Երուսաղէմի մէջ հրապարակ մը՝ ցեղասպանութենէն ճողոպրած լուսանկարիչ Էլիա Քահվէճեանի անունով Երուսաղէմի մէջ հրապարակ մը՝ ցեղասպանութենէն ճողոպրած լուսանկարիչ Էլիա Քահվէճեանի անունով 

Երուսաղէմի մէջ հրապարակ մը լուսանկարիչ Էլիա Քահվէճեանի անունով

Երուսաղէմի քաղաքապետութիւնը հրապարակ մը անուանակոչեց ի պատիւ Հայոց Կոտորածէն վերապրած անուանի լուսանկարիչ Էլիա Քահվէճեանի, որ որբանոցներէն անցնելով՝ Երուսաղէմի մէջ ստեղծեց միջազգային հռչակ վայելող լուսանկարչական մեծ ժառանգութիւն մը: Այս յարգանքի տուրքը կը կատարուի այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ Իսրայէլի պետութիւնը տակաւին կը մերժէ պաշտօնապէս ճանչնալ 1.5 միլիոն հայերու, ներառեալ Քահվէճեանի ընտանիքի բազմաթիւ անդամներու բնաջնջումը:

 

Երուսաղէմի քաղաքապետութիւնը անցեալ տարի հրապարակ մը անուանեց Հայոց Կոտորածէն ճողոպրած, լուսանկարիչ Էլիա Քահվէճեանի անունով:

Ուրֆա ծնած՝ հայ ընտանիքի մը ծոցին մէջ, Էլիա տակաւին հինգ տարեկան էր 1915ին, երբ ականատես եղաւ Ուրֆայի հայ բնակիչներուն ապստամբութեան՝ ընդդէմ թրքական բանակին, որ ծայր առած էր Օսմանեան կայսրութեան տարածքին հայ ժողովուրդը թիրախաւորող կոտորածներու մասին ստացուած տեղեկութիւններուն իբրեւ հակազդեցութիւն:

Երբ ապստամբութիւնը ճնշուեցաւ, փոքրիկ Էլիայի հայրը եւ եղբայրներէն մէկը սպաննուեցան, իսկ Ուրֆայի մնացեալ հայ բնակչութիւնը՝ ներառեալ կիները, երեխաները եւ ծերերը՝ հարկադրուեցան մահուան երթով քալելու դէպի սուրիական Տէր Զօր անապատը։

Մեռնելէն առաջ, մայրը զինք փրկեց՝ վստահելով քիւրտ օտարականի մը, որ ի վերջոյ զայն վաճառեց դարբինի մը՝ երկու ոսկիով: Այնուհետեւ, Էլիա յայտնուեցաւ փողոցները, ուր ուտելիք եւ ապաստան կ՛աղաչէր, մինչեւ որ 10 տարեկանին յայտնաբերուեցաւ, մօտաւորապէս 10,000 այլ երեխաներու հետ միասին, Մերձաւոր Արեւելքի մարդասիրական օգնութեան կազմակերպութեան մը կողմէ եւ ուղարկուեցաւ որբանոցներ՝ Հալէպ, Նազարէթ եւ հուսկ՝ Երուսաղէմ, ուր պիտի սկսէր նոր կեանք մը, եւ ամբողջ կեանքի ճանապարհորդութիւն մը լուսանկարչութեան մէջ՝ ողողուած յաջողութիւններով ու միջազգային ճանաչումով:

Էլիայի ընտանիքէն աւելի քան 100 անդամ՝ եղբայրներ ու քոյրեր, մօրեղբայրներ, հօրեղբայրներ, զարմիկներ ու ծնողներ՝ զոհուեցան 1915ի Հայոց Մեծ Եղեռնի ժամանակ, երբ 1.5 միլիոն հայերու կեանքը խլուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան դահիճներու ձեռամբ:

Այսօր, անոր ժառանգութիւնը պահպանուած է թոռան՝ Էլի Քահվէճեանի կողմէ, «Էլիա Ֆոթօ Սըրվիս» լուսանկարչական պատկերասրահին մէջ, որ կը գտնուի Երուսաղէմի Հին քաղաքին մէջ:

Մինչդեռ, հակառակ երկար սպասուած յարգանքի տուրքին, Իսրայէլ տակաւին կը մերժէ պաշտօնապէս ճանչնալ 1915-ի Մեծ Եղեռնը։

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/04/2026, 09:24