Որոնել

TOPSHOT-LEBANON-ISRAEL-IRAN-US-WAR

Իսրայէլի եւ Լիբանանի ներկայացուցիչներուն հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Ուաշինկթընի մէջ

ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիւթերեշ զգուշացուց, որ Լիբանանի վրայ շարունակուող իսրայէլեան յարձակումները Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ գոյացած զինադադարի համաձայնութեան «մեծ վտանգ» կը ներկայացնեն:

Մինչ Իսրայէլ Ուրբաթ օր եւս շարունակեց Լիբանանի վրայ իր յարձակումները, Չորեքշաբթիէն ի վեր աւելի քան 300 լիբանանցիներ սպաննելով, Axios-ի լրագրող Պարաք Ռաւիտ՝ յղում կատարելով իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը, տեղեկացուց, թէ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ զինադուլի բանակցութիւնները պիտի սկսին յառաջիկայ շաբաթ։

«Առաջին հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Ուաշինկթընի արտաքին նախարարութեան շէնքին մէջ։ Ամերիկեան կողմը պիտի գլխաւորէ Լիբանանի մօտ դեսպան Միշէլ Իսա, Իսրայէլը պիտի ներկայացնէ Ամերիկայի մօտ Իսրայէլի դեսպան Եխիէլ Լէյթերը, իսկ Լիբանանը պիտի ներկայացնէ Ամերիկայի մօտ Լիբանանի դեսպան Նատա Համատէ Մուաուատը», գրած է Ռաւիտ։

Աւելի կանուխ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարած էր, որ Իսրայէլի կառավարութեան յանձնարարած է կարելի եղածին չափ շուտ բանակցութիւններ սկսիլ Լիբանանի հետ, «նկատի առնելով Իսրայէլի հետ ուղիղ բանակցութիւններ սկսելու Լիբանանի բազմիցս կատարած կոչերը»։ Ըստ անոր՝ բանակցութիւնները պիտի կեդրոնանան «Հըզպալլա»ի զինաթափման եւ Իսրայէլի ու Լիբանանի միջեւ խաղաղ յարաբերութիւններու հաստատելու ջանքերուն վրայ։

«Իսրայէլ կը գնահատէ Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամի` Պէյրութը զէնքէ զուրկ դարձնելու կոչը», նշեց Նեթանիահու:

Վարչապետ Սալամ հեռաձայնեց Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շարիֆի եւ բարձր գնահատեց զինադադար հաստատելու անոր ջանքերը:

Սալամ Փաքիստանի վարչապետէն խնդրեց հաստատել, որ զինադադարը պէտք է Լիբանանը ներառէ` արգիլելու համար Չորեքշաբթի օր տեղի ունեցած իսրայէլեան ծանր յարձակումներուն կրկնութիւնը:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարեց. «Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աունի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ խօսեցայ, եւ Ֆրանսայի ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեցի ընդդէմ Իսրայէլի Լիբանանի մէջ գործած անկանոն յարձակումներուն, որոնք շատ մեծաթիւ քաղաքային զոհեր պատճառեցին: Մենք բուռն կերպով կը դատապարտենք այս հարուածները: Այդ յարձակումները ուղղակի սպառնալիք կը ներկայացնեն ամբողջ լիբանանեան հողերը ընդգրկելիք զինադադարի կայունութեան»:

ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիւթերեշ զգուշացուց, որ Լիբանանի վրայ շարունակուող իսրայէլեան յարձակումները Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ գոյացած զինադադարի համաձայնութեան «մեծ վտանգ» կը ներկայացնեն:

Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բուռն կերպով դատապարտեց Լիբանանի վրայ շարունակուող իսրայէլեան յարձակումները եւ իսրայէլեան խախտումները դադրեցնելու համար միջազգային շտապ քայլ մը առնելու կոչ ուղղեց:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Իւեթ Քուփըր շեշտեց. «Լիբանանը պէտք է ներառել (Միացեալ Նահանգներ-Իրան) զինադադարի համաձայնութեան մէջ»: Ան նաեւ նշեց, որ Հորմուզի նեղուցէն անցքը պէտք է անվճար մնայ:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաօ Նինկ շեշտեց. «Պէտք չէ Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու ապահովութիւնը ոտնահարել: Պէտք է երաշխաւորել քաղաքայիններու կեանքերուն եւ սեփականութիւններուն ապահովութիւնը»:

Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարար Խօսէ Մանուէլ Ալպարես շեշտեց. «Իսրայէլ Լիբանանի վրայ օդային յարձակումներ շղթայազերծելով խախտեց զինադադարը եւ միջազգային օրէնքը»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտնեց, որ Իրանի պատուիրակութիւնը Իսլամապատ պիտի մեկնի, սակայն բանակցութիւններուն պիտի մասնակցի միայն այն պարագային, երբ Իսրայէլ Լիբանանի վրայ իր բոլոր յարձակումները դադրեցնէ:

Պաղայի շեշտեց. «Շրջանին մէջ որեւէ խաղաղութիւն պէտք է Լիբանանը ներառէ», աւելցնելով․ «Իրան հակադարձելու եզրին էր, սակայն ետ կանգնեցաւ դիւանագիտութեան յաւելեալ առիթ ընծայելու համար»:

Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքեան եւս նշեց, որ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումներու շարունակութիւնը բանակցութիւնները անիմաստ պիտի դարձնէ:

«Լիբանանի վրայ իրերայաջորդ սիոնական յարձակումները զինադադարի նախնական համաձայնութեան բացայայտ խախտում են եւ խաբէութեան ու հաւանական համաձայնութիւններու յանձնառու չըլլալու վտանգաւոր ցուցանիշ են», նշեց ան:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/04/2026, 08:47