Որոնել

Եւրոպական Միութեան Հայաստանի մէջ առաքելութիւն Եւրոպական Միութեան Հայաստանի մէջ առաքելութիւն   (ANSA)

Խառնածին սպառնալիքներու դէմ պայքարին Հայաստանին օժանդակող Եւրոմիութեան նոր առաքելութիւնը հաստատուեցաւ

Եւրոպական Միութիւնը որոշում կայացուցած է Հայաստանի մէջ հիմնել նոր քաղաքացիական առաքելութիւն (EUPM Armenia), որուն նպատակն է երկու տարուան ընթացքին աջակցիլ Երեւանին՝ պայքարելու խառնածին սպառնալիքներու, ապատեղեկատուութեան եւ համացանցային յարձակումներու դէմ: Հայաստանի իշխանութիւններու խնդրանքով ստեղծուած այս նախաձեռնութիւնը կը համարուի ռազմավարական գործընկերութեան կարեւոր քայլ՝ ուղղուած երկրի ժողովրդավարական դիմակայունութեան ամրապնդման։

Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարները 21 Ապրիլին կանաչ լոյս տուին Հայաստանի մէջ նոր քաղաքացիական առաքելութեան մեկնարկին, որ պիտի օգնէ Երեւանին պայքարելու խառնածին սպառնալիքներուն դէմ:

Անիկա Հայաստան պիտի գործուղուի նախորդ տարուան Դեկտեմբերին Հայաստանի կողմէ Եւրոպական Միութեան կատարուած խնդրանքով: Պրիւքսէլի եւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած քննարկումներէն ետք, դաշինքին դեսպանները նախորդ շաբաթ միաձայնութեամբ թեր քուէարկեցին առաքելութիւնը ստեղծելու առաջարկին:

Նոր առաքելութիւնը պիտի ունենայ 20-30 ներկայացուցիչներ, որոնք հիմնականօրէն պիտի աշխատին Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ սերտ համագործակցութեամբ՝ մայրաքաղաքին մէջ:

Հայաստան ողջունեց Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան նոր քաղաքացիական առաքելութիւն տեղակայելու վերաբերող Եւրոպական արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդի որոշումը:

Նախարարութիւնը կը շեշտէ, որ ասիկա նպատակ ունի աջակցիլ Հայաստանի ժողովրդավարական դիմակայունութեան ամրապնդման, «խառնածին սպառնալիքներու հասցէագրման», որոնց կարգին՝ ապատեղեկատուութեան, համացանցային յարձակումներու եւ ապօրինի ֆինանսական հոսքերու դէմ պայքարի ուղղութեամբ ջանքերուն:

Առաքելութիւնը պիտի տեղեկայուի նախնական երկու տարի ժամկէտով:

«Քաղաքացիական առաքելութեան տեղակայման վերաբերեալ որոշումը, որը կայացուել է ՀՀ դիմումի հիման վրայ, Մայիսի 5ին կայանալիք Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն առաջին գագաթնաժողովին ընդառաջ, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան ռազմավարական օրակարգից բխող հերթական համատեղ նախաձեռնութիւններից է», ընդգծեց նախարարութիւնը:

Առաքելութիւնը պիտի սկսի գործել յառաջիկայ ամիսներուն, պիտի ունենայ երկու տարուան լիազօրութիւն եւ պիտի կոչուի «Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Եւրոպական Միութեան գործընկերութեան առաքելութիւն» (EUPM Armenia):

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/04/2026, 09:24