեանքը վերանորոգեց եւ ինքը դարձաւ ճշմարիտ կեանքի տանող ճամբան: Քրիստոսի յարութիւնը հրաւէր մըն է մեզի քալելու Իր յարութեամբ կնքուած վերանորոգ կեանքի ճամբէն:
Ունկնդրէ լուրը

Քրիստոսի չարչարանաց «Աւագ Շաբաթ»ը անցաւ, որ իրականութեան մէջ թէ՛ սարսափ և թէ՛ ուրախութիւն կ՛ազդէ իւրաքանչիւր հաւատացեալի վրայ: Պէտք է խոստովանինք, որ Քրիստոսի հետ հաղորդութեան ամէնէն գեղեցիկ շաբաթն է, որովհետեւ մեզի համար անգամ մը եւս Ինք՝ Քրիստոս, կը դառնայ կեանքի ու մահուան նոր ծաղիկը: Յիսուս իր բովանդակ կեանքը ապրեցաւ, հասնելու համար այս շաբթուան: Աւագ Հինգշաբթին անմիջապէս մեզի կը յուշէ Յիսուսի վերջին ընթրիքը իր աշակերտներուն հետ, որ Փրկչի կեանքին վերջին ընթրիքը պիտի դառնար, սակայն յաւերժացաւ սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդով: Աւագ Հինգշաբթին իր գագաթանակէտին կը հասնի «Ոտնլուայ»ի արարողութեամբ։ Խոնարհութեան ի՜նչ հոյակա՜պ արարք։

Նոյն օրուան կ'առնչուի նաեւ «Խաւարում»-ը։ Քանզի, գիշերը, եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուի կարգ Չարչարանացն Քրիստոսի (Խաւարման Գիշեր), որ հաւանաբար մեր եկեղեցւոյ ամէնէն երկարաշունչ ժամերգութիւնն է։ Արդարեւ, խաւարում կը նշանակէ կատարեալ մթութիւն։ Աւագ Ուրբաթ օրը Քրիստոսի խաչելութեան և թաղման նուիրուած է: Երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին, դպիրները մարգարէական ընթերցուածներ կը կարդան, որոնք կը խօսին Մեսիայի աշխարհ գալուստի ու Աստուծոյ փրկութեան ծրագրի մասին։ Հոն կ'երգուի «Ո՞ւր ես, մայր իմ» հոգեշունչ շարականը: Արդարեւ, հոգեթով շարականներու ստեղծած մթնոլորտին շնորհիւ, մենք դարձեալ Քրիստոսի խաչելութեան ներկայ կը գտնուինք եւ զայն կ՛ապրինք:

Աւագ Շաբաթ, 4 Ապրիլ 2026-ի երեկոյեան ժամը 6։00-ին, Մայր Տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Պաղտատի Հ. Կ. Թեմի Առաջնորդ՝ Արհի. Հ. Ներսէս Արք. Զապարեանի, սկիզբ առաւ Սուրբ Յարութեան տօնի Ճրագալոյցի եկեղեցական արարողութիւնը։ Մարգարէական ընթերցուածներէն ետք, Գեր. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեան մատուցեց Ճրագալոյցի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը։ Ապա սուրբ Խորանէն իջեցուց Քրիստոսի լոյսը խորհրդանշող մոմը, որ իր կարգին, բաշխեց հաւատացեալներուն՝ «Լուսաւորեա՛ Երուսաղէմ» և «Այսօր յարեաւ Փեսայն անմահ» շարականներու երգակցութեամբ։ Ճրագալոյցը մեզ կը յիշեցնէ Յիսուս Քրիստոսի յարութիւնը և մահէն դէպի կեանք անցումը։ Իսկ ըստ հայկական ծէսին, Աւագ շաբաթ օրը կը յիշատակուի դժոխքի աւերումը:  

Կիրակի, 5 Ապրիլ 2026-ի առաւօտուն ժամը 11:00-ին, Պաղտատի Նարեկի Ս. Աստուածածին Մայր տաճարի զանգերու ղօղանջները աւետեցին Ս. Յարութեան տօնը: Սուրբ Զատկուայ արարողութիւնը գլխաւորեց Պաղտատի Հ. Կ. Թեմի Առաջնորդ՝ Արհի. Հ. Ներսէս Արք. Զապարեանը, առընթերակայութեամբ՝ Գեր. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանին և դպրաց դասուն: Պատարագի արարողութեան ներկայ էին մեծ թիւով հաւատացեալներ: Սուրբ եւ անմահ Պատարագի աղօթքները և քառաձայն երգեցողութիւնը հոգեպարար մթնոլորտ մը ստեղծեցին եւ յատուկ հմայք հաղորդեցին Ս. Յարութեան տօնին:

Հնչեցին Շնորհալիի «Նոր ծաղիկ» տաղը, «Քրիստոս յարեաւ և «Գովեա Երուսաղէմ զՏէր» շարականները: Քարոզի պահուն, Գերապայծառ տէրը իր պատգամը տուաւ, մեկնելով Քրիստոսի այն վկայութենէն, թէ` «Ես եկայ, որպէսզի մարդիկ ճշմարիտ կեանք ունենան»: Քրիստոս ճշմարիտ կեանքը վերահաստատելու համար Իր արիւնը թափեց. ինչպէս հայ եկեղեցւոյ շարականը կ’ըսէ. «Իր մահով մահուան յաղթեց եւ յաւիտենական կեանքը պարգեւեց մարդուն»: Քրիստոս աշխարհի կեանքը վերանորոգեց եւ ինքը դարձաւ ճշմարիտ կեանքի տանող ճամբան: Քրիստոսի յարութիւնը հրաւէր մըն է մեզի քալելու Իր յարութեամբ կնքուած վերանորոգ կեանքի ճամբէն:

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, պատարագիչ Գերպայծառը հոծ բազմութիւնը օրհնեց եւ տուաւ մեր Տիրոջ ու Փրկչին յարութեան աւետիսը՝ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, օրհնեալ է յարութիւնը Քրիստոսի» եւ զատկական բարեմաղթութիւնները փոխանցեց: Հուսկ, եկեղեցական թափօրը և ժողովուրդը ուղղուեցան Առաջնորդարանի դահլիճը, ուր տեղի ունեցաւ Սուրբ Յարութեան տօնի տնօրհնէքի արարողութիւնը և յաւուր պատշաճի հիւրասիրութիւն եւ հաւկթախաղ, ինչպէս նաեւ շնորհաւորութիւններու ընդունելութիւն, տօնական ջերմ մթնոլորտի մէջ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/04/2026, 09:54