Լրագրող Ամալ Խալիլ Լրագրող Ամալ Խալիլ  

Լրագրող Ամալ Խալիլ զոհ գնաց Իսրայէլեան օդային ուղղակի յարձակումի

Իսրայէլեան օդուժի թիրախաւորուած յարձակումին պատճառով Հարաւային Լիբանանի մէջ զոհուած է «Ախպար» օրաթերթի լրագրող Ամալ Խալիլը, իսկ անոր ընկերակցող լուսանկարիչը վիրաւորուած է։ Լիբանանի նախագահն ու վարչապետը խստօրէն դատապարտած են պատահարը՝ զայն որակելով պատերազմական ոճիր եւ մամուլի լռեցման փորձ։

Լիբանանցի լրագրող Ամալ Խալիլ չորեքշաբթի օր զոհուեցաւ, երբ իսրայէլեան օդուժը թիրախաւորուած կերպով յարձակում գործեց Հարաւային Լիբանանի Թիրի գիւղին մէջ տան մը վրայ։ Ան լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթի Հարաւային Լիբանանի լրագրողն էր։

Օրաթերթը հաղորդեց, որ իսրայէլեան օդանաւ մը Խալիլը հետապնդած է, եւ անոր դէմ երկու յարձակում գործած, առաջին յարձակումով հարուածած է ինքնաշարժը, իսկ երկրորդ յարձակումին՝ այն տունը, ուր ապաստանած էր։ Դէպքին պատճառով վիրաւորուեցաւ անկախ լուսանկարիչ Զէյնապ Ֆարաժը, որ Ամալ Խալիլի հետ էր։

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն իր կարգին յայտարարեց․ «Իսրայէլի կողմէ լրագրողները ուղղակի կերպով թիրախաւորելու նպատակը Լիբանանի դէմ իր թշնամական արարքներուն իրականութիւնը թաքցնելն է»։

Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամ «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնեց․ «Լրագրողներու թիրախաւորումն ու անոնց շտապ օգնութեան ցուցաբերումը խոչընդոտելը, աւելի՛ն․ փրկարար խումբերուն հասնելէն ետք անոնց վայրը անգամ մը եւս հարուածելը, բացայայտ պատերազմական ոճիր են»։

«Լիբանան ճիգ պիտի չխնայէ այս ոճիրները միջազգային առնչակից հարթակներու վրայ հետապնդելու», շեշտեց վարչապետը։

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/04/2026, 08:29