Տասը տարուան ընթացքին աշխարհի սովը կրկնապատկուած է
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Վերջին տասը տարիներուն ընթացքին, աշխարհի տարածքին սովը վերածուած է կառուցուածքային ճգնաժամի: Ըստ «Global Network Against Food Crises»-ի 2026 թուականի զեկոյցին, 47 երկիրներու մէջ 266 միլիոն անհատ կը տառապի սննդային սուր անապահովութենէ։ Այս երեւոյթը կրկնապատկուած է անցեալի համեմատութեամբ՝ վատթարանալով հակամարտութիւններու, կլիմայական փոփոխութիւններու եւ մարդասիրական ֆինանսաւորման անկման պատճառով, որոնք վերադարձած են 2016-ի մակարդակին։
2025 թուականը կը նշէ յուսահատական տուեալ մը. պաշտօնապէս յայտարարուած երկու սով՝ Կազայի եւ Սուտանի մէջ, յառաջացած պատերազմներու, տեղահանութիւններու եւ օգնութեան սահմանափակումներու հետեւանքով։ Pատերազմները կը մնան համաշխարհային սովի գլխաւոր պատճառը, ինչպէս ընդգծած է Անթոնիօ Կութիերեսը,
Ճգնաժամը կեդրոնացած է յատկապէս քանի մը երկիրներու մէջ, որոնց կարգին են Աֆղանիստանը, Եմէնը եւ Միանմարը, մինչդեռ աւելի քան 85 միլիոն մարդ տեղահանուած է եւ դարձած՝ աւելի խոցելի։ Յատկապէս ծանր հարուած ստացած են մանուկները. 35,5 միլիոն երեխայ կը տառապի սուր թերսնուցումէ։
Իրավիճակը աւելի անորոշ կը դառնայ բազմաթիւ օրհասական շրջաններու մէջ թարմ տուեալներու բացակայութեան պատճառով, ինչ որ մարդասիրական համակարգի դժուարութիւններուն նշանն է։ Այս արտակարգ իրավիճակը դիմագրաւելու համար, միջազգային կազմակերպութիւնները կը պահանջեն ռազմավարութեան փոփոխութիւն՝ ոչ միայն անմիջական օգնութիւն, այլեւ երկարաժամկէտ ներդրումներ եւ մարդասիրական իրաւունքի յարգում, որպէսզի սնունդը չօգտագործուի իբրեւ պատերազմական զէնք։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ