Պաքու կը հաստատէ, որ քանդած է Ստեփանակերտի Մայր Տաճարն ու Ս. Յակոբ եկեղեցին
Պաքուն հաստատած է, որ Ստեփանակերտի մէջ քանդուած են Մայր տաճարը եւ Սուրբ Յակոբ եկեղեցին՝ զանոնք կոչելով «ապօրինի կառոյցներ» եւ հերքելով, թէ այս քայլը մշակութային կամ կրօնական ժառանգութեան ոչնչացում է։
Արբանեակային պատկերները կը ցուցադրեն, որ եկեղեցիներու տեղերը ամբողջովին հարթեցուած են։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը եւ այլ կազմակերպութիւններ դատապարտած են այս քայլը՝ զայն գնահատելով որպէս հայկական մշակութային ժառանգութեան նպատակային ոչնչացում։ Պաքուն իր հերթին կը պնդէ, թէ կառոյցները «բռնագրաւման խորհրդանիշներ» էին եւ քանդումը կը ներկայացնէ իբրեւ «օրինականութեան վերականգնում»։
Թեմական ներկայացուցիչ Լեռնիկ Յովհաննիսեանը կը հերքէ այս պնդումները՝ շեշտելով, որ այդ տարածքը պատմականօրէն հայաբնակ եղած է, եւ եկեղեցիները կը պատկանին բնիկ բնակչութեան մշակոյթին, ոչ թէ «բռնագրաւողներուն»։
Միեւնոյն ժամանակ կը բարձրացուին հարցեր այլ հայկական յուշարձաններու, ներառեալ Շուշիի պատմական եկեղեցիներու ոչնչացման մասին։ Նաեւ մտահոգութիւն կայ, որ վտանգուած է «Տատիկ-պապիկ» յուշարձանը։
Հայաստանի իշխանութիւնները յայտարարած են, որ այս հարցով միջազգային ատեաններու չեն դիմեր, ինչ որ քննադատութեան արժանացած է։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ