Եօթը հայ պատանդներու ընտանիքներն ու փաստաբանները դիմած են ՄԱԿ-ին
Ատրպէյճանի մէջ բանտարկուած եօթը հայ պատանդներու՝ Դաւիթ Բաբայեանի, Մադաթ Բաբայեանի, Լեւոն Բալայեանի, Վասիլի Բէգլարեանի, Էրիկ Ղազարեանի, Դաւիթ Իշխանեանի եւ Լեւոն Մնացականեանի ընտանիքները ներկայացնող միջազգային փաստաբանները պաշտօնական դիմում կատարած են ՄԱԿի Կամայական ազատազրկման հարցերով աշխատանքային խումբին` պահանջելով անոնց անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակումը: 24 Ապրիլ 2026ին՝ Մեծ Եղեռնի նահատակներու յիշատակի օրը ներկայացուած դիմումը կը պահանջէ չեղեալ յայտարարել այդ անձերուն նկատմամբ կայացուած դատավճիռները` պնդելով, որ անոնք միջազգային իրաւունքի կոպտագոյն խախտումներու հետեւանք են եւ ունին կամայական բնոյթ:
Թէեւ դիմումի այս փուլին համար ընտրուած են 19 պատանդներէն եօթը, սակայն բոլոր հայ գերիները կը համապատասխանեն կամայական ազատազրկման չափանիշերուն եւ աշխատանքային խումբի եզրակացութիւնը վերաբերելի պիտի ըլլայ բոլոր պատանդներուն համար:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ