Որոնել

2026.04.25 Commemorazione del Medz Yeghern a Baghdad

Ապրիլեան Նահատակաց Յիշատակումի օր Պաղտատի մէջ

Ուրբաթ 24 Ապրիլ 2026-ին, Մեծ Եղեռնի 111 - ամեակի ոգեկոչման առիթով, Ապրիլեան Նահատակաց յիշատակը յաւերժացնող հսկումներ, քայլարշաւներ, ջահերով երթ, եկեղեցական արարողութիւններ և հրապարարական հանդիսութիւններ տեղի ունեցան Մայր Հայաստանի և աշխարհասփիւռ հայկական գաղութներէն ներս, ինչպէս նաեւ Պաղտատի Նարեկի Ս. Աստուածածին Մայր Տաճարին մէջ: Երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին՝ բարձրագոյն յօրինուածքով գմբեթաւորեալ եկեղեցւոյ զանգերը ղօղանջեցին, սկիզբ տալով սուրբ և անմահ Պատարագին, զոր մատուցեց Պաղտատի Հ. Կ. Թեմի Առաջնորդ՝ Գերպծ. Հ. Ներսէս Արք. Զապարեանը,  առընթերակայութեամբ՝ Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի:

Հոգեպարար արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Իրագի մօտ Հայաստանի դեսպան՝ Տիար Ռուբէն Սողոյեանը, վարդապետներ, մայրապետներ, սարկաւագներ, դպիրներ եւ մեծ թիւով հաւատացեալներ: Շարականներու և սաղմոսներու երգեցողութենէն, աղօթքներու ընթերցումէն յետոյ, Գերապայծառ Տէրը, օրուան խորհուրդին անդրադառնալով, ըսաւ թէ Աստուածաշունչին ընդմէջէն Քրիստոս մեզ արթնութեան կը հրաւիրէ, որպէսզի չզարմանանք, երբ աշխարհը մեզ հալածէ, չարչարէ եւ ճշմարտութիւնը ծածկէ, որովհետեւ նոյնը ըրաւ մեր Տիրոջ նկատմամբ։

Գերապայծառ Տէրը հրաւիրեց ժողովուրդը, 111 տարիներ անցնելով հանդերձ, շարունակելու պայքարը և միասնաբար ջանք թափել, հաւատքով եւ յոյսով աշխատանք տանիլ եւ Աստուծոյ առաջնորդութիւնը խնդրել:

Եզրափակելով՝ հրաւիրեց ժողովուրդը, Մեծ Եղեռնի սուրբ նահատակներուն բարեխօսութեամբ՝ միասնաբար աւելի զօրացած եւ կազմակերպուած շարունակելու մեր պահանջատիրական երթը եւ մաղթեց, որ Ամենակալ Տէրը օրհնէ եւ իր առատ ողորմութիւնը հեղու ողջ հայութեան վրայ, ի Հայաստան եւ Սփիւռք։

Պատարագի աւարտին՝ եկեղեցական դասուն եւ ժողովուրդին թափօրը, գլխաւորութեամբ Գերապայծառ Հօր՝ ուղղուեցաւ դէպի Առաջնորդարանի Մեծ Եղեռնի նուիրուած կոփածոյ որմաքարով Խաչքարի յուշակոթողը, «Այսօր յարեաւ» շարականի երգակցութեամբ: Այնտեղ, խունկ և աղօթք բարձրացան առ Աստուած և կատարուեցաւ սուրբերու յիշատակի արարողութիւն: Մինչ Գերապայծառը կը խնկարկէր՝ մանուկները և ներկայ ժողովուրդը յիշելով անցեալը՝ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Մեծ եղեռնին զոհ դարձած մեր 1,5 միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակին, յուշակոթողին շուրջ ծաղկեփունջեր, վարդեր և վառած մոմեր զետեղելով:

Այնուհետեւ, երգչախումբը «Մեր հայրենիք» հիմներգը, Մալոյեանի «Բազմաչարչար նահատակ» տաղը և «Տէր կեցո դու զհայս»ը երգեցին: Այնուհետեւ, Անթօնի Աւետիսեանը Սիամանթօյի «Կոտորած» ոտանաւորը արտասանեց, Ռաուլ Սապահը ընթերցեց «Նահատկներու կտակ»ը, Մեսիա Աւետիսեանը՝ «Ապրիլ 24» խորագրով քերթուածը: Յաջորդաբար, Եկեղեցւոյ դպրաց դասի կողմէ հնչեցին «Կիլիկիա», «Սարդարապատ» երգերը միաշունչ և միահամուռ: Աւարտին՝ հոգեւորական դասը, հիւրերն ու հաւատացեալ ժողովուրդը ուղղուեցան Առաջնորդարանի դահլիճը, ուր յաւուր պատշաճի հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ, օրուան խորհուրդով տոգորուած:  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/04/2026, 11:39