Նաթանիահուն եւ Աունը Նաթանիահուն եւ Աունը  

Նաթանիահուն եւ Աունը պիտի այցելեն Սպիտակ տուն «առաջիկայ շաբաթներուն». Թրամփ

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Իսրայէլ եւ Լիբանան համաձայնած են երեք շաբաթով երկարաձգել հրադադարը, որուն ընթացքին երկու երկիրներու ղեկավարները հաւանաբար պիտի այցելեն Ուաշինկթըն։ Այս հաւանական հանդիպումը կը նկատուի պատմական քայլ մը, որ կրնայ վերջնական ու կայուն խաղաղութեան առաջնորդել տասնամեակներ տեւած թշնամութենէ ետք։

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն եւ Լիբանանի նախագահ Ժոզէֆ Աունը կրնան ժամանել Ուաշինկթըն՝ խաղաղ բանակցութիւններու, առաջիկայ շաբաթներուն։ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ այս մասին յայտնած է՝ պատասխանելով Սպիտակ տան մէջ լրագրողներու հարցերուն։

Թրամփ հաստատած է, որ Իսրայէլն ու Լիբանանը ԱՄՆ-ի աջակցութեամբ պայմանաւորուած են երեք շաբաթով երկարաձգել հրադադարի դրութիւնը։

«Երեք շաբաթ։ Եւ Իսրայէլի ու Լիբանանի ղեկավարները, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի գան հոս այդ ժամանակահատուածին»,– յայտարարած է Թրամփը։

Անոր գնահատմամբ՝ Իսրայէլի եւ Լիբանանի ղեկավարներու յառաջիկայ շփումը խոստումնալից է, եւ կրնայ դառնալ պատմական հանդիպում։

«Անոնք երկար տարիներէ ի վեր չեն հանդիպած։ Անոնք երբեք չեն հանդիպած։ Մտածեցէ՛ք այդ մասին»,– նշած է ԱՄՆ նախագահը։

Յիշեցնենք, որ ապրիլ 16-ին Թրամփ յայտարարած էր, որ Իսրայէլն ու Լիբանանը 10 օրով հրադադարի դրութիւն կը հաստատեն։ Սպիտակ տան ղեկավարին կարծիքով՝ այս համաձայնութիւնը կրնայ յանգեցնել կայուն խաղաղութեան երկու երկիրներուն միջեւ։

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/04/2026, 07:00