Որոնել

Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ տեւ հանդիսաւոր արարողութիւն՝ նուիրուած նահատակ Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի յիշատակին Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ տեւ հանդիսաւոր արարողութիւն՝ նուիրուած նահատակ Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի յիշատակին 

Մեսրոպեան վարժարանը՝ հաւատքի, յիշողութեան եւ արժէքներու վերահաստատման կեդրոն

2026 թուականի Ապրիլ 27-ին, Պէյրութի Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն՝ նուիրուած Մեծ Եղեռնի նահատակ Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի յիշատակին, որուն ընթացքին օրհնուեցան սուրբին պատկերները եւ բացումը կատարուեցաւ անոր վեհաշուք խճանկարին։ Այս նախաձեռնութիւնը նպատակ ունէր վերանորոգելու աշակերտութեան ուխտը՝ հաւատարիմ մնալու սուրբի պատգամած քրիստոնէական հաւատքին ու ազգային արժէքներուն։
Ունկնդրէ լուրը

27 Ապրիլ 2026-ին, Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեպարար եւ խորհրդալի արարողութիւն մը՝ նուիրուած Մեծ Եղեռնի  նահատակ, համայն Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանին։

Բարեպաշտական ջերմ մթնոլորտի մէջ, վարժարանի կրթական ընտանիքը, տնօրէն պրն․ Կրէկուար Գալուստի գլխաւորութեամբ, համախմբուեցաւ յարգելու սուրբին յիշատակը եւ վերանորոգելու ուխտը՝ կառչած մնալու հաւատարմութեան եւ զոհողութեան անոր օրինակին։

Հանդիսաւոր արարողութիւնը նախագահեց Զմմառու վանքի մեծաւոր Հայր Մաշտոց ծայրագոյն վարդապետ Զահթէրեան, ընկերակցութեամբ վարժարանի հոգեւոր տեսուչ Հայր Սահակ վարդապետ Քէշիշեանի եւ Զմմառեան միաբանութեան անդամ հայրերու։ Յատուկ աղօթքներով եւ հոգեւոր երգերով օրհնուեցան Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի պատկերները, որոնք Հայր Սահակի գեղեցիկ մտայղացմամբ պիտի զարդարեն վարժարանի բոլոր դասարանները՝ դառնալով ներշնչման աղբիւր աշակերտութեան համար։

Այս առիթով յղած իր պատգամին մէջ, Գերապայծառ Զահթէրեան յորդորեց աշակերտները միշտ ի մտի ունենալ երկու կարեւոր արժէքներ, որոնց սիրոյն Սուրբ Իգնատիոս չվարանեցաւ զոհել իր կեանքը․ ազգային եւ հոգեւոր ինքնութիւն եւ արժանապատւութիւն։ Օրուան խորհուրդը պսակուեցաւ վարժարանի տեսչական յարկին վրայ սուրբին վեհաշուք խճանկարի հանդիսաւոր բացումով։

Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեան (1869-1915), Մարտինի հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդը, Մեծ Եղեռնի օրերուն դարձաւ հաւատքի եւ անձնազոհութեան անմահ խորհրդանիշ մը։ Մերժելով դաւանափոխութեան ամէն առաջարկ՝ ան նախընտրեց նահատակութիւնը՝ իր հօտին հետ միասին։ Իր անսասան հաւատքին եւ սրբակեաց կեանքին համար, 2001 թուականին Յովհաննէս Պօղոս Բ․ Պապին կողմէ ան դասուեցաւ Եկեղեցւոյ Երանելիներու շարքին, իսկ 2025 թուականին՝ պաշտօնապէս սրբադասուեցաւ Տիեզերական եկեղեցւոյ կողմէ։

Այս նախաձեռնութիւնը նոր ուժ մը կու տայ Մեսրոպեան վարժարանի առաքելութեան՝ հայ աշակերտի հոգիին մէջ վառ պահելու քրիստոնէական հաւատքն ու ազգային արժէքները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/04/2026, 09:27